Հրանդ Տինքի Սպանութեան Դատին Վճիռը Հրապարակուեցաւ


Էրհան Թունճել դատարանին դահլիճին մէջ կը ձերբակալուի։

ՊՈԼԻՍ, «Ակօս»,- Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 14րդ դատարանը Յուլիս 17ին հրապարակեց «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան դատին վճիռը:

Յունիս 13ին Դատարանը 9 մեղադրեալներու վերաբերեալ դատերը առանձնացուցած էր ընդհանուր դատէն, նկատի ունենալով, որ ձգձգումներու հետեւանքով՝ կը լրանար դատական գործի վաղեմութեան ժամկէտը։

Նիստին ներկայ էին մեղադրեալներէն միայն Էրհան Թունճելը, իսկ մնացեալը նիստին հետեւեցան իրենց քաղաքներու դատարաններէն: Սպանութեան կազմակերպիչներէն Թունճէ­­­­լ դատապատուեցաւ 99 տա­­­­րի 6 ամիս բան­­­­տարկու­­­­թեան։ Ան իս­­­­կոյն ձեր­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­կալո­­­­ւեցաւ դա­­­­տարա­­­­նի դահ­­­­լի­­­­­­­­­­­­­­­ճին մէջ։

Դատավճիռին համաձայն՝ Տինքը սպաննած ազգայնամոլ Օկիւն Սա­­­­մաս­­­­թի հա­­­­մար դա­­­­տարա­­­­նը վճռեց 3 տա­­­­րի 9 ամիս բան­­­­տարկու­­­­թիւն։ Սա­­­­կայն յան­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծութեան թո­­­­ւակա­­­­նին 18 տա­­­­րեկա­­­­նէ աւե­­­­լի երի­­­­տասարդ ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լը նկա­­­­տի առ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լով պա­­­­տիժը զեղ­­­­չեց 2 տա­­­­րի 6 ամի­­­­սով։ Սա­­­­մաս­­­­թի հա­­­­մար ալ նա­­­­խապէս ճշդո­­­­ւած էր 22 տա­­­­րի 8 ամիս բան­­­­տարկու­­­­թիւն։

Եասին Հա­­­­յալի հա­­­­մար «Զի­­­­նեալ կազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կեր­­­­պութիւն հիմ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լու եւ վա­­­­րել»ու մե­­­­ղադ­­­­րանքով վճռո­­­­ւեցաւ 7 տա­­­­րի 6 ամիս բան­­­­տարկու­­­­թիւն։ Հա­­­­յալ նա­­­­խապէս ալ Հրանդ Տին­­­­քի ոճի­­­­րի հե­­­­տեւան­­­­քով ցկեանս բան­­­­տարկու­­­­թեան դա­­­­տապար­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած էր։

Նշենք, որ մնացեալ 6 մեղադրեալներէն 4ը դատապարտուեցան զանազան ժամկէտներով բանտարկութեան, իսկ երկուքը ազատ արձակուեցան:

Նոյն ոճի­­­­րի այլ մե­­­­ղադ­­­­րեալ­­­­ներ, որոնք բո­­­­լորն ալ պե­­­տական պաշ­­­տօ­­­­­­­նեաներ են, կը դա­­­տուին առանձնա­­պէս։