ՀՕՄի Տոհմիկ Օրերու 25ամեակ


Հայ Օգնութեան Միութեան Թորոնթոյի ՙՌուբինա՚ մասնաճիւղը իր բարեսիրական առաքելութեան կողքին կը պահպանէ ու կը տարածէ հայ ազգի պատմութիւնն ու մշակոյթը կազմակերպելով Տոհմիկ Օրուայ տօնակատարութիւնները: 25 տարիներ առաջ 1994ին, առաջին Տոհմիկ Օրը նուիրուած էր Տիգրանակերտ քաղաքին եւ յաջորդաբար նշուեցան Ուրֆան, Վան-Վասպուրականը, Տարօն-Տուրուբերանը, Այնթապը, Մուսա Լեռը, Մարաշ-Գերմանիկը, Խարբերդը, Քեսապը, Սիսը եւ  Ատանան, Նոր Ջուղան, Քիլիսը, Կարին-Էրզրումը, Պոլիսը, Սեբաստիան, Կեսարիա եւ շրջակայքը, Երեւան-Էրեբունին, Արցախը, Ջաւախքը եւ Թիֆլիսը, Զէյթունը եւ Հաճընը, Տրապիզոնը եւ Համշէնը. այսպէս ամէն տարի ներկայացնելով այդ շրջաններուն պատմութիւնը, մշակոյթը եւ հայ ժողովուրդին կենցաղը: Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ, 2015ին, նշուեցաւ ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանը, որմէ ետք Տոհմիկ Օրերը յաջորդաբար նուիրուեցան Հայ Ազգի Հերոսամարտերուն եւ Նախիջեւանին:

Այս տարի« Տոհմիկ Օրերու ձեռնարկութեան 25ամեակին եւ Հայոց Պետականութեան վերականգման 100ամեակի առթիւ, Տոհմիկ Օրը նուիրուած է մեր ազգի պետականութեան հիմքը հանդիսացող Հայոց Արքայական Տոհմերուն՝ Ուրարտական կամ Վանի թագաւորութիւն, Արտաշէսեան, Արշակունեաց, Բագրատունեաց եւ Կիլիկիոյ թագաւորութիւններ:

Տոհմիկ Օրուան համար այս տարի ունինք նոր ծրագիր: Մեծ ակնկալութեամբ կը սպասենք Երեւան գտնուող Տէրեան Մշակութային Կեդրոնի Հայկական Արքայական տարազները, որոնք պիտի ուղարկուին մեզի եւ որոնց ցուցադրութիւնը պիտի կատարուի ձեռնարկի ընթացքին: Այս առթիւ կարելիութիւն պիտի ստեղծուի եւ առիթ պիտի տրուի Տէրեանի Մշակութային Կեդրոնի հայկական տարազներով լուսանկարուելու փափաքող ընտանիքներուն: Ցուցադրութեան պիտի դրուին նիւթին հետ կապ ունեցող Հայաստանէն բերուած զանազան իրեր: Նաեւ լուռ աճուրդի վաճառքով ժողովուրդին պիտի տրամադրուին ցուցադրութեան դրուած արժէքաւոր իրերէն մի քանին: 

Տոհմիկ Օրուան խրախճանքը հայկական երաժշտութեամբ պիտի ճոխացնէ, համբաւոր եւ սիրուած երաժիշտ Էլի Պէրպէրեանը իր նուագախումբով՝ յատկապէս հրաւիրուած Մոնթրէալէն:

Այս տարի մեր նիւթը հայոց հինգ թագաւորութիւններն են՝ 4000 տարուայ վրայ երկարող ամբողջ Հայոց Պատմութիւնը: Ամէն տարուան նման պիտի հրատարակուի գիրք մը, որուն համար յատկապէս ստեղծուած յանձնախումբի անդամները եւ կարգ մը ազգայիններ, գիրքի թէ՛ Հայերէն եւ թէ՛ Անգլերէն բաժնին համար, ամիսներ առաջ սկսան անխոնջ աշխատանքով եւ բծախնդրութեամբ ուսումնասիրել պատմաբաններու գործերը, հայոց պատմութեան գիրքերը, Արմէն Մարաշլեանի Հայոց Պատմութեան գիրքերու շարքը, Հրանդ Փասթրմաճեանի, Երուանդ Փամպուքեանի հրատարակութիւնները, նաեւ մեր առաջին պատմաբան Մովսէս Խորենացիէն մէջբերումները, հասնելով մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւնների Ազգային Ակադեմիայի  Պատմութեան Ինստիտուտի հրատարակութիւնները, Արտակ Մովսէսեանի հեղինակած հայոց թագաւորներու եւ թագուհիներու մասին վերջին գիրքերը եւայլն:

Գիրքին մէջ ամփոփ ձեւով պիտի գտնէք հայ ազգին ծագումը, կազմակերպումը եւ զարգացումը իբր քաղաքակիրթ ժողովուրդ, հայոց թագաւորներու կատարած նուաճումները, պատերազմներու ընթացքին ունեցած յաղթանակները եւ կորուստները: Քանի մը օրինակներ տալու համար նշենք Ուրարտուի Արգիշտի Ա․ թագաւորը (786-764 Ք© Ա©), որ կառուցել տուած է Երեբունի քաղաքը՝ այսօրուան Երեւանը, որուն 2800ամեակը կը տօնենք այս օրերս, Արտաշէս Ա․աշխարհակալը (189-160 Ք․Ա․), որ միացուց հայկական լեռնաշխարհի հայախօս ու հայացած երկրամասերը եւ հիմը դրաւ Արտաշէսեան Թագաւորութեան, դիւանագէտ եւ տաղանդաւոր Տիգրան Բ․ (95-55  Ք․Ա․), որ ստեղծեց հսկայ կայսրութիւն մը Մեծ Հայքէն, Կովկասէն մինչեւ  միջերկրականեան երկիրները՝ Լիբանան, Պաղեստին ու Եգիպտոս, այսպէսով իր գերիշխանութեան տակ դնելով 3 միլիոն քռ․ քմ․ տարածք:

Պէտք է ըսել, որ ընդհանրապէս հայոց պատմութեան գիրքերու մէջ շատ չէ խօսուած հայոց թագուհիներու մասին, մեր ուսումնասիրութիւններու ընթացքին հանդիպեցանք Հայաստան հրատարակուած կարգ մը գիրքերու, ուր բաւական տեղեկութիւն կայ եւ հետաքրքրական դրուագներ՝ հայ թագուհիներու մասին: Օրինակ՝ Արշակունեաց Փառանձեմ Թագուհին, որ յաջորդած է Արշակ թագաւորին, պատերազմ մղած է թշնամիներուն դէմ եւ 4րդ դարու ամենէն նշանաւոր կինը եղած է իր քաջութեամբ եւ արկածախնդրութիւններով:  Բագրատունեաց Գագիկ Ա․ի տիկինը Կատրանիդէ թագուհին Քրիստոսասէր եղած է եւ Անի քաղաքին ու այլ նահանգներու մէջ եկեղեցական տաճարներ շինել տալով հայկական եւ քրիստոնէական դիմագիծ տուած է Հայկական Լեռնաշխարհին: Շատ հետաքրքրական դրուագ մըն ալ կայ այս թագուհիին մասին, որ պիտի տեսնէք գիրքին մէջ: Կիլիկիոյ Լեւոն Բ․  թագաւորի դուստրը՝ Զապէլ թագուհին, յաջորդաբար 2 ամուսին ունեցած է եւ անոնց հետ գահակալած է երկար տարիներ: Զապէլ թագուհին Սիս մայրաքաղաքին մէջ, 13րդ դարուն կառուցել տուած է հիւանդանոց մը, ուր ինք իբր գթութեան քոյր իր դուտրերուն, իշխանուհիներուն հետ խնամած է անտէր հիւանդները:

Գիրքին մէջ պիտի կարդաք հայոց թագուհիներու մասին պատմուած դրուագները: Այս բոլորը պիտի ներկայացուի սեւ ճերմակ եւ գունաւոր պատկերներով: 

Գիրքին հրատարակութեան համար պէտք եղած գումարը գոյացնելու  նպատակով  ՀՕՄը որդեգրած է հովանաւորներու դրութիւնը: Անհատներ եւ ընտանիքներ կրնան հովանաւորել թագաւորական տոհմերէն մէկը կամ թագաւոր մը, թագուհի մը, իշխան մը կամ իշխանուհի մը, ինչպէս նաեւ հովանաւորել գունաւոր էջեր եւ շնորհաւորել Տոհմիկ Օրուան նախաձեռնութիւնը: Բոլոր հովանաւորներու ցանկերը պիտի զետեղուին գիրքին մէջ: Եթէ որեւէ մէկը կը փափաքի հովանաւոր ըլլալ կրնայ դիմել ՀՕՄի վարչութեան կամ Տոհմիկ Օրուան յանձնախումի անդամներէն որեւէ մէկուն:

Գիրքէն օրինակ մը պիտի նուիրուի իւրաքանչիւր հովանաւորի, նաեւ պիտի բաժնուի ձեռնարկին օրը բոլոր ներկաներուն: Իսկ գիրքէն յաւելեալ օրինակ փափաքողները ձեռնարկէն ետք կրնան դիմել ՀՕՄի վարչութեան:

Բովանդակալից յայտագրով Տոհմիկ Օրուան հայկական աւանդական խրախճանքը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 1ին, Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ: Օրուան յայտագրին անցնելէ առաջ տեղի պիտի ունենայ գիրքին գինեձօնը եւ յայտագրէն ետք երեկոն պիտի շարունակուի հայկական երաժշտութեամբ խրախճանքով․ անշուշտ այդ օր ժողովուրդին պիտի հրամցուին հայկական խմիչք, ճոխ աւանդական ճաշեր, քաղցրեղէն եւայլն:

Հայ Օգնութեան Միութեան Թորոնթոյի ՙՌուբինա՚ մասնաճիւղի վարչութեան եւ Տոհմիկ Օրուան յանձնախումբին կողմէ մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք հայ գաղութին, որ միշտ գնահատած է ՀՕՄի գործունէութիւնը եւ ամէն տարի խուռներամ ներկայ գտնուած է Տոհմիկ Օրերու այս եզակի ձեռնարկներուն:

Այս առթիւ կոչ կ’ուղղենք հանրութեան որ նախապէս ապահովեն իրենց տոմսերը եւ սեղանները« նոր տարուան՝ Կաղանդի առթիւ իրենց ընտանիքներով ներկայ ըլլալու այս հայկական ընտանեկան խրախճանքին: Փափաքելի է որ հայկական տարազ հագուին անոնք, որոնք կարելիութիւնը ունին եւ բոլորս միասին վայելենք Տոհմիկ Օրուան այս 25ամեակի տօնակատարութիւնը: