ՀՕՄի Ջաւախք Ֆոնտի Յանձնախումբի Ատենապետ Իվան Արտհալճեանի Հետ Հարցազրոյց` Զօրակցական Հանգանակային Հաւաքին Եւ Ջաւախքահայութիւնը Յուզող Հարցերուն Մասին


Հայրենի Ջաւախքի բնութենէն համայնապատկեր մը

Ջա­ւախ­քը պատ­մա­կան Մեծ Հայ­քի «Գու­գա­րաց» աշ­խար­հի գա­ւառ­նե­րէն մէկն է: Հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րուն մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ յի­շա­տա­կո­ւած է Մով­սէս Խո­րե­նա­ցիի կող­մէ:

Ներ­կա­յիս Վրաս­տա­նի սահ­ման­նե­րուն մէջ գտնո­ւող Ջա­ւախք երկ­րա­մա­սը, երկ­րի վար­չա­տա­րած­քա­յին բա­ժա­նում­նե­րուն պատ­ճա­ռով բաժ­նո­ւած է Սամց­խէ-Ջա­ւախք նա­հան­գին եւ վեր­ջի­նիս սահ­մա­նա­կից ու հա­րե­ւան մէկ այլ նա­հան­գի` Քվե­մօ-Քարթ­լի երկ­րա­մա­սի կազ­մի մէջ մտնող Ծալ­կա­յի շրջա­նին: Սամց­խէ-Ջա­ւախք նա­հան­գը կը բաժ­նո­ւի վեց շրջան­նե­րու, ո­րոնց­մէ են Ա­խալց­խան (նա­հան­գի վար­չա­կան կեդ­րոն), Ա­խալ­քա­լա­քը  եւ Նի­նոծ­մին­տան:

Սամց­խէ-Ջա­ւախ­քի բնակ­չու­թեան թի­ւը 1989-ին մար­դա­հա­մա­րով ­196,539­ հո­գի էր, ո­րուն 1­24­.3­27 (63,­3 ­%) հա­յեր էին, 2002-ի մար­դա­հա­մա­րով 20­7,5­98 բնակ­չու­թե­նէն 11­3,­34­7-ը հա­յեր էին: Վրաս­տա­նի վեր­ջին` 2014-ի աշ­նան տե­ղի ու­նե­ցած մար­դա­հա­մա­րով, ըստ պաշ­տօ­նա­կան վի­ճա­կագ­րա­կան տո­ւեալ­նե­րու, հա­յե­րու թի­ւը 30 %-ով  նո­ւա­զած է, ե­թէ ա­ռաջ  հա­յե­րը կը կազ­մէին Սամց­խէ-Ջա­ւախք նա­հան­գի եւ Ծալ­կա­յի շրջա­նի ընդ­հա­նուր ազ­գաբ­նակ­չու­թեան 65-70%-ը, ա­պա նոր ցու­ցա­նիշ­նե­րով ա­նի­կա չի հա­տեր 50 տո­կո­սը (Պետ­րո­սեան Դ. Տ., «Սամց­խէ-Ջա­ւախ­քի ու Ծալ­կա­յի պատ­մա­քա­ղա­քա­կան եւ ժո­ղովր­դագ­րա­կան ի­րա­վի­ճա­կը»):

Ջա­ւախ­քի հայ բնակ­չու­թեան՝ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին նո­ւա­զու­մը ու­նի բազ­մա­թիւ պատ­ճառ­ներ․ ըն­կե­րա-տնտե­սա­կան դժո­ւա­րին պայ­ման­նե­րու հե­տե­ւան­քով ար­տա­գաղթ, Վրաս­տա­նի պե­տու­թեան վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ` այլ ազ­գու­թիւն­նե­րու բնա­կե­ցու­մը Ջա­ւախ­քի տա­րած­քին, ծնե­լիու­թեան ան­կում ե­ւայլն:

Ջա­ւա­խա­հա­յու­թեան ա­ջակ­ցե­լու նպա­տա­կով Թո­րոն­թո­յի Հայ Կեդ­րո­նի սրա­հէն ներս, Մարտ 15-ին, կէ­սօ­րէն ետք ժա­մը 1:30-ին, Գա­նա­տա­յի ՀՕ­Մի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ պի­տի կա­յա­նայ Զօ­րակ­ցա­կան Հա­նա­գա­նա­կա­յին Հա­ւաք մը, ո­րուն զե­կու­ցա­բե­րը ՀՕ­Մի Ջա­ւախք Ֆոն­տի Յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ Ի­վան Արտ­հալ­ճեանն է:

Ար­տալ­ճեան «Թո­րոն­թո­հայ»ին հետ ու­նե­ցած  հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին կը ներ­կա­յաց­նէ ջա­ւախ­քա­հա­յու­թիւ­նը  յու­զող հար­ցե­րը, ինչ­պէս նաեւ ՀՕ­Մի կող­մէ այն­տեղ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող եւ յե­տա­գայ ծրա­գիր­նե­րը:

Հար­ցազ­րոյ­ցը վա­րեց` Տի­րուկ Մար­գա­րեան Կա­րա­պե­տեան

 

– Կրնա՞ք ­մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն ներ­կա­յաց­նել Լո­ռիի եւ Ջա­ւախ­քի ներ­կա­յի տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին ի­րա­վի­ճա­կը:

     ՀՕ­Մի Ջա­ւախք Ֆոն­տի Յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ Ի­վան Արտ­հալ­ճեան

-Ի­րա­վի­ճա­կը բա­ւա­կան ծանր է: Վեր­ջին քսան­հինգ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Ջա­ւախ­քի հա­յու­թեան յի­սուն առ հա­րիւ­րը ար­տա­գաղ­թած է: Ան­գոր­ծու­թիւն, ըն­տա­նե­կան ծանր պայ­ման­ներ եւ պան­դուխտ տղա­մար­դու բա­ցա­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռով տա­ռա­պանք: Տղա­մար­դիկ տա­րո­ւան տա­սը ա­մի­սը պանդխ­տու­թեան ճամ­բան կը բռնեն աշ­խա­տանք ա­պա­հո­վե­լու յոյ­սով, իսկ տու­նը կը մնան կի­նե­րը, զա­ւակ­նե­րը եւ տա­րեց­նե­րը․ այդ մէ­կը ան­շուշտ ծանր պայ­ման­ներ կը ստեղ­ծէ:

 

-Ի՞նչպի­սի դժո­ւա­րու­թիւն­ներ կը դի­մագ­րա­ւէ Ջա­ւախ­քի տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քը:

-Նա­խա­պէս յի­շած­նե­րուս վրայ կ­՛ու­զեմ ա­ւելց­նել տե­ղա­կան լե­զուն չտի­րա­պե­տե­լու հար­ցը: Եր­կար տա­րի­ներ վրա­ցե­րէն չսոր­վող հա­յը այդ­տե­ղի ապ­րե­լա­կեր­պին հետ մե­րո­ւե­լու լուրջ խնդիր ու­նե­ցած է: Տեղ­ւոյն աշ­խա­տան­քի լա­ւա­գոյն ա­ռիթ­ներ հայ­թայ­թող­նե­րը կա­ռա­վա­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներն են, ինչ­պէս` քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը, թա­ղա­պե­տա­րա­նը, գիւ­ղա­պե­տա­րա­նը, հի­ւան­դա­նոց­նե­րը, դպրոց­նե­րը եւ ա­սոնց նման այլ հաս­տա­տո­թիւ­ներ, ո­րոնց մէջ աշ­խա­տե­լու հա­մար վրա­ցե­րէ­նի ի­մա­ցու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ է: Այս պատ­ճա­ռով շա­տե­րը դուրս կը մնան այդ աշ­խա­տա­վայ­րե­րէն եւ այս­պի­սով ի­րենց ա­ռօ­րեայ խնդի­րերն ու դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը կը բար­դա­նան:

 

– Ի՞նչ­ է ՀՕ­Մի Ջա­ւախք Ֆոն­տի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը: Մինչ օրս ի՞նչպի­սի ծրա­գիր­ներ ի­րա­գոր­ծած է ձեր յանձ­նա­խում­բը:

-ՀՕ­Մի Ջա­ւախք Ֆոն­տի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը հա­յա­պահ­պա­նումն է, սա­կայն հոս հա­յա­պահ­պան­ման ի­մաս­տը քիչ մը կը տար­բե­րի սփիւռ­քի այլ հայ գա­ղութ­նե­րու հա­յա­պահ­պան­ման հաս­կա­ցո­ղու­թե­նէն: Մեր նպա­տա­կը ո՛չ ­միայն հայ­կա­կան մշա­կոյ­թը, հա­յե­րէն լե­զուն եւ ա­ւան­դոյթ­նե­րը պահ­պա­նելն է, այլ` հա­յը Ջա­ւախ­քի մէջ պա­հե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ կը կա­յա­նայ մեր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը: Ներ­կա­յիս Ա­խալ­քա­լա­քի, Նի­նոծ­մին­տա­յի եւ Ա­խալց­խա­յի մէջ մեր ծրա­գի­րը Հայ­կա­կան Ե­րի­տա­սար­դա­կան կեդ­րոն­նե­րը վե­րա­նո­րո­գելն է:

Ան­ցեա­լին` հի­ւան­դա­նոց­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թեան գոր­ծով զբա­ղած է ՀՕ­Մի Ջա­ւախք Ֆոն­տը եւ տասն­չորս բուժ­կէ­տեր վե­րա­նո­րո­գած է: ՀՕ­Մի տեղ­ւոյն մաս­նա­ճիւ­ղը կա­րե­ւոր այլ աշ­խա­տանք­ներ ալ կը տա­նի, օ­րի­նակ` կրթա­թո­շակ­ներ հայ­թայ­թել, օ­ժան­դա­կու­թիւն կա­րի­քա­ւոր ըն­տանք­նե­րու, ե­ւայլն:

 

-Ա­մե­նէն շատ ո՞ր­ ո­լոր­տին մէջ կրնայ Սփիւռ­քը օգ­տա­կար դառ­նալ եւ օգ­նել Ջա­ւախ­քի  մէջ ապ­րող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն:

 -Շատ կա­րե­ւոր եւ հե­տաքրք­րա­կան հար­ցում է այս մէ­կը: Ընդ­հան­րա­պէս այդ տպա­ւո­րու­թիւ­նը կայ, որ մար­դիկ միայն ի­րենց նիւ­թա­կան ներդ­րում­նե­րով կրնան օ­ժան­դա­կել: Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ մեր նպա­տա­կը  ո՛չ ­միայն նիւ­թա­կան, այլ բա­րո­յա­կան եւ մաս­նա­գի­տա­կան ներդ­րում­ներ կա­տա­րելն է` սփիւռ­քի մեր տար­բեր հա­մայնք­նե­րուն կող­մէն: Օ­րի­նա­կի հա­մար` Ե­րի­տա­սար­դա­կան կեդ­րոն­նե­րուն պա­րա­գա­յին կրնանք սփիւռ­քէն մաս­նա­գէտ­ներ եւ հմուտ ան­ձեր բե­րել Ջա­ւախք եւ դա­սըն­թացք­ներ կազ­մա­կեր­պե­լով ա­ռիթ տանք, որ­պէս­զի ա­նոնք  օգ­տա­կար դառ­նան ե­րի­տա­սարդ ջա­ւախ­քա­հա­յու­թեան:

2020-ի ա­ռա­ջին օ­րէն սկսեալ ի­րա­կա­նաց­նե­լիք հե­տե­ւեալ ծրա­գիր­նե­րը ու­նինք եւ ա­նոնք ի­րա­կա­նու­թիւն պի­տի դառ­նան սփիւռ­քա­հա­յու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեան շնոր­հիւ: Գոր­գա­գոր­ծու­թեան, ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան եւ յա­տուկ մաս­նա­գի­տա­կան գրա­սե­նեակ­ներ պի­տի փոր­ձենք բա­նալ, ինչ­պէս նաեւ ի­րա­ւա­բա­նա­կան, հա­շո­ւա­պա­հա­կան,   զբօ­սաշր­ջի­կու­թեան: Սփիւռ­քի մեր հա­մայնք­նե­րը կրնան նիւ­թա­կան օգ­նու­թեան մի­ջո­ցով, կամ մաս­նա­գի­տա­կան ի­րենց ներդ­րու­մը կա­տա­րե­լով` օ­ժան­դա­կել այս ծրա­գիր­նե­րը ի­րա­կա­նու­թիւն դարձ­նե­լուն:

 

– ՀՕ­Մի մար­դա­սի­րա­կան եւ բա­րե­սի­րա­կան լայ­նա­ծա­ւալ ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րը բո­լո­րիս ծա­նօթ են. ար­դեօք կա­րե­լի է՞ տե­ղե­կու­թիւն տաք, թէ Զօ­րակ­ցա­կան Հան­գա­նա­կա­յին Հա­ւա­քի օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը ա­ռա­ւե­լա­բար ո՞ր բ­նա­գա­ւա­ռին պի­տի յատ­կա­ցո­ւի:

 – Ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը Ա­խալ­քա­լա­քի, Նի­նոծ­մին­տա­յի եւ Ա­խալց­խա­յի Ե­րի­տա­սար­դա­կան կեդ­րոն­նե­րուն վե­րա­նո­րոգ­ման եւ Նի­նոծ­մին­տա­յի գոր­գա­գոր­ծու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն տրո­ւած է․ ծրա­գի­րը եւ մաս­նա­գէտ­նե­րը պատ­րաստ են եւ ներդ­րում­նե­րու շնոր­հիւ այդ աշ­խա­տան­քին պի­տի սկսինք: Յոյ­սով ենք, որ Մա­յի­սին այս ծրա­գի­րը կրնանք սկսիլ: Ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան ծրա­գի­րը նաեւ ըն­թաց­քի մէջ է եւ այս շա­բաթ իսկ Նի­նոծ­մին­տա­յէն Ե­րե­ւան պի­տի հաս­նին չորս կի­ներ վե­րա­պատ­րաս­տո­ւե­լու նպա­տա­կով:

 

– Գա­նա­տա­յի ՀՕ­Մի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը վա­յե­լող` Զօ­րակ­ցա­կան Հան­գա­նա­կա­յին Հա­ւա­քին նպա­տա­կով կա­յա­նա­լիք ձեր զե­կոյ­ցը սպա­սող Թո­րոն­թո­հայ հա­մայն­քին ի՞նչ  սրտի խօսք կ­՛ու­զէք փո­խան­ցել:

 – Գա­նա­տա­յի հայ­կա­կան հա­մայն­քը եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր իր օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը տրա­մադ­րած է Ջա­ւախ­քի նո­ւի­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րուն: Գա­նա­տա­հա­յու­թիւ­նը ա­մէն տա­րի լիու­լի  կը կա­տա­րէ  իր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը եւ   իր  այս օի­նա­կե­լի աշ­խա­տան­քով ոյժ կը ներշն­չէ յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուս, որ­պէս­զի մենք ալ մեր կար­գին խան­դա­վա­ռու­թեամբ աշ­խա­տինք եւ ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ դառ­նան մեր աշ­խա­տանք­նե­րը: Գա­նա­տա­հա­յե­րը, ի­րենց կազ­մա­կեր­պո­ւա­ծու­թեամբ, լա­ւա­գոյն օ­րի­նա­կը կը հան­դի­սա­նան սփիւռ­քի այլ հա­մայնք­նե­րուն: Ես ան­համ­բեր կը սպա­սեմ գա­նա­տա­հա­յու­թեան հետ հան­դիպ­մանս եւ միեւ­նոյն խան­դա­վա­ռու­թեամբ կը սպա­սեմ Գա­նա­տա­յի հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու այ­ցին Ջա­ւախք:

Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնի շէնքը

 

Ախալցխա քաղաքը