ՀՕՄի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի Կազմակերպած Թխուածքներու Եւ Ուտեստներու Վաճառքը՝ «Արցախի Հետ, Արցախի Համար» Խորագիրով


«Արցախի Հետ, Արցախի Համար» խորագիրով խմորեղէններու, անուշեղէններու վաճառքէն պատկեր մը

«Թորոնթոհայ”,- Կիրակի, Հոկտեմբեր 25-ի առաւօտեան ժամը 11-էն սկսեալ, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄի Ռուբինա մասնաճիւղի կազմակերպած՝ «Արցախի Հետ, Արցախի Համար» խորագիրով խմորեղէններու, անուշեղէններու, թխուածքներու եւ այլազան համեղ ուտեստներու վաճառք։

Արցախին զօրակցութեան նպատակով տեղի ունեցած վաճառքի յաջող ընթացքը ապահովելու համար մասնաճիւղի ժրաջան ընկերուհիները աշխատանքի լծուած էին` պատրաստելու լաւագոյն քաղցրեղէնները, կարկանդակները ու բազմազան ուտեստները, որոնք յատուկ խնամքով ու ճաշակով փաթեթաւորուած էին Արցախի խորհրդանիշ՝ Պապիկի ու Մամիկի նկարներով, «Արցախի Հետ» եւ «Հաճեցէք նուիրաբերել» գրութիւններով ու Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներու գոյներով։

ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետուհի Արտա Շահինեան յիշեց, որ այսօրուան վաճառքին գոյացած հասոյթը պիտի կրկնապատկուի եւ նուիրաբերուի ՀՕՄի բարեսիրական աշխատանքներուն։ Ան նշեց, որ իրենց մասնաճիւղը այս աշխատանքով չի բաւարաուիր, այլ Հոկտեմբեր 31-ին կոչ պիտի ուղղուի ամբողջ գանատահայութեան, ՀՕՄի բոլոր մասնաճիւղերուն ու համակիրներուն, որպէսզի բոլորը իրենց մասնակցութիւնը բերեն Telethon-ին՝ օժանդակելու համար մեր բանակին, զինուորներուն եւ Հայաստանի մէջ ապաստանած Արցախի մեր հայրենակիցներուն։

Սոյն ձեռնարկին յաջողութիւնը արդիւնքն էր միասնական աշխատանքին։ Այդ աշխատանքներուն ընթացքին մասին «Ռուբինա» մասնաճիւղի փոխատենապետուհի Արշալոյս Աստուրեան ըսաւ, թէ իրենց յայտնած գաղափարին ու կոչին ընդառաջեցին ո՛չ  միայն ՀՕՄի ընկերուհիները, այլ թորոնթոհայ տանտիկններէն շատեր, որոնք իրենց տան խոհանոցներուն մէջ պատրաստեցին ու եփեցին այսօրուան ուտելիքները՝ օգնելու նպատակով Արցախի մէջ տեղի ունեցած գոյապայքարին։ Ան աւելցնելով նշեց․ «Այսօր Արցախի մէջ մեր զինուորները իրենց կեանքը կը զոհեն մեզի համար, մենք ալ մեր կարգին միշտ պատրաստ ենք մեր բարեսիրական գործունէութիւնը շարունակելու, իսկ մասնաճիւղի անդամները պատրաստ են անխոնջ աշխատելու, մինչեւ որ մեր զինուորները իրենց տուները դառնան ապահով»։

«Արցախի Հետ, Արցախի Համար» խորագիրով խմորեղէններու եւ ուտեստներու վաճառքը տեւեց մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը չորս, իսկ մեղուի ջանասիրութեամբ աշխատողներուն պատրաստածները սպառեցան եւ բարեսիրական ձեռնարկը յաջողութեամբ հասաւ իր աւարտին։ 

«Արցախի Հետ, Արցախի Համար» խորագիրով խմորեղէններու, անուշեղէններու վաճառքէն պատկերներ