ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի 3րդ Դասարանի Աշակերտները Կը Գրեն՝ Ապրիլ 24ի Առիթով


ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի աշակերտները կ՛ոգեկոչեն Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը,  22 April , 2017։

Կա՛նք, Պիտի Լինե՛նք ու Դեռ Շատանա՛նք

Եթէ կ’ուզենք շատանալ, պէտք է մեր գեղեցիկ լեզուն չմոռնանք ու միշտ գործածենք: Շարլ Ազնաւուրը մեզի մեծ օրինակ թող ըլլայ` հպարտ զգալու մեր ազգով եւ հայրենքով: Հետեւինք օրինակին, թուրքին փաստելու, որ հակառակ իր չարագործութեան, մենք տակաւին կա՛նք, պիտի լինե՛նք ու դեռ շատանա՛նք:

 

Լիանա Շամահեան

 

Կա՛նք, Պիտի Լինե՛նք ու Դեռ Շատանա՛նք

104 տարիներ առաջ, թուրքը իր ջարդով հայ ազգը կործանել ուզեց, որպէսզի չյիշուի հայ անունը եւ այդ պատճառով ալ գրաւեց մեր պատմական Հայաստանը, բայց հայը զօրաւոր կամքի տէր է, հակառակ իր բոլոր դժուարութիւններուն, ան չմոռցաւ իր լեզուն ու իր հայրենիքը: Մենք՝ հայերս, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, հպարտութեամբ կ’ըսենք. «Ո՛վ թուրք, դուն չես յաջողած, որովհետեւ մենք կա՛նք, պիտի լինե՛նք ու դեռ շատանա՛նք»:

 

Կարէն Մարտիկեան

Կա՛նք, Պիտի Լինե՛նք ու Դեռ Շատանա՛նք

Թուրքիոյ տուած ջարդէն ազատուող հայերը փոխադրուած են շատ մը օտար երկիրներ: Իրենց առաջին գործը եղած է բանալ հայկական դպրոցեր, հիմնել եկեղեցիներ, որպէսզի շարունակենք ապրիլ: Հայերս շատցանք ու դեռ աւելի պիտի շատանանք:

Արտեն Անտրեան

 

Կա՛նք, Պիտի Լինե՛նք ու Դեռ Շատանա՛նք

Մենք ազգի գոյատեւման, զարգացման եւ ապագային յաջողութեան հասնելու կարեւորագոյն հիմքերը հանդիսանալու են Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք ու հզօր բանակը եւ չմոռնանք հայ Առաքելական եկեղեցին, մշակոյթն ու լեզուն:

 

Նարէ Վարդանյան

 

Հպարտ Եմ, Որ Հայ Եմ

Հպարտ եմ, որ հայ եմ: Լեզուս եւ կրօնքս շատ կը սիրեմ եւ բնաւ պիտի չմոռնամ: Կ’երազեմ երթալ Հայաստան եւ տեսնել իմ հայրենիքս:

Անտրէ Այնէճեան

 

Հպարտ Եմ, Որ Հայ Եմ

Ես հպարտ կը զգամ մեր հայ զինուորներով: Անոնք մեզի մեծ օրինակ են, թէ ի՞նչ ըսել է հայ ըլլալ: Կը կռուին, որպէսզի տէր կանգնին մեր հայրենիքին, որ չկորսուի: Այդ պատճառով կ’ուխտեմ հաւատարիմ մնալ ու հպարտ զգալ, որ կը պատկանիմ հայ ազգին:

Անճէլինա Պետրոսեան

 

Հպարտ Եմ, Որ Հայ Եմ

Հպարտ եմ, որ հայ եմ, որովհետեւ մենք եղանք առաջին քրիստոնեայ ազգը: Ունինք մեր լեզուն՝ հայերէնը, եւ հայրենիքը՝ Հայաստանը: Ունինք մեր հայ զինուորները, որոնք գիշեր-ցերէկ կը հսկեն, որ տէր կանգնին մեր հողերուն: Հպարտ եմ, որ Արարատը մերն է եւ պիտի յաջողինք առնել զայն թուրքերէն:

Սերլի Խօշեան

 

Հպարտ Եմ, Որ Հայ Եմ

Մենք հպարտ ենք, որ հայ ենք: Հպարտ ենք, որ Հայկ Նահապետի յաջորդներն ենք: Հպարտ ենք, որ ունինք հայրենիք՝ Հայաստան: Մենք պատրաստ ենք մեր հայրենիքը պատշպանելու միանալով մեր հայ բանակին: Հայը պիտի չպարտուի եւ պիտի չվախնայ պատերազմելէն եւ պիտի պաշտպանէ իր հողերը:

Հենրիկ Յունանյան

 

Մենք Մեր Հողերը Կը Պահանջենք

Պատմութենէն գիտենք, որ հայ ժողովուրդը տեղահանուած է։ Մենք կը պահանջենք վերադարձնել մեր հողերը եւ կը պայքարինք անարդարութեան դէմ: Մենք կը սիրենք մեր հայրենիքը եւ թոյլ չենք տար, որ օտարները խլեն մեր հողերը: Մենք կը պահանջենք նաեւ, որ իրենք յարգեն մեր լեզուն, կրօնքը եւ մշակոյթը:

 

Էմիլի Մելիքսեթյան

 

Մենք Մեր Հողերը Կը Պահանջենք

24 Ապրիլ 1915ին, թուրքերը ոչ միայն մէկ ու կէս միլիոն հայեր ջարդեցին ու տեղահան ըրին, այլ նաեւ գրաւեցին մեր պատմական հողերը: Ես կ’ուզեմ թուրքին հետ խօսիլ եւ ըսել, որ իրենք չեն գիտեր, թէ հայը որքա՜ն կը սիրէ իր ազգն ու հայրենիքը:

Ես ամէն իրիկուն կ’աղօթեմ մեր հայ զինուորներուն համար, որ յաջողին մեր հողերը ետ առնել՝  ցոյց տալու թուրքին, որ մենք տէրն ենք մեր հողերուն:

Նօա Մուշեան

Մենք Մեր Հողերը Կը Պահանջենք

Ո՛վ թուրք ժողովուրդ, դուք կը կարծէք, որ մենք պատրաստ չե՞նք մեր հողերը ետ առնելու: Ամէն տարի ձեզի կը յիշեցնենք ձեր անարդարութեան մասին: Ընդունեցէ՛ք ձեր պապերուն տուած ջարդը հայերուն եւ վերադարձուցէք մեր հողերը: Մենք պատրաստ ենք շարունակելու մեր պահանջքը մինչեւ օր մը յաջողինք:

 

Գէորգ Արթինեան

 

Մենք Մեր Հողերը Կը Պահանջենք

Մենք կը կարդանք, կը սորվինք ու կը լսենք, որ ունեցած ենք շատ մեծ հայրենիք, բայց թուրքերը գրաւած են շատ մը հայրենի հողեր: Մենք գիտենք, որ մեծերը գիշեր-ցերեկ կ’աշխատին ու մեր հողերը կը պահանջեն: Մենք ալ, երբ մեծնանք, պիտի միանանք մեր մեծերուն ու պահանջենք մեր հողերը:

Սեւանա Սարգիսեան

 

Մենք Մեր Հողերը Կը Պահանջենք

Եթէ ես թուրքի մը դիմաց ըլլամ, իրեն կ’ըսեմ՝ դուք ի՞նչ տեսակ ժողովուրդ էք, դուք խիղճ ունի՞ք. ինչպէ՞ս մանուկ երեխաներ ու երիտասարդներ սպաննեցիք: Վստահ ենք, որ ձեր արդար պատիժը պիտի ունենաք եւ պիտի վերադարձնէք մեր հողերը: Լաւ է, որ հասկնաք, երբ կ’ըսենք՝ մենք մեր հողերը կը պահանջենք:

 Դաւիթ Եանիքեան

 

Մենք Մեր Հողերը Կը Պահանջենք

Հայաստանը հայերուն է եւ ոչ միայն ներկայի Հայաստանը այլ՝ մեր հին պատմական գրաւուած Հայաստանն ալ մերն է: Թուրքը մինչեւ փճանայ, կրնայ ուրանալ մեր իրաւունքները եւ հողերը, բայց չեն կրնար մեր պատմութիւնը փոխել: 104 տարիներ առաջ, 24 Ապրիլ 1915ին, մէկ ու կէս միլիոն հայեր ջարդուեցան, քանի որ չուզեցին ուրանալ իրենց կրօնքը եւ հայրենիքը: Մենք հպարտ հայեր ենք, մեր ներկայութիւնը հիմա կը փաստէ, որ հայ ժողովուրդը կայ ու պիտի մնայ ու շատանայ մինչեւ մեր ամբողջ հողերը ետ առնենք եւ մենք պատրաստ ենք զոհուելու մեր մայր Հայաստանին համար:

Մէրի Աբէլեան

 

Մենք Մեր Հողերը Կը Պահանջենք

Երբ ես մեծնամ պիտի պահանջեմ իմ պապերուս հողերը, որոնք թուրքերը գրաւած են: Իմ հայրիկիս մեծ հայրիկը նշանաւոր բժիշկ եղած է Պոլսոյ մէջ: Ան շատ հողեր ունեցած է, որոնք անիրաւօրէն գրաւուած են թուրքերուն կողմէ: Սակայն, հայրս պահած է բոլոր փաստաթուղթերը: Ես երբ մեծնամ այս թուղթերը պիտի առնեմ եւ մեր հողերը ետ պիտի պահանջեմ։ Եթէ թուրք մը տեսնեմ, իրեն կ’ըսեմ, որ մենք հայ պիտի մնանք, ետ տո՛ւր մեր հողերը եւ Արարատ լեռը։ Հայերը պիտի մնան այս աշխարհի վրայ եւ մի՛ փորձէր մեր Հայաստանին տէր դառնալ:

Ճորճ Միսիրեան

Մենք Մեր Հողերը Կը Պահանջենք

Ես մեր հողերը կը պահանջեմ, որովհետեւ մեր պապերը մեզի համար կռուեցան եւ փորձեցին յաղթել: Թուրքերը մեզմէ պէտք է վախնան, որովհետեւ հայերը շատ զօրաւոր կամք ունին եւ բանէ մը չեն վախնար: Երբ ես մեծնամ, Քաջն Վարդանի եւ ամէն հայ զինուորներու պէս պիտի ըլլամ: Իրենց պէս քաջ պիտի դառնամ եւ պիտի չմոռնամ, որ մեր պապերը մեզի համար զոհուեցան:

Կարէն Թիթիզեան

 

Մենք Մեր Հողերը Կը Պահանջենք

Ես կը պահանջեմ թուրքերէն, որ ներողութիւն խնդրեն: Եթէ պատրաստ չեն ընդունելու իրենց սխալը, մենք՝ հայերս, պիտի շարունակենք պահանջել, մինչեւ որ հասնինք մեր նպատակին:

Ես շատ հպարտ եմ, որ հայ եմ եւ ունինք շատ գեղեցիկ հայրենիք՝ Հայաստան:

Քիրա Գազանճեան

 

Ապրիլ 24

Ամէն տարի հայ ժողովուրդը կը յիշէ Ապրիլ 24ը: Մեր պապերը իրենք իրենց զոհեցին, որ մեր հայ լեզուն եւ պատմութիւնը պահենք եւ քրիստոնեայ մնաք։ Մեր եկեղեցին միշդ դռները բաց կը պահէ աղօթելու եւ մեր մոմերը վառելու:

 

Ապրիլ 24ը պիտի մնայ մեր սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ արթուն: Թող լաւ գիտնայ թուրքը, որ հայը չի մոռնար իր թշնամին. Անոր համար մենք պէտք է աշխատասէր անձեր ըլլանք դպրոցին եւ գործին մէջ, ցոյց տալու, որ հայը միշդ կայ եւ ուժով փայլուն կը մնայ:

Ցոլեր Պետրոս

 

Ապրիլ 24

24 Ապրիլ  1915ին թուրքերը ջարդեցին մէկ ու կէս միլիոն հայեր: Անոնց յիշատակը բնաւ պիտի չմոռնանք: Միշտ պիտի պաշտպանենք մեր հայ լեզուն եւ ինքնութիւնը: Մեր յոյսն է, որ թուրքերը վերադարձնեն մեր հողերը: Մեր երազն է, որ Արարատ լեռը միանայ Հայաստանին: Մեծ Եղեռնի զոհերուն յիշատակը միշտ պիտի յարգենք:

 

Սասուն Ապտալեան

Ապրիլ 24

Ամէն տարի մենք կը յիշենք Ապրիլ 24ը, կը յիշենք մեր նահատակերը, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին հայրենիքի սիրոյն համար: Թուրքը պէտք է գիտնայ, որ հայը պիտի չմոռնայ անոր տուած ջարդը եւ պիտի շարունակենք պահանջել մեր հողերը եւ ընդունի տալ իր չարագործութիւնը:

Ռոզալինա Գրիգորեան

 

Ապրիլ 24

Ապրիլ 24ը դարձեալ կը մօտենայ եւ մեզի կը բացատրեն ու կը խօսին մեր նահատակներու մասին ու թուրքին տուած ջարդին մասին: Ես շատ կ’ազդուիմ, երբ կը լսեմ թուրքին չարագործութեան մասին: Կը խոստանամ, երբ մեծնամ, ես ալ տէր պիտի կանգնիմ մեր հայրենիքին եւ թուրքին ցոյց տամ, որ օր մը պատժուի իր ըրած չարագործութեան համար:

Արամ Միքայելյան

 

Ապրիլ 24

Մեծ Եղեռնի 1.5 միլիոն զոհերէն ետք, տասնեակ հազարաւոր հայեր, ապաստան գտան օտար երկիրներու մէջ եւ առանց մոռնալու սկսան պահանջել, որ Թուրքիան ճանչնայ ցեղասպանութիւնը եւ վերադարձնէ գրաւած հայկական տարածքները: Այսօր, ես եւս կը միանամ մեր մեծերու պահանջքներուն եւ կ’ըսեմ Թուրքիոյ․ «Մենք տակաւին կա՛նք ու կը մնա՛նք»:

 

Գոռ Կիրակոսեան

 

Տէր Կանգնինք Մեր Հողերուն

Մեր նահատակ հերոսներն են, որ պաշտպանած են մեր հողերը: Անոնք մեծ օրինակ են մեզի, որ երբ մեծնանք մենք եւս իրենց նման հայրենասէր ըլլանք, պաշտպանենք մեր հողերը եւ տէր կանգնինք անոնց:

 

Սօֆիա Սապունտճեան

 

Տէր Կանգնինք Մեր Հողերուն

Ես կը խոստանամ, որ երբ մեծնամ, ես ալ տէր պիտի կանգնիմ մեր հայրենիքին եւ թուրքէն պահանջեմ ներողութիւն խնդրել հայ ժողովուրդէն։ Բացատրել թշնամիին, որ հայը քաջ է եւ պիտի շարունակէ պայքարիլ մինչեւ, որ հասնի իր արդար իրաւունքին:

Հէնրիկ Յունանեան

Տէր Կանգնինք Մեր Հողերուն

Պատմական Հայաստանի հողերը մեզի կը պատկանին: Մենք կը պահանջենք թուրքերէն, որ իրենք ընդունին իրենց մեծ սխալը եւ մեզի վերադարձնեն մեր հողերը: Մենք տէրն ենք մեր հողերուն եւ Արարատ լեռը մերն է: Չենք մոռնար մեր մէկ ու կէս միլիոն զոհերը: Մարդիկ չարչարուեցան եւ մահացան: Մենք կը պահանջենք մեր հողերը եւ պիտի չդադրինք պահանջելէ մինչեւ որ ետ առնենք զանոնք:

Սօսէ Օրոջեան