ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը Կը Գուժէ Ընկերներ Մհեր Յարութիւնեանի, Գէորգ Հաճեանի եւ Քրիստափոր Արթինի Մահը


ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հաղորդագրութեամբ մը կը գուժէ դաշնակցական ընկերներ՝ ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտի հրամանատար Մհեր Յարութիւնեանի, նոյն վաշտի ազատամարտիկներ Գէորգ Հաճեանի և Քրիստափոր Արթինի մահը: Անոնք հերոսաբար նահատակուեցան Հոկտեմբեր 6-ին՝ Արցախի մէջ, ռազմավարական կարևորագոյն նշանակութեան բարձունքի մը ազատագրութեան համար մղուած ծանր մարտին մէջ՝ ջախջախիչ հակահարուած տալով թշնամիին:

«Մեր հերոս ընկերները զոհաբերեցին իրենց կեանքը՝ փառաւոր նոր էջով մը պսակելով մերօրեայ ազատագրական պայքարը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: