ՀՅԴ Նախարարներն ու Մարզպետները Հրաժարական Տուին


ՀՅԴ հանրային կապերու գրասենեակը տարած է հաղորդագորթիւն,  որով կը տեղեկացնէ ՀՅԴ նախարարներուն ու մարզպետներուն հրաժարականին մասին։ 

“Կը տեղեկացնենք, որ  ՀՀ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Դաւիթ Լոքեան, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Լեւոն Մկրտչեան, ՀՀ բնապահպանութեան նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արծուիկ Մինասեան, ինչպէս նաեւ ՀՀ Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեանն ու ՀՀ Արագածոտնի մարզպետ Աշոտ Սիմոնեան ներկայացուցած են իրենց հրաժարականի դիմումները”: