ՀՕՄի Վարժարանի Աշակերտները “Թորոնթոհայ” Կ՛ընթերցեն


ՀՕՄի Վարժարանի 4րդ կարգի աշակերտները “Թորոնթոհայ” կ՛ընթերցեն իրենց հայերէնի ուսուցչուհիին՝ Զանի Շահինեան Մեսրոպեանի հետ։

Յարգելի ՙԹորոնթոհայ՚ Պարբերաթերթի Խմբագրութիւն

Զանի Շահինեան Մեսրոպեան

Հայ աշակերտի կեանքին մէջ կարեւոր դեր ունի հայ գիրքը. գիրքի ծանօթանալը, ընթերցելը, հասկնալն ու պատմելը: Ասոնք կ՛օգնեն աշակերտին Հայերէն լեզուի հարստացման: Ամէն տարի անպայման աշակերտներուս հետ միասին Համազգայինի գրադարանը կ՛այցելենք, ինչպէս նաեւ գիքի ցուցահանդէսին ներկայ կ՛ըլլանք:

Այս տարի եւս 4րդ եւ 5րդ դասարաններուն հետ առանձին-առանձին այցելեցինք եւ հաճելի պահ մը անցուցինք գրադարանին մէջ՝ ծանօթանալով զանազան գիրքերու եւ գրադարանի պատասխանատու Արշօ Զաքարեանին 1001 զանազան հարցումներ հարցնելով:

Հայերէն գիրքի նման նոյնքան կարեւոր է Հայերէն թերթը՝ զայն կարդալ, թերթատել, ընթերցել նախասիրած նիւթը եւ ներկայացնել դասարանին մէջ:

Յունուար ամսուն ՙԹորոնթոհայ՚ ամսաթերթը 4րդ եւ 5րդ դասարաններուն բաժնելէն ետք, կարդացինք էջ 5ի մէկ յօդուածը, որ իրենց գրադարան այցելութեան կ՛անդրադառնար. յանկարծ աշակերտները ուրախութենէն սկսան ծափահարել: Անոնք նկատեցին, որ իրենց գրադարան այցելութիւնը աննկատ չէր անցած եւ յօդուածին մէջ արձանագրուած էին իրենց հետաքրքրութիւնը, հարցումները…

Երկու աշակերտ հետեւեալը գրեցին այս մասին.

 

ՙԵս այս շաբթուան լրագիրին մէջ էջ 5ը սիրեցի, որովհետեւ մեր գրադարանին պատասխանատուն չորրորդ եւ հինգերորդ դասարաններուն մասին կը խօսէր: Համազգայինի գրադարանին մէջ շատ հետաքրքրական էր երբ ձորրորդ եւ հինգերորդ դասարաններու տարբեր տեսակի գիրքերու մասին հարցումներ հարցուցին եւ բազմատես գիրքեր գտան:

Համազգայինի Մանուկեան Գրադարանը նաեւ բազմատեսակ գիրքեր կը նուիրէ դպրոցի զանազան կարգերուն, որպէսզի հայերէնը միայն դասպահի լեզու չըլլայ, այլեւ ապրող, հաճելի, օգտաշատ եւ գաղափարներ արտայայտող մայրենի լեզու մը ըլլայ՚:

 _ Օլիվիա Օյմաքաս

 

ՙԵս այս պարբերութիւնը (Նիւ Եորքի մէջ COAFի Հանգանակային Ձեռնարկ) սիրեցի, որովհետեւ Նիւ Եորքի մէջ գլխաւոր հիւրերը՝ դերասան եւ դերասանուհիներ, երգիչներ, ընթրիքի ընթացքին հաւաքուեցաւ 3.6 միլիոն տոլար:

Հաւաքուած ամբողջ գումարը պիտի գործածուի Հայաստանի գիւղական շրջաններու մէջ, կրթական, առողջապահական եւ ընկերային ծրագիրներու իրականացման՚:

 _ Լիանա Աւանուս