ՀՕՄի «Ռուբինա» Մասնաճիւղը Թորոնթոյի Michael Garron Հիւանդանոցին Համար Դիմակներ Կը Պատրաստէ


“Ռուբինա” մասնաճիւղի կամաւոր ընկերուհիները դիմակներ կը կարեն

2020-ի առաջին ամիսներէն սկսեալ Գորոնա Ժահրը սեւ ամպի մը պէս մթագնեց տիեզերքի երկինքը ու սարսափի մատնեց համայն աշխարհի բնակչութիւնը խլելով անհամար կեանքեր: Պետութիւն ու առողջապահական մարմիններ անակնկալի եկած՝ սկսան գործադրել կանխարգիլման ամէն միջոց նուազեցնելու համար համաճարակին պատճառելիք վնասները: Բժիշկներ ու հիւանդապահներ, վտանգի տակ առնելով իրենց կեանքերը փութացին օգնելու բոլոր անոնց, որոնք վարակուեցան այս ախտէն:

Գանատան ալ զերծ չմնաց այս համաճարակէն ու Մարտ ամսու կէսէն սկսեալ ահազանգը հնչեցուց խիստ միջոցներով ժողովուրդը զգուշացնելու որպէսզի հետեւին պետութեան եւ առողջապահական մարմիններու կողմէ թելադրուած եւ վերջերս պարտադրուած ինքնամեկուսացման եւ ընկերային հեռաւորութիւն պահելու միջոցին: ՀՕՄը հաւատարիմ իր կոչումին,եւ թելադրուած ստեղծուած իրավիճակէն՝ տեղեակ պահեց իր անդամները առնուած նախազգուշական քայլերուն եւ հեռաձայնով կամ ե-նամակով մօտեցաւ անոնց, որոնք կարիքը ունէին օգնութեան:

ՀՕՄի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի վարչութիւնը Թորոնթոյի Michael Garron հիւանդանոցէն 1000 ոչ բժշկական դիմակներու (Masks) պատրաստութեան առաջարկ ստացաւ, հանրութեան գործածութեան համար: Վարչութիւնը ե-նամակով կոչ ուղեց մասնաճիւղի ընկերուհիներուն, որպէսզի օժանդակեն այս ծրագրի յաջողութեան եւ ապահովեց անհրաժեշտ կերպասները եւ իրերը:

Ընկերուհիներուն պատրաստակամութիւնը սոյն ծրագիրը կամաւորաբար իրագործելու քաջալերական էր: Նկատի առնուեցան բոլոր կամաւորներու ապահով եւ առողջ աշխատելու միջոցները:

Առ այժմ պատրաստուած են 500 դիմակներ (Masks):

Յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին մնացեալ 500-ը պիտի պատրատուին եւ յանձնուին հիւանդանոցին:

Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, հաւատարիմ՝ «Ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս համար» կարգախօսին՝ իր կամաւորներու հսկայ բանակով, միշտ օժանդակութեան ձեռք երկարած է հոն, ուր որ օգնութեան կարիքը կայ:

ՀՕՄի «Ռուբինա»Մասնաճիւղի վարչութիւնը երախտագիտութեամբ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր կամաւորներուն, որոնք ՀՕՄուհիի բարձր գիտակցութեամբ կատարեցին իրենց վստահուած աշխատանքը:

Կամաւոր աշխատանքի մեծութիւնը իր միասնակամ ուժին մէջ է:

ՀՕՄի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի Վարչութիւն

Կամաւոր ընկերուհիներու դիմակներ կարելու աշխատանքէն պատկերներ