ՀՅ Դաշնակցութիւնը Ամփոփեց Իր Ընտրական Քարոզարշաւը


Մարտ 30ին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ընտրական քարոզարշաւի ամփոփիչ հանրահաւաքը:

Հաւաքի ընթացքին ելոյթ ունեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ ընտրական շտաբի ղեկավար Աղուան Վարդանեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:

«Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի կայանի լրատուական բաժինի ղեկավար Գեղամ Մանուկեան պատմական ակնարկով մը ներկայացուց Դաշնակցութեան մեծ ներդրումը՝ Արցախեան եւ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմներուն, ընդգծելով, որ պատերազմի տարիներուն 600 զոհ եղած է դաշնակցութեան շարքերէն։

Արցախի հարցին անդրադառնալով՝ Մանուկեան յայտարարեց. «Միասնական հայութիւնը մէկ պատասխան ունէր զիջողական փաստաթղթին. այսօր կոչ եմ անում բոլորի՛դ, որ նոյն ոճով հանդէս գաք՝ ընդդէմ այդ զիջողական փաստաթղթին եւ ընդդէմ ցանկացած զիջողութեան՝ Արցախի հարցի: Բոլորս միաբերան ասում ենք ո՛չ, ո՛չ, ո՛չ՝ ցանկացած նման զիջողութեան»:

Նաեւ, «Բոլորս էլ գիտենք, որ հրապարակ է իջել փողը, վարչական ռեսուրսը», յայտարարեց Գեղամ Մանուկեան եւ առաջարկեց «անգաղափար կուսակցութիւններ»ու դէմ պայքարիլ՝ Դաշնակցութեան «այո՛» ըսելով:

Հանրահաւաքին ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան, որ նշեց, թէ միայն ազատ քաղաքացին կրնայ ուժեղ, ազատ երկիր ունենալ, արժանավայել կեանքով ապրիլ: Անոր համաձայն, ներկաները հաւաքուած են` պաշտպանելու իւրաքանչիւր հայ մարդու ազատ ապրելու, ազատ ընտրութիւն կատարելու իրաւունքը, որուն նկատմամբ բռնացողները, զայն սակարկութեան առարկայ  դարձնողները հայու ինքնութեան հետ կապ չունին:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեան իր կարգին յայտարարեց, որ Ապրիլ 2ը նոր ժամանակաշրջանի մը սկիզբը պիտի ազդարարէ:

«Տարիներէ ի վեր, ՀՅԴն յամառ եւ անզիջում պայքար է մղել, որ պատմական այս շրջադարձը կատարելու հնարաւորութիւն ընձեռուի ժողովրդին, վերացուեն մեր առաջընթացը խափանող խոչընդոտներն ու արգելքները եւ ստեղծուեն միջոցներ՝ երկրի զարգացումը խթանելու համար: Մեր մասնակցութեամբ կատարուած փոփոխութիւնների որակն ու ծաւալն այնքա՛ն է, որ դրանք կարելի է պատմական ու յեղափոխական անուանել», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

Հաւաքի ընթացքին, երգերով ելոյթ ունեցան Ներսիկ եւ Արաբօ Իսպիրեանները, Գոռ Սուջեանը, Սահակ Սահակեանը, Մակիչը, Սմբուլ Երանեանը եւ այլ արուեստագէտներ: