ՀՕՄը Դրամական Աջակցութիւն Կը Տրամադրէ Արցախցի Ընտանիքներու


ՀՕՄի Արցախի ընկերուհիները դրամական օժանդակութիւն կու տան արցախցի ընտանիքներու

“Ապարաժ”,- Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը «Թիկունք կանգնիլ արցախահայ ընտանիքին» ծրագիրի ծիրէն ներս 250 տոլար դրամական աջակցութիւն կը տրամադրէ պատերազմի հետևանքով տեղահանուած արցախցի ընտանիքներուն:

Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի միաւորի ատենապետուհի Արմինէ Յարութիւնեան «Ապառաժ»ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, որ Արցախի մէջ ծրագիրին մեկնարկը տրուած է Հադրութի շրջանի Տող և Մեծ Թաղեր համայնքներէն: Հայաստանի և Արցախի մէջ ապրող, իրենց տուները կորսնցուցած մօտ 300 ընտանիքներ արդէն ստացած են դրամական օժանդակութիւն:

Սոյն ծրագիրով կը նախատեսուի օժանդակել պատերազմի հետևանքով տեղահանուած, առնուազն երէք անդամէ բաղկացած բոլոր արցախցի ընտանիքներուն:

Նշենք, որ նշեալ ծրագրին մեկնարկը Հայաստանի մէջ տրուած է նախորդ տարուան վերջը, անիկա շարունակական պիտի ըլլայ։