ՀՕՄի Ռուբինա Մասնաճիւղի Ատենապետ Արտա Շահինեանի Հետ Զրոյց. Մասնաճիւղին Օժանդակութեան Ծրագիրները Եւ Կամաւոր Աշխատանքները Անխափան Կ՛ընթանան


ՀՕՄի Ռուբինա Մասնաճիւղի ատենապետ Արտա Շահինեան

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Մեկուսացումն ու ընկերային հեռաւորութիւնը նկատի առնելով, ՀՕՄի Ռուբինա Մասնաճիւղը ինչպէ՞ս կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Մասնաճիւղի ատենապետ Արտա Շահինեան «Թորոնթոհայ»ի հետ զրոյցի ընթացքին կը ներկայացնէ իրենց որդեգրած աշխատանքի նոր ձեւերն ու քայլերը, ինչպէս նաեւ՝ մասնաճիւղին վերջին շրջանին արձանագրած ձեռքբերումները։

 

Համաճարակին Բերած Դժուարութիւնները Յաղթահարեցինք

Համաճարակը շատ ազդեց՝ մեր ծրագիրները իրականացնելու գծով։ Մեր կազմակերպութիւնը հաւաքական ոյժով է, որ իր աշխատանքը եւ առաքելութիւնը կ’իրագործէ, սակայն այս օրերուն, ինչպէ՞ս պիտի համախմբուէինք, երբ ընկերային հեռաւորութիւն պահելը պարտադիր էր, ուստի` «Ամէն չարիքի մէջ բարիք մը կայ», խօսքը մտաբերելով, առցանց սկսանք համախմբուիլ եւ մեր առաքելութիւնը շարունակել` օգտակար դառնալու մեր հայրենակիցներուն։ Համացանց չգործածողներն անգամ սկսան միջոցներ որդեգրել եւ առցանց կապեր հաստատելով ձեռք մեկնել եւ իրենց ներդրումը ունենալ։ Մեր վարչական ժողովները առցանց կ’ընթանան կանոնաւոր ձեւով, սակայն մենք ջանք կը թափենք, որ մեր արխիւները թուայնացած` ելեկտրոնային ձեւով պահպանենք եւ այդ ուղղութեամբ կ’աշխատինք, որպէսզի նախ տեղ խնայենք, ապա` այսպիսի պարագաներուն, տունէն ստուգենք զանոնք։

 

Յետաձգուած Առիթներն ու Տօնակատարութիւնները

Ապրիլ 17-18-ին, Թորոնթոյի մէջ Համահայկական Սեմինար պիտի կայանար, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի հիմնադրութեան 110-ամեակի յոբելեանի եւ Գանատայի շրջանի 30-ամեակի տօնակատարութիւնը պիտի հիւրընկալէինք: Պիտի մասնակցէին Գանատայի ՀՕՄի մասնաճիւղերը եւ բարձր մասնագիտութիւն ունեցող հիւրեր։

Մարտ 23-31 Քուպա երթալու մեր ծրագիրը չեղեալ նկատուեցաւ։

Հովանաւորած էինք Ջաւախքի հանրահաւաքը, որ հակառակ անոր որ չեղեալ նկատուեցաւ, սակայն մենք մեր մասնաճիւղին նուիրատուութիւնը տեղ հասցուցինք եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ փորձեցինք հանրահաւաքը առցանց իրականացնել, սակայն մեր ակնկալած արդիւնքին չհասանք։

Մայիս 2-ին ՀՕՄի Ռուբինա մասնաճիւղին տարեդարձը, ՀՕՄի Օրը եւ Մայրերու Օրը միատեղ տօնել կը պատրաստուէինք, ուր նախորդ տարիներուն նման պիտի պատուէինք երկարամեայ գործունէութիւն վարած ընկերուհիները, բայց տօնակատարութիւնը չեղեալ նկատուեցաւ, անոր փոխարէն պատրաստեցինք տեսերիզ մը , ուր վարչութեան խօսքը փոխանցեցինք մեր ընկերուհիներուն եւ իրենց հոգեկանը բարձրացնելով կարեւորեցինք մեր միասնական ըլլալու գաղափարը։ Ընդհանրապէս, Յունիսին, շրջանային վարչութիւնը կը կազմակերպէ  Երախտագիտական երեկոյ մը, երբ ճոխ յայտագիրով յանձնախումբերու մէջ ժրաջան աշխատանք տանողները կը յիշուին եւ երիտասարդներուն բարի ու լաւ օրինակ հանդիսանալով կը քաջալերեն նոր սերունդը։ Սակայն ներկայ պարագան նկատի առնելով, որոշած ենք առցանց ընկերային հանդիպում մը ընել եւ Յունիս ամսուան անդամական ժողովը այդպիսով իրականացնել։

 

Զօրաւոր Կամքով Եւ Կամաւոր Աշխատանքով Կը Շարունակենք Հասոյթ Ապահովել

Փետրուարին սկսած էին հայկական աւանդական պազարի համար ճաշատեսակ պատրաստելու կազմակերպչական աշխատանքները։ Նախորդ տարիներուն պէս, նոր ընտրուած կազմը, շաբաթական դրութեամբ, պազարներ կը կազմակերպէ կամ ճաշ պատրաստելով ու վաճառելով հասոյթ կը հայթայթէ մեզի, իսկ Նոյեմբերի առաջին շաբաթավերջին կ’ըլլայ հիմնական պազարը։ Պազարներուն հասոյթը ՀՕՄի Ամենօրեայ Վարժարանի Telethon-ի ընթացքին նուիրատուութիւն կ’ընենք ($50000, իսկ վերջին երկու տարիներուն  $55000)։ Ափսոս, Փետրուարին սկսած ճաշատեսակներու պազարը հազիւ թափ առած էր` «Քորոնա» համաճարակին պատճառով կանգ առաւ, բայց պազարի յանձնախումբի աշխատանքը կանգ չէ առած, որովհետեւ պատասխանատուութեան գիտակից մեր յանձնախումբը իր առաքելութիւնը շարունակելու այլ միջոց մը գտաւ։ Michael Garron hիւանդանոցը կոչ ուղղած էր եւ կերպասով պատրաստուած դիմակներու կարիքը ունէր (շաբաթական դրութեամբ 1000 հատ)։ Կամաւոր աշխատող մեր ընկերուհիները ընդառաջելով մեր հրաւէրին անմիջապէս գործի լծուեցան եւ ֆիզիքական հեռաւորութիւնը պահելով կարեցին 1000 դիմակներ, զորս նուիրեցինք հիւանդանոցին։ Այս լուրը տարածուելուն պէս, զանազան ընկերութիւններէ կապ պահեցին մեզի հետ եւ կարուած դիմակներ պահանջեցին մեզմէ (վճարովի)։ Պազարի յանձնախումբի մեր ժրաջան եւ պարտականութեան գիտակից ընկերուհիները աշխատանքի գլուխ անցան եւ սկսան կարել դիմակներ, որոնց հատը կը վաճառուի 5 տոլարի։ Հասոյթ ապահովելու միջոցը գտնուած էր։ Այս աշխատանքներուն կցուեցան մանթի եւ քիւֆթէ պատրաստելն ու մինչեւ պատուիրատուին տունը հասցնելը։ Իսկ անցեալ շաբթուան նոր արտօնութիւններուն հիման վրայ այլեւս կրնանք ճաշերը վաճառել ակումբէն` շաբաթական 1 ժամ տեւողութեամբ եւ curbside  pickup-ի ձեւով։ Այս շաբաթ ե-նամակներ ալ պիտի ղրկենք եւ դիմատետրի մեր էջին վրայ յայտարարութիւն տեղադրենք, որպէսզի տրուած պատուէրները ընդունինք։ 

 

Նիւթական Պարտաւորութիւնները Կ’իրականացնենք 

Չմոռցանք դժուար պայմաններու մէջ եղող լիբանանահայութիւնը։ Մեր մասնաճիւղը, Լիբանանի ՀՕՄի երեք ծրագիրներուն Ամերիկեան 3000 տոլար նուիրեց։

