ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան Ամանորեայ Նուէրները՝ Արցախի Սահմանամերձ Գիւղերու 1200 Երեխաներուն


«Ապարաժ»- Դեկտեմբեր 20-24-ին ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ թշնամիին անմիջական նշանառութեան տակ գտնուող 19 գիւղերու երեխաներ ստացած են ամանորեայ նուէրներ, իսկ անոնց ընտանիքները՝ դրամական օժանդակութիւն:

ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Անի Օհանեան ու վարչութեան անդամ Սիւզի Պոյամեան անձամբ ներկայ եղած են նուէրներու յանձնման: Ծրագրի կազմակերպական հարցերը լուծուած են ՀՕՄի Արցախի միաւորի միջոցով:

ՀՕՄի Արցախի միաւորի ատենապետուհի Լիլիթ Մարտիրոսեան նշած է, որ ծրագիրը իրականացուած է Արցախի հսկողութեան տակ մնացած բոլոր շրջաններուն մէջ: Մարտակերտի շրջանի Կիչան, Ճանկաթաղ, Վարդաձոր, Վարնկաթաղ, Մաղավուզ, Ասկերանի շրջանի Նախիջեւանիկ, Սառնաղբիւր, Խրամորթ, Մարտունու շրջանի Մաճկալաշէն, Թաղավարդ-Կալեր, Կարմիր Շուկա, Նորշէն, Աւդուռ, Միւրիշէն, Հացի եւ Շուշիի շրջանի Լիսագոր, Եղծահող, Հին շէն, Մեծ շէն գիւղերու 972 աշակերտներ եւ մանկապարտէզներու սաներ ստացած են նուէրներ:

Ընկ․ Անի Օհանեան «Ապարաժ»ին տեղեկացուցած է, որ Արցախի մանուկներուն ամանորեայ նուէրներու գաղափարը յառաջացած է նախորդ տարի՝ պատերազմի օրերուն:

«Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի շրջանը մտածեց որեւէ ձեւով օգտակար ըլլալ տեղահանուածներուն, Արցախի ժողովուրդին: Մենք մասնակցեցանք տեղահանուածներուն դրամական աջակցութեան տրամադրման: Իսկ երիտասարդները ցանկութիւն յայտնեցին ժպիտ պարգեւել Արցախի մանուկներուն: Անոնք մտածեցին երեխաներուն խաղալիքներ տալ ու ծնողներուն ալ` որոշ գումար մը Ամանորին առիթով որեւէ բան գնելու համար», նշած է Օհանեան:

Նշենք, որ առցանց հանգանակութիւն տեղի ունեցած է եւ հաւաքուած մօտ 1500 երեխայի համար նախատեսուած գումարը: Անցեալ տարուան Նոյեմբերի վերջը արդէն հանգանակութիւնը աւարտած էր, Քորոնային եւ պատերազմին պատճառով միայն 270 նուէրներ բաժանուած են Երեւանի եւ սահմանամերձ շրջաններու մէջ բնակող տեղահանուած ընտանիքներու երեխաներուն:

Երկրորդ փուլը սկսաւ 2021-ի Դեկտեմբեր 12-16-ին, երբ Անի Օհանեան եւ Սիւզի Պոյամեան Հայաստան մեկնեցան եւ Նոր տարուան առթիւ նուէրներ բաժնեցին Շէնգաւիթի ու մերձակայ արուարձաններու մէն հաստատուած 100 ընտանիքներու երեխաներուն: Այնուհետեւ նուէրներ ստացան Եղէգնաձորի եւ Սիսիանի մէջ հաստատուած 100 ընտանիքներու երեխաներ:

Ծրագրի վերջին փուլը Արցախի մէջ իրագործուեցաւ:

Անի Օհանեան 5-րդ անգամն է՝ կ’այցելէ Արցախ, բայց արդէն եղած է Հադրութ, Շուշի ու Ստեփանակերտ: Անոր խօսքով` մինչ այդ ունեցած պատկերացումները տարբեր էին: «Մեր ըրածը կաթիլ մը ջուր է ովկիանոսի մէջ: Երանի աւելի շատ գումարներ ունենայինք բոլորին հասնելու համար, որովհետեւ  ամէն երեխայի ժպիտը անգին է, մեծ գոհունակութիւն է այս օրերուն երեխաներու դէմքին ժպիտ տեսնելը», ըսած է ան:

Խօսելով Արցախի հետ կապուած այլ ծրագիրներու մասին` ընկհ․ Անին ըսած է, որ ՀՕՄի Գանատայի միաւորը ունի 10 մասնաճիւղ եւ 1200 անդամ, եւ բոլորը պատրաստակամ են, սիրով կ’ընդառաջեն ծրագիրներուն, մանաւանդ եթէ հերթը կը հասնի Արցախին: «Մեր սրտին մէջ յատուկ տեղ ունի Արցախը: Մենք ամէն օր, ամէն ժամ ձեզի հետ միասին կ’ապրինք բոլոր դժուարութիւնները: Մեր ժողովուրդը միշտ Արցախի կողքին է», նշած է ատենապետուհին:

Վերջաւորութեան ընկհ․ Անին ուրախ ու խաղաղ Ամանոր մաղթած է Արցախին, որպէսզի բոլորը ապահով մթնոլորտի մէջ ապրին: Իսկ իրենք այցէն կը վերադառնան նոր գաղափարներով, որոնք ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան հաւանութեան արժանանալու պարագային պիտի իրագործեն: