ՀՕՄի ”Ռուբինա” Մասնաճիւղի ”Մայրերու Օր”ուան Տօնակատարութիւն


Զարուհի Հասըրճեան


ՀՕՄի ”Ռուբինա” Մասնաճիւղի Վարչութեան 2018 թուականի ”Մայրերու Օր”ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ  Մայիս  12ին, միօրեայ պտոյտով մը դէպի  գեղատեսիլ Niagara-on-the-Lake: 155 ընկերուհիներով եւ համակիրներով Հայ Կեդրոնի շրջափակէն մեկնեցանք նշուած վայրը: Ճամբու ընթացքին մասնակցիները հիւրասիրուեցան յանձնախումբի պատրաստած համեղ  խմորեղէններով: Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւած ճամբան շատ կարճ թուեցաւ, որովհետեւ ընկերուհիները զուարճախօսութիւններով,  երգերով ու պարելով ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծուեցին։  Հասանք ”Pillar and Post”  պանդոկը:  Հիւրերը անմիջապէս առաջնորդուեցան պանդոկի Upper Canada սրահը ուր DJ Christի գեղեցիկ մեղեդիներու ընկերակցութեամբ հիւրասիրուեցան սուրճով եւ Punchով:  

Այս տարի եւս, յանձնախումբի անդամները, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Այտա Գանձապետեանին՝  ճիգ չէին խնայած ձեռնարկը վայելքի  բացառիկ օր մը դարձնելու:  Սեղաններու մէջտեղը զետեղուած գոյնզգոյն վարդի փոքրիկ թաղարները զարդարած էին  սրահը:  Նոյնպէս իւրաքանչիւր անհատի դիմաց դրուած էր չոր միրգի հատիկ մը, որուն ժապաւէնով  կապուած էր Համբարձման տօնի յատուկ վիճակի գրութիւն մը:  Հետաքրքրական էր տեսնել ներկաներուն խանդավառութիւնը մինչ իւրաքանչիւրը կը բանար միրգերուն կապուած թղթիկները ու կը կարդար իր ”վիճակ”ը:

Ապա, հակիրճ նկարագրեց հայ կինը, մեր առասպելներէն, դիւցազնական աստուածուհիներէն, ”Անահիտ”ի տրուած արժէքներէն, որոնք կ’ապացուցանեն, թէ հայ կինը դարերով, շարունակաբար, նոյն արժէքներով, աւելիով եւ անխտիր կը գործէ մինչեւ այսօր: 

Ընկերուհին նշեց թէ՝ ”  կինը  մեր ժողովրդական երգերուն մէջ  ”տան ճրագ” կը կոչեն եւ հայ կնոջ ”լոյսը” անեղծ մնացած է դարերէ ի վեր, ստրկութեան տարիներու խաւարը լուսաւորած է, պահած է ցեղին ֆիզիքական եւ բարոյական ինքնուրոյն դիմագիծը, հակառակ երբեմնի խաւարին, որ կը տիրապետէր»։

Ան մէջբերեց Յովհաննէս Շիրազի հետեւեալ տողերը․

 ”Մեր տան ճրագն է մայրս,

Մեր տան արեգակն է մայրս

Մեր տան Աստուածն է մայրս……….”։

Իր խօսքի աւարտին ան մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի նուիրատուներուն, ներկաներուն եւ  բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած էին ձեռնարկի յաջողութեան:  ”Ձեր բոլորին քաջալերանքներուն շնորհիւ է, որ մեր միութիւնը կը գոյատեւէ եւ կը  շարունակէ իրականացնել իր ազգանուէր առաքելութիւնը’, ըսաւ ան’:

Տեղի ունեցաւ Ճաշի սպասարկութիւն։ Բոլոր ճաշի տեւողութեան DJ Christի  հաճելի մեղեդիները բարձր պահեցին ներկաներուն տրամադրութիւնները:  Ճաշի միջոցին, ընկերուհիներ մօտեցան սեղաններուն եւ վաճառեցին վիճակահանութեան տոմսերը։ 80 նուէրները շահող ընկերուհիները մեծ հետաքրքրութեամբ եւ ուրախութեամբ մօտեցան սեղաններուն ստանալու իրենց նուէրները: 

Կարինէ Ճամճէքեան շնորհալի ու նազանի  մենապարեց  Խաչատուր Աւետիսեանի ”Պարմանի” պարը: Ան ճկուն շարժումներով պահ մը կարծես մեզ փոխադրեց մեր հայրենի դաշտերը, ուր պարմանուհիներ կուժերը իրենց ուսին, կ’երթային սարի աղբիւրը՝ լեցնելու իրենց կուժերը պաղ ջուրով ու գուցէ տեսնէին իրենց սրտին սիրած եարը……… ։ Ան արժանացաւ ներկաներուն ջերմ ու բուռն ծափահարութիւններուն: 