Մարտ 8-ին մեծ շուքով նշեցինք Կանանց Միջազգային Օրը եւ այդ յաջող ձեռնարկի հասոյթէն, այս տարի եւս, նուիրեցինք Հայաստանի մէջ գտնուող ՀՕՄի «Մօր ու Մանկան» առողջութեան-կեդրոնին մէջ աղջիկ երեխայի ծնունդ տուող 14 ընտանիքի։ Գանատայի մէջ Հայաստանի Դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանն էր այդ օրուան բանախօս հիւրը, որուն փափաքին համաձայն Աուտիզմ Ազգային Հիմնադրամին (Armenian Autism foundation) նուիրեցինք 1000 տոլար։

Հակառակ այս դժուար պայմաններուն, աւանդոյթ դարձած՝ ուսանողներուն կթաթոշակ յատկացնելու մեր սովորութիւնը պահպանեցինք եւ եօթը ուսանողներու կրթաթոշակ ապահովեցինք՝ իւրաքանչիւրին 1000 տոլար։

 

Մեր Երեխաներուն Ամառնային Ճամբարը

Ամառնային ճամբարի վերաբերեալ հոյակապ լուր մը կ’ուզեմ փոխանցել մեր համայնքին։ Նպաստ ստանալու մեր դիմումնագիրը ընդունուած է, պայմանաւ որ եթէ համաճարակի այս դրութիւնը շարունակուի համացանցի միջոցով` առցանց ընենք զայն։ Canada Summer Jobs ծրագիրի միջոցով աշխատողներ ալ կրնանք ապահովել, որպէսզի մեզի օգնեն։ Երեխաներուն կը հոգանք եւ անոնց մասին կը խորհինք,  որովհետեւ անոնք շատ տուժեցին եւ իրենց ընկերային շրջանակէն հեռու մնացին։ Ընկերային հեռաւորութիւնը պահպանելով կամ այլ միջոցներ որդեգրելով ընկերային ջերմ մթնոլորտով լեցուն ճոխ եւ արդիւանաբեր ամառնային ճամբար մը անցընելու խոստումը կու տանք մեր երեխաներուն։ 

 

Մեր Տարեցներն Ու Երէցները Չենք Մոռցած։

Մեր տարեցներուն՝ Արարատ ծերանոցի բաժիններուն հետ միշտ կապի մէջ ենք, սակայն տուեալ պայմաններուն բերումով՝ անշուշտ հեռուէն։ Շատ ուրախ ենք, որ մեր բոլոր հայ տարեցները ապահով են եւ վարակի ո՛չ մէկ դէպք յայտնուած է մինչ օրս։ ՀՕՄի մնայուն կապ հանդիսացող մեր վարչական ընկերուհի Լենա Օհաննէսեանը յաճախ տարեցներուն լուրերը կը փոխանցէ մեզի։  Ունինք յանձնախումբ մը , որ շաբաթական դրութեամբ կապ կը պահէ առանձնացած կամ հարազատ չունեցող երեց ընկերուհիներուն հետ, որպէսզի իրենց հոգեկանը բարձր պահէ եւ անոնց կարիքներուն հասնի:

 

Դրական Մտածումով Ու Անխոնջ Աշխատանքով Կը Շարունակենք Մեր Առաքելութիւնը։

Ինչ դժուարութեան մէջ ալ ըլլայ, ՀՕՄը անպայման աշխատելու ձեւը կը գտնէ՝ մեր գաղութի կարիքները հոգալու համար։ Մայրը իր զաւակները անտէր չի ձգեր, ընդհակառակը՝ պայմանները որքա՜ն դժուարանան, այնքա՛ն աւելի մեծ սրտով կը հոգայ իր զաւակները, որպէսզի անոնք գոյատեւեն։ Անշուշտ այս օրերը պիտի անցնին, դարձեալ պիտի հաւաքուինք ու մեր բարեսիրական գործունէութիւնը պիտի շարունակենք եւ ամպամած երկինքին մէջի լոյսի շողը պիտի տեսնենք։

ՀՕՄի Ռուբինա մասնաճիւղի վարչական շաբաթական առցանց ժողովէն նկար մը