ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամները Արցախէն Կը Մեկնին Նոր Ծրագիրներով Ու Գաղափարներով


ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն այցելութիւնը Արցախ

«Ապարաժ»,- Ապրիլ 26-29-ը Արցախ այցելեցին Հայ Օգնութեան Միութեան Կենտրոնական Վարչութեան (ԿՎ) անդամները, ՀՕՄի Հայաստանի շրջանային վարչութեան ատենապետուհին: Արցախ այցը սկիզբ առաւ նախ Ստեփանակերտի զինուորական պանթէոն այցելութեամբ եւ յարգանքի տուրք մատուցելով նահատակներու յիշատակին։ Յաջորդող օրերուն ՀՕՄուհիները հանդիպումներ ունեցան Արցախի նախագահին, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներուն, ՀՕՄի Արցախի միաւորի վարչութեան անդամներուն հետ, այցելեցին ՀՕՄի Ստեփանակերտի, Խնձրիստանի եւ Աշանի «Սօսէ» մանկապարտէզներ: ՀՕՄի ԿՎ ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեան «Ապառաժ»ին հետ զրոյցի ընթացքին մանրամասնութիւններ ներկայացուց Հայաստան եւ Արցախ կատարած իրենց այցելութեան մասին։

Ատենապետուհիին խօսքով` հայրենիքի մէջ կայացած է Կեդրոնական վարչութեան 3-րդ կենդանի լիագումար նիստը: «Մէկ տարիէն աւելի` նպատակ ունէինք գալ, բայց համավարակին հետ կապուած տարբեր երկիրներու սահմանափակումներուն պատճառով չուզեցինք փոքր կազմով գալ, այլ ամբողջական կազմով այցելել, թէեւ ես անձամբ Կեդրոնական Վարչութեան յանձնարարականով պատերազմի օրերուն եւ անցեալ տարի եղայ Հայաստան: Մեր նպատակն էր պատերազմէն ետք գալ հայրենիք եւ անձամբ տեսնել իրավիճակը եւ մասնակից ըլլալ ժողովրդի կեանքին ու օգտակար դառնալ անոնց», նշած է ընկերուհին:

Երեւանի մէջ ԿՎ անդամները Ապրիլ 22-ին մասնակցած են Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնի տարրալուծարանի բացման արարողութեան, որ կը կրէ արցախեան 3 պատերազմներու մասնակից, 44 -օրեայ պատերազմին զոհուած, բժիշկ-ազատամարտիկ Նորայր Շահբազեանի անունը: Կեդրոնի կահաւորման, նոր սարքեր ձեռք բերելուն աջակցած է նաեւ ՀՕՄը, իսկ վերջերս նուիրած է նաեւ ճառագայթային (X-Rays) սարքաւորում:

«Այնուհետեւ ԿՎ կազմը Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան կազմակերպած ջահերով երթին: Ապրիլ 25-ին այցելեցինք ՀՕՄի Ախուրեանի Մօր եւ Մանկան առողջութեան կեդրոն, յոյս ունինք, որ յառաջիկային Ախուրեանի համար նոր լուրեր կը յայտնենք: Այցելեցինք նաեւ Գիւմրիի Շիրվանեան կեդրոն, հանդիպեցանք շարք մը ՀՕՄուհիներու հետ», Հայաստանի մէջ իրենց գործունէութեան մասին կը մանրամասնէ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհին:

Յաջորդ հանգրուանը Արցախ էր: Դեռեւս Արցախեան առաջին պատերազմի տարիներուն բազմաթիւ անգամ Արցախ այցելած Նայիրի Տէրտէրեան համեմատութիւններ ըրաւ այն տարիներուն հետ. «Ես Արցախ առաջին անգամ եղած եմ 1992-ին` Շուշիի ազատագրումէն ամիս մը անց: Առաջին այցս Արցախ սկսաւ ռմբակոծութեամբ, քաղաքը ռմբակոծեցին: Իսկ այս անգամ, անկեղծ ըսեմ, աւելի վատ իրավիճակի կը սպասէի: Դուրսէն նայելով` կ’ըսէին շատ խոչընդոտներ, դժուարութիւններ կան: Իսկ իրականութեան մէջ ճանապարհը երկար էր, բայց հասնելէն ետք ատոնք երկրորդական թուացին: Ստեփանակերտ ըլլալով, տեղի ՀՕՄուհիներու, երեխաներու հետ շփուելով` զգացումներս նոյնն են: Արցախը դեռ ազատ է, ոչ ոք չի կրնար Արցախը բանտարկել, նոյնիսկ եթէ անոնք Շուշի են»:

Խօսելով այցի ընթացքին յառաջացած նոր գաղափարներուն մասին` ան նշեց, որ ՀՕՄը սկիզբէն որոշեց պատերազմէն անմիջապէս ետք գումար հասցնել Արցախ, որովհետեւ այդ օրերուն ատոր կարիքը կար: «ՀՕՄը այստեղ ունի մանկապարտէզներ, ունի այլ ծրագիրներ, բայց մենք կ’ուզենք արմատապէս օգնել ժողովուրդին, ցոյց տալ, որ մենք կրնանք ձեզի նեցուկ կանգնիլ եւ իրավիճակը փոքր-ինչ թեթեւցնել: Այո՛, նոր ծրագիր կայ, որուն մասին շուտով կը յայտարարենք: Կ’ուզենք բոլոր խնդիրները պարզել, յետոյ յայտարարել, համոզուած եմ, որ ժողովուրդին արձագանգը դրական պիտի ըլլայ», ըսաւ ան:

Պատերազմի հետեւանքով Արցախի մէջ գործող ՀՕՄի 8 «Սօսէ» մանկապարտէզներէն 4-ը մնացած են գրաւուած տարածքներուն մէջ: Ընկհ․ Տէրտէրեան չի բացառեր նոր մանկապարտէզներու կառուցման հնարաւորութիւնը: «Կը քննարկենք մեր մանկապարտէզներու ցանցը ընդլայնելու հարցը, մանաւանդ որ տարհանուածներուն համար նոր բնակավայրեր պիտի կառուցուին: Մենք այդպիսի երկու տարբեր համայնք այցելեցինք: Յոյս ունինք, որ կառավարութեան հետ խորհրդակցելէ ետք քանի մը մանկապարտէզներ պիտի բանանք Արցախի մէջ“ տեղահանուած երեխաներուն` մեր «Սoսէ» մանկապարտէզներուն մէջ ազգային դաստիարակութիւն տալու համար», մանրամասնեց ան:

ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան անդամները Արցախէն կը հեռանան կարօտի զգացումով: «Իրականութեան մէջ չեմ ուզեր ձգել Արցախը, որքան ալ հեռու ըլլամ, Արցախն իմ սրտի մէջ է, եւ յուսով եմ, որ շուտով նորէն պիտի գամ: Արցախցին հեռուէն խրախուսուելու կարիք չունի, միշտ եղած է ուժեղ, մենք գիտենք, որ մեր հողը ապահով է, որովհետեւ արցախցին կայ», իր խօսքը եզրափակած է ՀՕՄի ԿՎ ատենապետուհին:

ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն Արցախ այցելութենէն պատկերներ