Այս տարի Մայրերու Օրը կը զուգադիպէր նաեւ Համբարձման Տօնին․  ընկերուհի Յասմիկ Շարապխանեան գեղեցկօրէն ներկայացուց Համբարձման Տօնին խորհուրդը եւ թուեց այդ տօնին հետ առնչուող  բարքերն ու սովորութիւնները դարերու ընդմէջէն:  ‘Համբարձումը հայերուս համար ազգային, հոգեւոր եւ միաժամանակ ժողովրդային օր է: Ան կոչուած է Համբարձում, Վիճակ եւ Կաթնապուրի տօն անուններով: Համբարձումը սիրոյ եւ ուրախութեան օր է:  Այն սիրոյ, որ ընծայուեցաւ մարդկութեան, այն ուրախ օրուան, երբ Տէր Յիսուս համբարձաւ մեզմէ: Սուրբ  Յարութեան տօնէն կամ Զատիկէն յետոյ, Քրիստոս ուղիղ քառասուն օր շրջած է երկրի վրայ եւ քառասուներորդ օրը համբարձած երկինք:  Համբարձումը տօնակատարութիւն է սիրոյ, բաղձանքի եւ դարերէ ի վեր միակ օրը եղած է, որ երիտասարդ աղջիկները իրաւունք ունեցած են միայնակ շրջելու դաշտերը երգով, ծիծաղով:  Դաշտերէն հաւաքած ծաղիկները եւ բուրումնաւէտ բոյսերը ջուրի մէջ կը զետեղէին: Ամէն անձ զարդ մը կը նետէր ջուրին մեջ: Այդ դոյլէրը կը պահուէին աստղերուն տակ, որ հրաշքով իրենց փափաքները կատարուին: Ամբողջ գիշեր  աղջիկները պահակ կը կենային, որպէսզի տղաները դոյլերը չգողնային”, ըսաւ ան։

Ներկաները հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին համբարձման խորհուրդը։ Այդ միջոցին Համբարձման թափօրը, առաջնորդութեամբ պարմանուհի Ռուբինա Քէօշկէրեանին եւ  «Համբարձում Եայլա»  երգի ընկերակցութեամբ,  սրահ մուտք գործեց։ Իւրաքանչիւր սեղանէն մէկ հոգիի անունը ձգուեցաւ վարդի թերթիկներով լեցուն ջուրի դոյլին մէջ:  Վիճակները կարդաց  Զարուկ Հասըրճեան։  

DJ Christը  Հայկական ճոխ պարի եղանակներով ոտքի հանեց ներկաները:  Ընկերուհիները շուրջպար բռնեցին ու այնքան սքանչելի մթնոլորտ մը ստեղծեցին, որ կարծես  հարսանիք մը ըլլար: 

Ժամը 3ն էր .  յայտագիրը հասած էր ին աւարտին, բայց ոչ ձեռնարկը:  Ինչպէս խոստացուած էր  ընկերուհիներուն, փոխադրակառքերով ուղղուեցանք դէպի Niagara-On-The-Lake:  Մեծամասնութիւնը մօտաւորապէս մէկ ժամ, վայելեցին քաղաքի մայր պողոտային վրայի գեղեցիկ պուրակներն ու խանութները, գարնանային մեղմ ու հաճելի օդը,  ապա ուղղուեցանք դէպի ջրվէժները:  Նիակարայի ջրվէժները, աշխարհի այս հրաշալիքը՝ հոգ չէ թէ քանի անգամ այցելած ըլլաս, ամէն անգամ տարբեր հրապոյրով մը կ’առինքնէ զայն դիտողը:  Իսկ այդ օր, կարծես մասնաւորաբար, երկնակամարին վրայի ծիածանը իր գեղեցիկ  գոյներով բարի գալուստ կը մաղթէր մեզի:

 

Ժամանակը եկած էր հրաժեշտ տալու այս հաճելի միօրեայ պտոյտին եւ վերադառնալ Թորոնթօ:  Բաժանման պահուն գրեթէ ամէն մարդ բարձր գնահատեց ձեռնարկը եւ փափաք յայտնեց,  որ գալ տարի նոյնպէս կազմակերպենք նման ձեռնարկ մը:

Բոլորին Վարձքը կատար:

15 Մայիս  2018