ՀՅ Դաշնակցութիւնը Ներկայացուց Ընկերային-տնտեսական Քաղաքականութեան Հիմնադրոյթներու Սեփական Նախագիծը


«Երկիրմեդիա»․- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մշակած է ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթներու սեփական նախագիծը; Այս մասին Օգոստոս 10ին նախագիծի շնորհանդէսի ընթացքին յայտնեցին ՀՅԴ  Բիւրոյի ներկայացուցիչները:

«Մինչ այժմ գործող բոլոր իշխանութիւնները ազատական քաղաքականութեան կրողներ եղած են, եւ դրօշակ դարձած է «պետութիւնը վատ տնտեսավարող է, պետութիւնը պէտք է հեռու մնայ» խօսքը: Մենք այդ մօտեցումին դէմ ենք: Երբ ունինք շուկայի ձախողում, այդ պարագային պետութիւնը պէտք է ինքը տնտեսական գործունէութիւն իրականացնէ», նշեց գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան:

Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեանի խօսքով` այս նախագիծը չէր կրնար հակասել Դաշնակցութեան նախորդ ծրագիրներուն: «ՀՅԴ ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթները» նախագիծին նպատակը այս հարցով դաշնակցութեան տեսլականը ներկայացնելն է:

«Այն օրէնսդրական փոփոխութիւնները, որոնք յառաջիկային կը սպասուին, վկայութիւնն են անոր, որ մեր կողմէ առաջարուած մօտեցումները ճիշդ են: Ատոնք կը վերաբերին գնագոյացման արդար համակարգէն մինչեւ եկամուտներու վերաբաշխման քաղաքականութեան», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:

Նախարարներու խօսքով` իրենք որոշ հարցերու շուրջ համախոհութիւն ունին կառավարութեան միւս անդամներուն հետ, բայց իրենց գաղափարները ամբողջապէս իրականութիւն դարձնելու համար հարկաւոր է գործադիրի մէջ լիարժէք մեծամասնութիւն ունենալ:

Նախագիծը կը ներկայացուի հանրութեան դատին: Շուրջ երկու ամսուան հանրային քննարկումներէ ետք անիկա պիտի ամփոփուի, եւ պիտի ներկայացուի նաեւ նախագիծի վերջնական տեսքը: