Վատիկան Հռոմի Պապի Հայաստան Այցելութեան Նուիրուած Դրոշմաթուղթ Հրապարակած է


«Արմենփրես»․-Կաթոլիկ աշխարհի հոգեւոր առաջնորդ Հռոմի Ֆրանսիս Պապի 2016 թուականի այցերուն նուիրուած՝ լոյս տեսած են յատուկ դրոշմաթութեր:

Դրոշմաթուղթերու շարքին է նաեւ անոր Հայաստան կատարած պատմական այցին վերաբերեալ հրապարակուած նմուշը: Դրոշմաթուղթին վրայ պատկերուած է Ֆրանսիս պապը, իսկ անոր թիկունքին Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը:

Դրոշմաթուղթին հեղինակը Տանիէլա Լոնկօն է, որ պատկերած է Ծիծեռնակաբերդի մէջ Հռոմի պապի աղօթքի պահը:

Հռոմի Ֆրանսիս Պապը 2016 Յունիս 25ին այցելած էր Ծիծեռնակաբերդ` Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիր, ուր յարգանքի տուրք մատուցած էր Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին: Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պատուոյ այցելուներու գիրքին մէջ՝ ան գրած էր. «Այստեղ կ՝աղօթեմ` ցաւը սրտիս մէջ, որպէսզի այլեւս երբեք նման ողբերգութիւններ չկրկնուին, որպէսզի մարդկութիւնը չմոռնայ եւ գիտնայ չարութեան բարութեամբ յաղթել: Թող Աստուած պարգեւէ սիրեցեալ հայ ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհին խաղաղութիւն եւ մխիթարութիւն: Աստուած պահպանէ հայ ժողովուրդի յիշողութիւնը: Յիշողութիւնը կարելի չէ ո՛չ պղտորել, ո՛չ մոռնալ: Յիշողութիւնը խաղաղութեան եւ ապագայի աղբիւրն է»:

Պապը Հայաստան ժամանած էր 2016 Յունիս 24-26ին՝ «Այց առաջին քրիստոնէական երկիր» խորագիրով։