ՀՕՄի Յետպատերազմեան Ծրագիրները Արցախի Մէջ


ՀՕՄի Արցախի միաւորի ատենապետուհի Արմինէ Յարութիւնեան

2020-ի պատերազմէն ետք ՀՕՄի ծրագիրները լրիւ փոխուած են։ Նախքան պատերազմը, Հայ Օգնութեան Միութիւնը կ’աշխատէր զանազան ծրագիրներու վրայ, աշխատանք կը տանէր զօրամասերուն մէջ, կը կեդրոնանար կրթական ծրագիրներու եւ մանկապարտէզները կանգուն պահելու աշխատանքներուն վրայ, սակայն պատերազմէն ետք այդ ամէնը ստացած են ընկերային բնոյթ` տեղահանուած բնակիչներու կենցաղային պայմաններու բարելաւման նպատակով։ 

«Ապառաժ»ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, ՀՕՄի Արցախի միաւորի ատենապետուհի Արմինէ Յարութիւնեան, առաջին անգամ առանձնացուց «Թիկունք Կանգնել Արցախահայ Ընտանիքին» ծրագիրը:

«ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը իր բոլոր կառոյցներով ձեռնարկած է դրամահաւաք, որմէ սկիզբ առած է «Թիկունք Կանգնել Արցախահայ Ընտանիքին» ծրագիրը, ըստ որուն՝ տեղահանուած 1000 ընտանիքի 4 ամիս շարունակ տրամադրուած է 250 ԱՄՆ տոլար գումար: Գումար ստանալու պայմաններէն մէկը այն էր, որ ընտանիքը բաղկացած պէտք էր ըլլար 3 եւ աւելի անդամներէ: Ընտանիքի կազմի վերաբերեալ ընդունուած որոշման տրամաբանութիւնը այն էր, որ երկու անդամէ բաղկացած ընտանիքները մեծամասնութեամբ թոշակառու են եւ տարհանուելէն ետք կը շարունակեն թոշակ ստանալ, իսկ 3 եւ աւելի անդամ ունեցող ընտանիքները կորսնցուցած են իրենց աշխատանքը, եկամուտի աղբիւրները եւ գումարի կարիք աւելի շատ ունին», նշած է Յարութիւնեան:

Դեկտեմբերի վերջերը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սկսած, իսկ Արցախի մէջ աւելի ուշ սկսած եւ Յունիսին վերջ գտած այս ծրագիրին ընդհանուր ծախսը 1 միլիոն ԱՄՆ տոլար էր: Նպաստեալ բոլոր ընտանիքները շնորհակալութիւն յայտնած են ՀՕՄի աշխարհասփիւռ կառոյցին, այս դժուարին իրավիճակին մէջ, իրենց կողքին գտնուելու և քանի մը ամսուան իրենց ծախսերը թեթեւցնելուն համար:

Ատենապետուհին մեկնաբանած է տեղահանուած բոլոր բնակիչները ընդգրկելու հարցը: Ան նշած է, որ տեղահանուած 8000-էն աւելի ընտանիքներ կան, ու բնական է, որ բոլորը չէին կրնար օգտուիլ ծրագիրէն։

«Կը հասկնամ հասարակութեան որոշ հատուածին դժգոհութիւնը, բայց անոնք եւս պէտք է գիտակցին, որ ՀՕՄը իր հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ հսկայ աշխատանք տարած է: ՀՕՄը հասարակական կազմակերպութիւն է, որ իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ միշտ կը փորձէ օգտակար ըլլալ: Ի հարկէ, շատ լաւ կ’ըլլար, եթէ գումարը աւելի մեծ ըլլար եւ բոլորը օգտուէին անկէ, բայց ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան այս ծրագիրով հնարաւոր եղած է տունէ ու աշխատանքէ զրկուած բազմահազար հայրենակիցներու որոշ հատուածին՝ առաջնային ծախսերու հարցը լուծել», ըսած է ան:

Ծրագրին մէջ ընդգրկուած համայնքներուն ընտրութիւնը պատահական եղած է: Առաջին անգամ օգտուած են Հադրութի շրջանի Տող, Մեծ Թաղեր գիւղերու ընտանիքները, որովհետեւ համայնքներուն մէջ ՀՕՄը «Սօսէ» մանկապարտէզներ ունէր: Նշենք, որ աջակցութեան ծրագիրէն օգտուած են նաեւ այն համայնքները, որոնց ղեկավարները ցուցակներ ներկայացուցած են ՀՕՄին։

ՀՕՄի Արցախի միաւորի որոշմամբ ամսական 250 տոլար աջակցութիւն  ստացած են Մարտունիի շրջանի Շեխեր, Սարգսաշէն, Զարդանաշէն, Ջիւանի, Ասկերանի շրջանի Մադաթաշէն, Ակնաղբիւր, Ջրաղացներ, Մոշխմհատ, Սղնախ, Շուշիի շրջանի Քարին տակ գիւղերու այն ընտանիքները, որոնք կը  բնակին Արցախի մէջ` այդպիսով քաջալերելու հոն ապրողները:

Ան նշած է, որ «Թիկունք Կանգնել Արցախահայ Ընտանիքին» ծրագիրէն չօգտուած քաղաքացիներուն փորձած են ներառել այլ ծրագրերու մէջ. «Ճիշդ է, որ անոնք համարժէք չեն, բայց մեր հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ փորձած ենք օգնել անոնց»:

Սնունդի տոպրակներ բաժանուած են (մօտաւորապէս 200 հատ) տեղահանուած բազմազաւակ ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ զոհ կամ վիրաւոր ունեցող ընտանիքներուն: Սնունդի տուփ եւ հականեխիչ իրեր բաժանուած են Ասկերանի շրջանի Արմենակաւանի 13, Ուղտասարի 32, Մարտակերտի շրջանի Նոր Մարաղայի 125, Նոր Սէյսուլանի 35, Նոր Այգեստանի 45 եւ Հովտաշէնի 66 ընտանիքներուն: Անկողինի պարագաներ յատկացուած են Ներքին Ճարտարի 57, Ազոխի 83, Դրախտիկի 65 եւ Մատաղիսի 44 ընտանիքներուն:

Յունուարէն ետք ծնած 200 նորածինի տրամադրուած են մանկական ուտելիք, հագուստ եւ հականեխիչ: Ֆրանսայէն հասած 300 տուփ մանկական ուտելիքը փոխանցուած է «Արեւիկ» մանկական դարմանատուն:

Յունաստանի հայ համայնքին կողմէն ստացած են հագուստ եւ սնունդ: Ստեփանակերտի ՀՕՄի «Սօսէ» մանկապարտէզի պահեստէն հագուստներ ստացած են 2007 ընտանիքի 10000-էն աւելի անդամ, ինչպէս նաեւ 190 ընտանիքի սնունդ բաժանուած է:

Նախորդ յիշուածներու կողքին, Նոր Ջուղայի հայ համայնքի աջակցութեամբ` զոհուած հերոս եւ վիրաւորուած զինուոր ունեցող 68 ընտանիք, ՀՕՄի միջոցով, ստացած է 300 ԱՄՆ տոլար գումար:

Յարութիւնեան խօսած է նաեւ Արցախեան առաջին պատերազմի ժամանակէն գործող եւ Սփիւռքի տարբեր ընտանիքներու կողմէն պարբերաբար աջակցութիւն ստացող` «Զոհուած Հերոսների Զաւակներ» ծրագիրին մասին, որուն շնորհիւ մօտաւորապէս 600 երեխայի տուեալներ ուղարկուած են ՀՕՄին:

Զրոյցի վերջաւորութեան ատենապետուհին շեշտած է, որ ՀՕՄը միշտ ալ ժողովուրդին կողքին է, եւ Արցախի մէջ իր ծրագիրները պիտի շարունակուին։