ՀՅԴն Եւ ՀՀԿն Համախոհական Կառավարութիւն Կազմելու Բանակցութիւններու Մէջ Են


Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնը համախոհական կառավարութիւն կազմելու բանակցութիւններու մէջ են. այս մասին Ապրիլ 11ին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:

«Կ՛ենթադրեմ, որ այն համագործակցութիւնը, որուն մասին դուք տեղեակ էք, պէտք է շարունակուի, որովհետեւ, ի վերջոյ, անիկա անժամկէտ էր, պայմանաւորուած չէր որեւէ ձեւաչափով, այլ` խնդիրներու լուծումով, իսկ այն հարցերը, որոնք համագործակցութեան մէջ արձանագրուած են, անոնց զգալի մասը լուծուած չեն», ըսաւ  Ռուստամեան:

Ըստ Ռուստամեանի, ՀՅԴի գործն է շարունակել ամէն ինչ ընել այդ հարցերուն վերջնական լուծման հասնելու համար:

Իսկ մինչ այդ Ռուստամեան շեշտեց, որ ՀՅԴն գոհ է ընտրութիւններուն  իրենց արդիւնքներէն` հաշուի առնելով «դաժան պայքարը», եւ կը գտնէ, որ նախորդ ընտրութիւններու համեմատ աճ արձանագրուած է:

Ռուստամեան նշեց, որ բանակցութիւնները չեն ենթադրեր, որ ըլլայ  համապատասխան ՀՅԴ նախարարական պաշտօններու կամ մարզպետներու թիւի յաւելում: «Կը խօսինք նոր ստեղծուած իրավիճակին լոյսին տակ նոր որակով համագործակցութեան մասին, որովհետեւ համագործակցութեան մէկ տարուան փորձառութիւն ունինք, եւ ասիկա ալ լաւ առիթ է հասկնալու, թէ որքանո՛վ կրցած ենք այդ համագործակցութիւնը աւելի արդիւնաւէտ օգտագործել` ի շահ մեր պետութեան, եւ այդտեղ ալ ընելիքներ կան», ըսաւ ան: