ՀՕՄի Արցախի Միաւորի Ընկերուհիները Դիմակներ եւ Պաշտպանիչ Արտահագուստներ Կը Կարեն


«Երկիր Մեդիա»,- «Քորոնա» ժահրի դեպքերը Արցախի մէջ կանխելու եւ տարածման պարագային պատրաստ ըլլալու նպատակով Հայ Օգնութեան Միութեան նախաձեռնութեամբ խումբ մը կամաւորներ դիմակներ եւ բժշկական պաշտպանիչ հագուստներ կը կարեն:

ՀՕՄ-ը նախքան աշխատանքները սկսիը խոհրդակցած է Առողջապահութեան նախարարութեան հետ պարզելու թէ ինչի կարիք կայ եւ նախարարութեան հետ համագործակցաբար ամբողջ թափով սկսած է աշխատանքի։

Արցախի ՀՕՄ-ի միաւորի պատասխանատու Արմինէ Յարութիւննեան կը նշէ, որ ՀՕՄ-ը հաւատարիմ իր «Ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար» կարգախօսին, այսօր ալ երբ ստեղծուած է դժուար կացութիւն, երբ «Քորոնաժահր»ի վտանգը բաւական մեծ է,  ձեռնամուխ եղած է դիմակներ եւ պաշտպանիչ հագուստներ կարելուն։

 «Որոշեցինք կարել բժշկակակ յատուկ արտահագուստ, որ Աստուած մի արասցէ, ժահրի բռնկման ժամանակ օգտակար կ՛ըլլայ եւ ասով պաշտպանուած կ՛ըլլանք մեր բժիշկներն ու բուժքոյրերը։

ՀՕՄ-ի Արցախի միւս շրջաններու մասնաճիւղերու անդամներ իրենց հերթին դիմակներ կը կարեն, որոնք անհրաժեշտութեան պարագային պիտի տրուին բնակչութեան։