Հոլանտ Առաջարկած Է Արցախի Ինքնորոշման Մասին Հանրաքուէ Կազմակերպել. Մուրատ Փափազեան


ՓԱՐԻԶ․- Փարիզի մէջ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի նախագահներուն հանդիպումը թարմացուց երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական եւ մշակութային կապերը, յայտնած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ֆրանսայի մէջ Հայկական կազմակերպութեանց համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեան՝ նախագահ Սերժ Սարգիսեանի Փարիզ այցելութեան լոյսին տակ։

«Ֆրանսայի հայ համայնքը լաւ կապեր ունի Հայաստանի կառավարութեան հետ, իսկ մեր ներդրումով՝ Հայաստանի հետ Ֆրանսայի կապերը աւելիո՛վ պիտի լաւանան», ըսած է ան:

Փափազեան նշած է, որ եթէ Հայաստանի մէջ ներդրումներու մարզը բարելաւուի, մեծ թիւով ֆրանսահայեր ներդրումներ պիտի ունենան այնտեղ:

Երկու երկրին նախագահները քննած են նաեւ Արցախի հակամարտութեան վերաբերող հարցեր: Փափազեան այս մասին խօսելով՝ ըսած է, որ յստակ է Ֆրանսուա Հոլանտի դիրքորոշումը, ըստ որուն՝ Մատրիտեան սկզբունքները պէտք է յարգուին:

«Ան փափաք յայտնեց, որ հասնինք Արցախի ինքնորոշման հանրաքուէին, այնուհետեւ՝ Արցախի շուրջ եղած հինգ տարածքները Ազրպէյճանին յանձնելուն, ո՛չ թէ եօթը, այլ՝ հի՛նգ: Ասիկա Հոլանտի առաջարկն է, զոր ինք ներկայացուցած է բանակցող կողմերուն, բայց թէ այդ մէկը ընդունելի՞ է… անիկա միայն Արցախի ժողովուրդը կրնայ որոշել: Այդ պատճառով ալ մենք կը պնդենք, որ Արցախի իշխանութիւնները պէ՛տք է բանակցութիւններուն մաս կազմեն», ըսած է ան:

Ան նաեւ մատնանշած է, որ Արցախի ժողովուրդը արդէն իսկ իր որոշումը տուած է, սակայն միջազգային հանրութիւնը այդ հանրաքուէն չի ճանչնար: «Հիմա, երբ կայ առաջարկ՝ հանրաքուէն միջազգայնօրէն կատարելու, այդ մէկը լա՛ւ է», աւելցուցած է ան։