ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի Լափոյեան Երկրորդական Վարժարանի 15-րդ Հունձքը


ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի Լափոյեան Երկրորդական վարժարանի 2018-2019 տարեշրջանի շրջանաւարտները, լուսանկարը՝ Իշխան Ղազարեանի

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի Լափոյեան Երկրորդական վարժարանի 15-րդ հունձքի աւարտական հադէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 14-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Թորոնթոյի Հայ  Երիտասարդական Կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին մէջ:

Ներկայ էին Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Տ․ Բաբգէն Արք. Չարեան, Տ․ Գեղարդ Ծարագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան, Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ, Վարժարանի Կրթական մարմինի ներկայացուցիչներ՝ ատենապետ Վազրիկ Շարապխանեանի գլխաւորութեամբ, տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ, բարերարներ, ծնողներ եւ հարազատներ:

Արարողութիւնը բացուեցաւ 25 շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքով: Անոնք բեմ բարձրացան եւ Գանատայի, Հայաստանի ու Արցախի  քայլերգներէն ետք արտասանեցին՝ վարժարանի նախկին սան եւ ներկայիս տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանի բանաստեղծութիւններէն («Ձօն Վարժարանիս») փունջ մը։

Նորա Պօղոսեան հայերէն, Արիս Չուլճեան անգլերէն եւ Լարին Ալէքսանտըր ֆրանսերէն լեզուներով իրենց եւ դասընկերներու անունէն խորին շնորհակալութիւն յայտնեցին ծնողներուն, ուսուցիչներուն, տնօրէնութեան, բարերարներուն եւ հայ համայնքի բոլոր այն անդամներուն, որոնք օգնած են եւ քաջալերած զիրենք հասնելու կեանքի այս կարեւոր հանգրուանին:  Նորան իր ուղերձին մէջ ըսաւ. «Պարծանք ու պատիւ է մեզի կոչուելու այս կրթօճախին 40-ամեակի շրջանաւարտները։ Այս նուիրական պահուն կը խոստանանք միշտ բարձր պահել մեր վարժարանին անունը։ Սիրելի՛ ընկերներ, կարեւոր է ասպարէզի ընտրութիւնը, բայց միշտ պիտի մտածենք, որ մեր ընտրած ոլորտով ի՞նչ օգուտ պիտի բերենք մեր անձին, մեր դպրոցին, մեր ազգին ու հայրենիքին»։

Վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու բոլոր հանդիսականները՝ շեշտելով. «Այս տարի կը տօնենք մեր վարժարանի 40-ամեակը, հետեւաբար մեր 15-րդ հունձքը այսօր կը ներկայանայ ձեր դիմաց որպէս 40-ամեակի հունձք: Սիրելինե՛ր, Հայ վարժարան հիմնելը սուրբ գործ է եւ մեծ պարգեւ՝ գաղութի մը համար:  40 տարիներ առաջ, հեռատես եւ նուիրեալ ղեկավարներ եւ բարերարներ, հիմը դրին այս վարժարանին, որպէսզի ապրի Արեւմտահայերէնը, ապրին հայկական արժէքներն ու հայ մշակոյթը եւ ծաղկի Թորոնթոհայ գաղութը: Այսօր, մեր գաղութի բարգաւաճումը, յառաջդիմութիւնը եւ մեր վարժարանի կենսունակութիւնը վկայ են, որ այդ հեռատես հերոսներու զոհողութիւնները ապարդիւն չմնացին»։ 

Վարժարանի Կրթական Մարմինին խօսքը փոխանցեց Վազրիկ Շարապխանեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց քոյր միութիւններուն եւ համայնքի անդամներուն իրենց յարատեւ նիւթա-բարոյական աջակցութեան համար, ապա շնորհաւորեց ներկաները եւ շրջանաւարտները՝ մաղթելով ուսումնառութեան յաջողակ տարիներ իրենց ընտրած համալսարաններուն մէջ:

Բեմ հրաւիրեցան փոխտնօրէնուհի Սարիկ Պապեան եւ բոլոր ուսուցիչները: Կատարուեցաւ վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխման արարողութիւնը:

Հանդիսութեան աւարտին Տ․ Բաբգէն Արք. Չարեան շնորհաւորեց բոլորը, շրջանաւարտներուն պատգամեց վառ պահել հայեցի կրթութեան ջահը եւ օրհնանքով ու աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը:

Նշենք, որ 1979 թուականին 69 հայ փոքրիկներով սկիզբ առած վարժարանը, այսօր «Պապայեան» մանկապարտէզով, «Գոլոլեան» նախակրթարանով եւ «Լափոյեան» երկրորդական բաժինով կը հաշուէ 629 աշակերտ։