Հրանդ Տինքի Մահուան 12րդ Տարելիցի Ոգեկոչում Թորոնթոյի Մէջ


Դոկտ. Խաժակ Գուլաճեան հարցազրոյց կը վարէ ՍեւանՆշանեանի հետ։

Յարութիւն Դերձակեան


Ինչպէս նախորդ տարիներուն այս տարի եւս աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդը հայկական համայնքներէն ՝ Յունուար 19ի Շաբաթ օրը, յարգանքի տուրք մատուցեցին «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի ողբերգական մահուան 12րդ տարելիցին առիթով։  Ան նենգ մահափորձի մը ենթարկուած էր «Ակօս»ի խմբագրատան առջեւ։

Թորոնթոյի մէջ ոգեկոչման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 20 Յունուար 2019ին, Կիրակի յետմիջօրէին,  Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Պոլսահայ Մշակութային Միութեան եւ Թորոնթոյի Հայ Դատի Յանձնախումբի, մասնակցութեամբ`Թորոնթոյի մէջ գործող բոլոր միութիւններու։ Հակառակ աննպաստ օդին սրահը լեցուն էր հոծ բազմութեամբ։

Կազմակերպութեան անունով ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Կարօ Սուսանի, ան ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան հրաւիրեց ի յարգանք Հրանդ Տինքի։ Տինքի կեանքէն հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք, յայտնեց, որ «ան պարզապէս զոհուեցաւ այն պատճառով, որ հայ էր եւ կը փորձէր հայութեան ձայնը աշխարհին լսելի դառձնել։ Իր բոլոր քայլերը ուղղուած էին լաւ, արդար, ժողովրդավարական Թուրքիա մը կերտելու: Ան նաեւ հայ էր, իբրեւ հայ ժողովուրդի մէկ մասնիկը մտահոգ էր հայութեան խնդիրներով»:

Գեղարուեստական բաժնին մէջ դաշնամուրի վրայ Վրէժ Ղազարեան վարպետօրէն մեկնաբանեց «Հեռացած Ընկերներ» կտորը։ Դարձեալ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Վրէժ Ղազարեանի, Դալար Սիմոնեան իր գեղեցիկ ձայնով մեներգեց երկու երգեր «Երեւան» եւ «Տուն իմ Հայրենի» կտորները։ Ապա, Համօ Արզումանեան հանդէս եկաւ կիթառով ու ներկայացուց «Արեան Կանչը Հրանդ Տինք» կտորը։ Երիտասարդ արուեստագետները արժանացան ներկաներու ջերմ ծափահարութիւններուն։

Այնուհետեւ Թորոնթոյի Հայ «Նոր Հորիզոն» Հեռատեսիլի վաստակաւոր հաղորդավար Դոկտ. Խաժակ Գուլաճեան սքայփի միջոցով, անգլերէն լեզուով հարցազրոյց մը կատարեց յայտնի մտաւորական, լեզուաբան, ինչպէս նաեւ պանդոկներու եւ զբօսաշրջիկներու բացատրական ուղեցոյց գիրքերու հեղինակ Սեւան Նշանեանի հետ, որ ներկայիս կ՚ապրի Յունաստանի կղզիներէն մէկուն մէջ։ Հարցազրոյցը, որ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած էր եւ արձանագրուած, ցոյց տրուեցաւ սրահին մէջ տեղադրուած զոյգ պաստառներուն վրայ։ Նշանեան՝ խօսքի ազատութեան բերած իր մեծ ներդրումին համար, 2004ին Թուրքիոյ Մարդու Իրաւունքներու Միութեան կողմէ «Այշէ Նուր Զարաքօղլու Ազատութեան» մրցանակին արժանացած էր։

Դոկտ. Գուլաճեան նախ Սեւան Նշանեան անձը ներկայացուց, ապա Տինքի կեանքին եւ գործունէութեան մասին  հարցեր ուղղեց անոր։ Հարց տրուեցաւ Թուրքիոյ մէջ հայոց կենցաղին, դպրոցներու ներկայ վիճակին, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ներկայ յարաբերութիւններու մասին,  նաեւ Հրանդ Տինքի տարած աշխատանքներուն, անոր հրատարակած «Ակօս» թերթին բովանդակութեան , այն պատճառներուն մասին, որոնք հանգեցուցին Հրանդի սպանութեան, եւ որպէս վերջին հարցում՝ ինչ են իր ներկայ աշխատանքները եւ ծրագիրները։

Նշանեան բոլոր հարցումներուն հանգամանօրէն պատասխանեց, որ արժանացաւ ներկաներու գնահատական ծափահարութիւններուն։

Երգչուհի Դալար Սիմոնեան, Դաշնակի վրայ Վրէժ Ղազարեան: