ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը Կ’աջակցի Երեւանի «Հաշմանդամ Եւ Վիրաւոր Զինուորներու Հերացի Վերականգնողական Կեդրոն»ին


«Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կենտրոն»ին մէջ բուժուող վիրաւոր զինուոր մը:

ՀՕՄի Գանատայի Շրջանի ֆէյսպուքեան էջը կը տեղեկացնէ, որ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը կ’աջակցի Երեւանի «Հաշմանդամ Եւ Վիրաւոր Զինուորներու Հերացի Վերականգնողական Կեդրոն»ին։

Արցախի շտապ օժանդակութեան աշխատանքներու ծիրէն ներս, անցնող շաբաթներուն Շրջանային Վարչութիւնը որոշած է $36000 USD ($48000 CND) արժողութեամբ բժշկական սարքաւորում նուիրել Հերացի հիւանդանոցին, որ մասնագիտական բուժում պիտի տրամադրէ վիրաւոր եւ հաշմանդամ զինուորներուն։

«Շնորհիւ մեր նուիրատուներու նիւթական օժանդակութեան, ՀՕՄ-ը իր շարունակական աջակցութիւնը պիտ բերէ բոլոր բարենպատակ ծրագիրներուն», նշուած է ՀՕՄի Գանատայի Շրջ․ Վարչութեան տարածած յայտարարութեան մէջ։