ՀՕՄի Թորոնթոյի Մասնաճիւղի Տոհմիկ Օր՝ Նուիրուած Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի Հայ Գաղութներուն


Զեփիւռ Տորնա

Երկար ամիսներէ ի վեր համայն մարդկութեան կեանքը յեղաշրջող համաճարակի պատճառաւ լռութեան մատնուած Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը վերակենդանացաւ Շաբաթ՝ Նոյեմբեր 27-ին: Արդարեւ արտասովոր եռուզեռ մը կը տիրէր, ՀՕՄը կրկին յաջողած էր կազմակերպել այս անգամ 27-րդ Տոհմիկ Օրը՝ նուիրուած Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի հայ գաղութներուն: Ներկաները սրահ մտնելով Երուսաղէմ փոխադրուած ըլլալու տպաւորութիւնը կը կրէին: Մուտքի կամարը, Սրբոց Յակոբեանց տաճարի խորանի եւ մուտքի նկարները, Մարիամ Աստուածածնի Յիսուս Մանուկի հետ սրբապատկերները, յատկապէս Երուսաղէմէն բերուած սրահի առաստաղէն կախուած 45 կանթեղները եւ իւրայատուկ յախճապակեայ եւ այլ արուեստի գործերը, եկեղեցական սպասները, պաստառներու վրայ ցոյց տրուած Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի հին եւ նոր նկարները ներկաները կը տեղափոխէին խորհրդաւոր, հոգեւոր եւ երազային երկիր:

Սրահ մտնելէ առաջ հիւրերը կը տեսնէին սուրբ վայրերու եւ գաղութներու կեանքէն առնուած նկարներ այդ օրուան համար տրամադրուած՝ Հրայր Բազէի, Կարօ Նալպանտեանի, Յարութ Գահուէճեանի, Զոհրապ Մարգարեանի, Մարտօ Նալպանտեանի եւ Վարդան Վարդանեանի ընտանիքին կողմէ:

 Սրահի մուտքին հիւրերուն կը նուիրուէր 546 էջերով երկլեզու ծաւալուն գիրքը, այս առթիւ պատրաստուած, Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի հայ գաղութներու պատմական տեղեկութիւններով, սրբավայրերու նկարագրութիւններով, կրօնական եւ ազգային կառոյցներու տեղեկութիւններով, ականաւոր անձերու կենսագրականներով եւ բազմաթիւ խօսուն նկարներով: (Գիրքերը կարելի է ստանալ երեսուն Գանատական տոլարի, դիմելով ՀՕՄի Թորոնթոյի մասնաճիւղին հետեւեալ ե-նամակին՝ arstoronto@gmail.com). Մուտքին կը բաժնուէր նաեւ յայտագրի փոքր գրքոյկը երկու օրերու ձեռնարկներու յայտագիրներով վաճառքի ապրանքներու եւ վիճակահանութեան նուէրներու ցանկերով եւ առեւտրական զանազան ծանուցումներով:

Սրահի ետեւի կողմը յատկացուած էր վաճառքի դրուած սրբավայրերու նկարներուն՝ տրամադրուած Հրայր Բազէի եւ Կարօ Նալպանտեանի կողմէ, սրբանկարներուն եւ այլ թանկարժէք արուեստի իրերուն Սուրբ Երկրէն եւ Յորդանանէն բերուած: Ետեւի պատին վրայ մեծ տառերով արձանագրուած էր օրուան լոզունգը՝ «Սուրբ Երկիր՝ Աղբիւր Լոյսի եւ Հաւատքի» եւ «Սփիւռք… Հայեացքով միշտ դէպի Երկիր» պատգամը: Իսկ կեդրոնի սեղանին վրայ դրուած էին տարիներու ընթացքին Տոհմիկ Օրերու ՀՕՄի հրատարակած գիրքերը: Ցուցադրութեան բաժնին մէջ կարելի էր տեսնել Ս․ Աստուածածին Եկեղեցւոյ եկեղեցական թանկարժէք սպասները եւ այլ պատմական եւ իւրայատուկ իրեր տրամադրուած կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն կողմէ:

Սեղանները գեղեցկօրէն յարդարուած էին յատկապէս Հայաստանէն բերուած սեղանին կեդրոնի Մարիամ Աստուածածնի Եւ Յիսուս Մանուկի սրբապատկերով, փայտեայ ոսկեզօծ զարդերով, եւ իւրաքանչիւր հիւրի համար տուփիկներու մէջ դրուած էին օրհնուած իւղ Բեթղեհէմէն, Յորդանան գետի ջուր, խունկ, Երուսաղէմի հող եւ ձիթենեաց փայտէ խաչ:

Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի հայութեան ձօնուած բացառիկ երեկոն վայելելու համար ներկայ էին 225 հիւրեր, ինչպէս՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Օնթարիօ Նահանգի Խորհրդարանի անդամ Տիար Արիս Պապիկեան, Հոգեւոր Հովիւներ՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Տ․ Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան եւ Տ․ Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեան, Լաւալի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Տ․ Յակոբ Քհնյ. Գեադայեան, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Տ․ Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարկարեան, ՀՅԴ Ս. Թէհլիրեան կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Սեւակ Խոշեան, հովանաւորներ եւ այլ հիւրեր: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հովիւ Տ․ Եղիա Ծ. Վարդ. Գիրէջեան չնախատեսուած արգելքի մը պատճառով կը բացակայէր:  

Օրուան հանդիսավար, Տոհմիկ Օրուան կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի Զեփիւռ Տորնա բեմ բարձրացաւ բարի գալուստի մաղթանքով, որուն հետեւեցաւ Արմինիա Սարգիսեան Պատալեանը Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով: Յայտագիրը սկսաւ, ձօնուած Արցախի պատերազմի եւ մինչեւ օրս զոհուած ազատամարտիկներու, «Արցախ ցաւդ տանիմ» երգիչ Անտրէի պատկերիզով եւ «Տէր Ողորմեա» շարականով կատարողութեամբ՝ Անուշ Գալստեան-Բասիշնիկի:

Զեփիւռ Տորնան հանդէս եկաւ բացման խօսքով եւ պատմական տեղեկութիւններ հաղորդելով։Ան մատնանշեց հարուստ ժառանգութեամբ Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի հայ գաղութներու կարեւոր դերը, մանաւանդ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը Հայութեան համար իբր հոգեւոր ու մշակութային կարեւոր կեդրոն եւ Սուրբ երկրի մէջ հայութեան իրաւունքներու զինուորագրեալ պաշտպան ըլլալը: Նաեւ երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսք յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, գիրքի յօդուածագիրներուն, կենսագրականներ եւ լուսանկարներ հայթայթող անձնաւորութիւններուն, յայտագրին մասնակցող արուեստագէտներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք զանազան ձեւերով նպաստեցին ձեռնարկի յաջողութեան:

Հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Օնթարիօ Նահանգի Խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանը, որ կարդաց Օնթարիոյ Նահանգի վարչապետ Տակ Ֆորտին շնորհաւորագիրը Տոհմիկ Օրուան առթիւ ուղղուած ՀՕՄի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղին: Բեմ հրաւիրուեցաւ մասնաճիւղիս ատենապետուհի Մարալ Միսիրեան, որ ստանձնէ շնորհաւորագիրը, նաեւ ան ստանձնեց ձեռագործ ՀՕՄի խորհրդանշանը, որ աշխատած էր Երուսաղէմէն ՀՕՄուհի 95-ամեայ Զուարթ Ստամպուլեանը եւ նուիրած Թորոնթոյի մասնաճիւղին:

Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի Քրիստոսի ուղղուած խօսքերով «Ետեւէս Եկուր» շարականը անոյշ ձայնով երգեց Տ․ Վարդան Ծ. Վարդապետ Թաշճեան:

Վահագն Դաւթեանի «Գիշերային Զրոյց Նարեկացու հետ»ը մեծ ապրումով ներկայացուց տաղանդաւոր ասմունքող Սարին Փոլատեան-Աբիկեան:

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ազնաւուրեան համոյթի իննը դպիրները՝ Նաթալի Թռնամեան, Մարիա Ճապրայեան, Փաթիլ Մարգարեան, Ատրինէ Արթին, Լիւսի Մինասեան, Թալին Մազեան, Ճէյն Զաաթար, Մարիամ Առաքելեան, Ռուպինա Քէօշկէրեան-Քէշիշեան, ղեկավարութեամբ՝ Անուշ Գալստեան-Բասիշնիկի, գեղեցիկ ձայնով երգեցին «Ով Զարմանալի», «Ցնծա Երուսաղէմ», եւ «Գովեա Երուսաղէմ զՏէր» շարականները:

Հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Տ․ Բաբգէն Արք. Չարեանը՝ տալու իր սրտի խօսքը եւ կատարելու սեղանի օրհնութիւնը: Սրբազան Հայրը Օրհնութեան խօսքին մէջ գնահատեց ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կողմէ կազմակերպուած 27-րդ Տոհմիկ Օրուան կազմակերպիչները եւ յորդորեց, որ շարունակուի հայ ազգի պատմութիւնը եւ մշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող Տոհմիկ Օրերու ձեռնարկները: Ան շեշտեց, որ մեր Սուրբ Վայրերու իրաւունքներու պաշտպան կանգնած է մեր Հոգեւոր եւ աշխարհական դասը, եւ ըսաւ․ «Մենք իբրեւ ազգ հպարտ ու պատիւ պիտք է զգանք, որ Սուրբ Երկրին մէջ ամէն տեղ իրաւունքներ ունինք, սեփականութիւն ունինք, աղօթքի վայրեր եւ ուխտատեղիներ ունինք։ Սակայն ունենալը բաւարար չէ ինքնին, հպարտանալը անցեալով քիչ է, պէտք է պահպանել, գուրգուրալ, տէր կանգնիլ ու պահապանը մնալ»։ Ապա Սրբազան Հայրը կատարեց սեղանի օրհնութիւնը:

«Կիլիկիա» նուագախումբի եղանակներու ընդմէջէն, ներկաները ճաշակեցին համադամ ուտելիքները, որոնք պատրաստուած էին Լաւաշ ճաշարանին կողմէ:

Ցոյց տրուեցաւ, յատուկ այս առթիւ պատրաստուած, Երուսաղէմի հոգեւոր եւ գաղութային կեանքը ներկայացնող պատկերիզը, որուն նկարահանումը կատարած էր  Յովսէփ Կարօ Նալպանտեան, պատմողն էր Տ․ Տիրան Ծ. Վարդ. Յակոբեան, աշխատանքին օգտակար դարձած էր նաեւ Սարկաւագ Արտակ Թաթեւոսեան:

Ճաշէն ետք բեմ բարձրացան օրուան երիտասարդ մեներգողները՝ Արմինիա Սարգիսեան Պատալեան, Նուէր Ղազարեան, Սեւակ Յարութիւնեան, Լեւոն Քարակիւլէեան, Թորոս Մայտոսեան, որոնք իրենց գեղեցիկ ձայնով ազգային եւ ժողովրդական երգերով եւ «Կիլիկիա» նուագախումբի յաջող կատարողութեամբ խանդավառեցին եւ զուարճացուցին ներկաները երկար ժամեր:

Ներկաներէն շատեր շահեցան նաեւ օրուան նիւթին հետ առնչուող վիճակահանութեան թանկարժէք նուէրներ:

Յաջորդ օրը, Կիրակի՝ Նոյեմբեր 28-ին, ժամը 4-ին տեղի ունեցաւ դասախօսական ցերեկոյթ: Հոծ բազմութիւն մը եկած էր սրահի գեղեցիկ զարդարանքներու եւ վաճառքի ու ցուցադրութեան դրուած թանկարժէք իրերու ընդմէջէն ըմբոշխնելու հոգեպարար մթնոլորտը:

Յանձնախումբի փոխատենապետուհի Մարալ Պէքարեան բացման խօսքին մէջ արտայայտուեցաւ Երուսաղէմի իր անձնական փորձառութիւններու եւ ապրումներու մասին:

Իբր բանախօս հրաւիրուած էր Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Տ․ Կորիւն Վարդապետ Բաղդասարեան, սակայն արտօնութիւն չէր կրցած ստացալ Գանատա գալու: Հանդիսատես ժողովուրդը պատկերիզի վրայ հետեւեցաւ իր խօսքին, որ Տ․ Կորիւնը քանի մը օր առաջ ղրկած էր յստակ արձանագրութեամբ եւ տալով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան մասին պատմական մանրամասն տեղեկութիւններ:

Բեմ բարձրացաւ Անուշ Գալստեան-Բասիշնիկ եւ գեղեցիկ ձայնով երգեց «Լոյս ի Լուսոյ» եւ «Մայր եւ Կոյս» շարականները:

Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց եւ Ընծայարանի բաժիններէն շրջանաւարտ Տ․ Յակոբ Քահանայ Գեադայեան պատկերներու ընկերակցութեամբ հետաքրքրական կերպով ներկայացուց ընծայարանի ուսանողներուն կեանքը:

Մատիանա Թորոսեան վարժ կերպով քանոնի վրայ  նուագեց «Կռունկ»  եւ «Տէր Ողորմեա»:

Հրայր Բազէ, նկարներու ներկայացումով, խօսեցաւ Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի իր փորձառութեան մասին:  

Լոռի Պէրպէրեան մեծ ապրումով արտասանեց Ժագ Յակոբեանի «Աղօթք»ը:

Մարալ Պէքարեան փակման խօսքէն ետք հրաւիրեց ներկաները յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութեան:

Այս միջոցին կրկին ցոյց տրուեցաւ Երուսաղէմի հոգեւոր եւ գաղութային կեանքը ներկայացնող պատկերիզը:

Ժողովուրդը երկու օրերուն հիասքանչ տպաւորութեամբ տուն մեկնեցաւ իր հետ տանելով հոգեւոր վառ յիշատակներ: