ՀՕՄի Գանատայի Միաւորը Կ՚աջակցի Սուրիահայ Աշակերտներուն


Հալէպի Ազգային Միացեալ Վարժարանի աշակերները կը ստանան տաք վերարկուներ

Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի ֆէյսպուքեան էջը կը տեղեկացնէ, որ ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը իրականացուցած է «Տաքուկ Զգեստներ» ծրագիրը։

Մարդասիրական այս ծրագիրը ի գործ դրուեցաւ շնորհիւ ՀՕՄի Գանատայի միաւորի նիւթական ներդրումին։

Սոյն ծրագիրով  Հալէպի Ազգային Միացեալ Վարժարանի աշակերները ստացան տաքուկ վերարկուներ։