ՀՕՄի Ընկերային Ծառայութեան 30ամեակի Տօնակատարութիւն


Յասմիկ Շարապխանեան


 Հայ Օգնութեան Միութեան Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակը, որ հիմնուած է 2 Հոկտեմբեր 1987ին, տօնեց իր հիմնադրութեան 30ամեակը՝  Հոկտեմբեր 1ին, Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ, ներկայութեամբ հիմնադիր ընկերուհիներու, Ընկերային Ծառայութեան տարբեր գրասենեակներու ներկայացուցիչներու, ՀՕՄուհիներու, Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հոգեւոր հայրերու եւ ազգայիններու:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ընկերային Ծառայութեան յանձնախումբի անդամ Մերի Բադալեանը: ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ, Հայ Կեդրոնի վաստակաշատ անդամներէն Հուրի Նաճարեան ներկայացուց գրասենեակի պատմականը եւ գործունէութիւնը: Ան մատնանշեց, որ այս ծառայութիւնը հոգեհարազատ է հայ կնոջ, հայ մօր եւ հայ մեծ մօր:

ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Նաթալի Մանուկեան ներկայացուց ընկերային ծառայութեան դերը եւ ազդեցութիւնը Թորոնթոյի գաղութին վրայ, նշելով որ այս տարեդարձը կը համընկնի Գանատայի 150ամեակին եւ  երախտագիտութիւն յայտնեց, որ կ’ապրինք Գանատայի մէջ եւ կ’օգտուինք այս երկրի բարենպաստ  օրէնքներէն:

Գեղարուեստական բաժինը վարեցին Քարլի եւ Ճէքի Սահակեանները՝ դաշնակի եւ սրինգի վրայ հրամցնելով դասական եւ հայկական երաժշտութիւն: Ձեռնարկի սկիզբը Մարիա Տաւութեան դաշնամուրի վրայ նուագեց երաժշտական գեղեցիկ գործեր՝ հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծելով:

Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակի յանձնախումբը մտայղացած էր պատուել խումբ մը կամաւորներ իրենց յարատեւ ծառայութեան համար՝ յատկապէս խնամք տանելով տարեցներուն, որոնք կ՛ապրին Fieldstone Commons, Sienna Seniors Living Ararat Wing, Extendicare, North York Seniors Health Care Centre տուներուն մէջ: Յանձանխումբի ատենապետ Քրիստին Աւետիսեանի ձեռամբ յատուկ գնահատագիրով եւ ծաղկեփունջով պարգեւատրուեցան Յասմիկ Պոյաճեանը, Գրիգոր Գալուստեանը, Մելանի Գարակէօզեանը, Յասմիկ Սարգիսեանը, Պէթի Լուսարարեանը եւ Անայիս Օրջանեանը։

Հայր Գեղարդ Ծ. Վարդապետ Քիւսպէկեանի օրհնութեամբ  եւ «Զօրաւոր Անհատ, Զօրաւոր Համայնք» կարգախոսով ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին եւ ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան: