Հրանդ Տինքի Անունով Փողոց՝ Պոլսոյ Մէջ


“Էրմէնիհապեր”․- Պոլսոյ քաղաքապետարանի աւագանիի նիստին որոշուած է հաշուի առնել բնակչութենէն ստացած բողոքներն ու առաջարկները եւ վերանուանել քաղաքի շարք մը փողոցները:

«Ակօս» թերթի հիմնադիր խմբագրապետ Հրանդ Տինքի պատուին փողոց մը անուանակոչուած է Պոլսոյ Շիշլի շրջանին մէջ: Մեշրութիէթ թաղամասի ներկայ Սամանեոլու փողոցը այսուհետեւ պիտի կոչուի Հրանդ Տինքի փողոց:

Մէկ այլ փողոց ալ անուանակոչուած է թրքական գրականութեան նշանաւոր դէմքերէն մէկուն՝ Եաշար Քեմալի պատուին: Քիւրտ Եաշար Քեմալը մեծցած է Վանի մէջ: Անոր ջանքերով էր, որ 1950ականներուն կանխուեցաւ Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցւոյ աւերումը: