ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան Նախաձեռնութեամբ Ամանորեայ Նուէրներ` Արցախէն Տեղահանուած Պզտիկներուն


ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնած «Արցախի տեղահանուած երեխաներու կաղանդի նուէրներ» ծրագրի առաջին հանգրուանը թափ առաւ Արցախի պատերազմի յաջորդող ամսուն 2020-ի Դեկտեմբերին, երբ 270 նուէրներ բաժնուեցան Երեւան և սահմանամերձ շրջաններու մէջ բնակութիւն հաստատած տեղահանուած ընտանիքներու երեխաներուն։

Երկրորդ հանգրուանը սկսաւ 12 -16 Դեկտեմբեր 2021-ին, երբ ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետույի Անի Օհանեան եւ Սիւզի Պոյամեան, յատուկ առաքելութեամբ Հայաստան մեկնեցան և Նոր Տարուան առթիւ նուէրներ բաժնեցին Շենգաւիթի ու մերձակայ արուարձաններու մէջ բնակութիւն հաստատած 100 ընտանիքներու երեխաներուն։ Նուէրներու գնման և բաժանման իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՕՄ-ի Հայաստանի Միաւորը և Շենգաւիթի վարչական ընկերուհիները։

Ընկերուհիները յուզումնախառն զգացումներով ականատես եղան երեխաներու ուրախութեան և ծնողներու երախտապարտ ու անհուն շնորհակալական խօսքերուն։

Յառաջիկայ օրերուն` երրորդ հանգրուանով մը, նուէրներ պիտի բաժնուին

Եղեգնաձոր և Սիսեան հաստատուած 100 ընտանիքներու երեխաներուն, իսկ վերջին հանգրուանը պիտի ըլլայ Արցախի` Ստեփանակերտի, Մարտունիի և մերձակայ գիւղերու նուէրներու բաժանումը։