ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի Մասնաճիւղի Տոհմիկ Օր՝ Նուիրուած Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի Հայ Գաղութներուն


Հարցազրոյց ՀՕՄի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Տոհմիկ Օրուան յանձնախումբի ատենապետուհի Զեփիւռ Տորնայի հետ

Ստորեւ Թորոնթոհայի հարցազրոյցը Հայ Օգնութեան Միութեան Ռուբինա մասնաճիւղի Տոհմիկ Օրուան յանձնախումբի ատենապետուհի Զեփիւռ Տորնայի հետ.

Հարցում- Ամէն տարի մեծ խանդավառութեամբ ՀՕՄ-ը կը նշէ Տոհմիկ օրուան նախաձեռնութիւնը: Ի՞նչ կը ծրագրէք այս տարուան համար:

Պատասխան- Հայ Օգնութեան Միութիւնը աւելի քան հարիւր տասը տարիներ կ՛իրագործէ անսակարկ եւ նուիրեալ ծառայութիւն Սփիւռքի հայ գաղութներուն, Հայաստանին, Արցախին եւ Ջաւախքին: Մշտանորոգ եւ երիտասարդ բարեսիրական միութիւնը տարիներու ընթացքին արժեւորեց իր գոյութիւնը` իր առաքելութեան ճամբով ժրաջան գործունէութիւն ցուցաբերելով բարեսիրական, ընկերային, դաստիարակչական եւ հայակերտումի բնագաւառներէն ներս:

Այս բոլորի կողքին ՀՕՄի փայլուն ուղիին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ հայ պատմական արժէքները, մշակութային հարստութիւնը եւ հայկական բարքերը պահպանելու եւ տարածելու սրբազան նպատակը: Ահա այս գծով է որ ՀՕՄի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղը, քառորդ դար առաջ սկսած,  ամէն տարի կը կազմակերպէ Տոհմիկ Օրեր ներկայացնելով Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանի պատմական շրջանները եւ տարբեր երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող հայկական գաղթօճախները իրենց պատմութեամբ, մշակոյթով, սովորոյթներով:

Այս անգամ 27-րդ Տոհմիկ Օրը նուիրուած պիտի ըլլայ Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի հայկական գաղութներուն: Այսինքն պատմական Պաղեստինի, այսօրուան Իսրայէլի, սուրբ քաղաքներու, ինչպէս՝ Երուսաղէմ, Բեթղեհէմ, Նազարէթ, նաեւ Եաֆֆա, Հայֆա եւ Յորդանանի Ամման եւ այլ քաղաքներ, ուր հայկական գաղութ գոյութիւն ունեցած է կամ ունի մինչեւ օրս: Մենք կը ծրագրենք երկու օրերու վրայ երկարող ձեռնարկներ, նախ Շաբաթ՝  Նոյեմբեր 27-ին ճաշկերոյթի երեկոյով տօնակատարել, իսկ յաջորդ օրը՝ Կիրակի դասախօսական  ցերեկոյթով մը նշել Տոհմիկ Օրը:

Հ․-  Կարելի՞ է անդրադառնալ Երուսաղէմի եւ Յորդանանի հայ գաղութներու պատմականին:

Պ․- Նախ պիտի սկսիմ Երուսաղէմէն, որ կրնանք ըսել թէ հայկական սփիւռքի առաջին քաղաքը հանդիսացած է, ուր հայեր հայրենիքէն դուրս հայկական գաղութ եւ հարուստ ժառանգութիւն ստեղծած են: Առաջին հայերը՝ Տիգրան Մեծ թագաւորի զինուորները, Ք. Ա. 1-ին դարուն հասած են մինչեւ Երուսաղէմ: Զինուորներուն յաջորդած են հայ վաճառականներ: Իսկ 301-ին, երբ հայերը Քրիստոնէութիւնը ընդունած են՝ պետական կրօն, հայ ուխտաւորներ սկսած են այցելել Երուսաղէմ եւ եկեղեցիներ եւ վանքեր կառուցել Քրիստոսի սուրբ վայրերուն վրայ: Մինչեւ 7-րդ դար, հայ թագաւորներ, թագուհիներ եւ իշխաններ 7Օ վանքեր եւ եկեղեցիներ կառուցած են: Այդ եկեղեցիներէն մինչեւ այսօր հայութեան կը պատկանին Սրբոց Յակոբեանց տաճարը, Սր­բոց Հ­րեշ­տա­կա­պե­տաց կամ Ձիթենիի վանքը, Ս. Փր­կիչ վան­քը կամ Քրիս­տո­սի բանտը:

Եօթներորդ դարուն ստեղծուած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը: Ան կը հանդիսանայ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ չորս վեհապետութիւններէն մէկը, որ Սուրբ Երկրէն ներս կանգուն պահակն է 1600 տարիներու պատմութեան, ազգային հարուստ ժառանգութեան եւ աւանդական ծիսականութեան:

1099 թուականին խաչակիրները յաջողած են գրաւել Երուսաղէմը եւ ստեղծած Երուսաղէմի թագաւորութիւնը: Խաչակրաց շրջանին, 12-րդ դարուն, Երուսաղէմի գահին նստած են հայկական ծագում ունեցող թագուհիներ՝ Արտա թագուհին (1100–1105), Մորֆիա (1118–1127), Մելիսենդ (1131–1153), Ագնէս (1162–1163) եւ Սիպիլ (1186–1190): Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քութ­իւ­նը վա­յե­լած է հայ թա­գու­հիներուն բա­ցա­ռիկ հո­վա­նա­ւո­րութ­իւնն ու ա­ջակ­ցութ­իւ­նը, որոնք կառուցած կամ վերանորոգած են բազմաթիւ վանքեր եւ եկեղեցիներ:

Երուսաղէմի հին քաղաքին մէջ կը գտնուի հայկական թաղամասը՝ Armenian Quarter-ը, ուր կը գտնուին Հայոց Պատրիարքութիւնը եւ Ս. Յակոբեանց վանքը, որ պատսպարան տուած է եւ բացառիկ օգնութիւն ցուցաբերած Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ Երուսաղէմ ապաստանած հազարաւոր հայ ընտանիքներու:

Ե­րու­սա­ղէմի Հա­յոց Պատ­րիար­քութ­իւնը Սուրբ Թո­րոս մատուռին մէջ ձե­ռագիրնե­րու հա­րուստ հա­ւա­քա­ծոյ մը կը պահէ, շուրջ 4,000 ձե­ռա­գիր, որ իր քա­նա­կով կը նկատուի երկրորդը՝ Եր­եւա­նի Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ան­ուան մա­տե­նա­դա­րա­նէն ետք, ուր կը պահ­ուին շուրջ 20,000 ձեռագիրներ:

Երուսաղէմի մէջ Հայոց Պատրիարքարանը առաջինը եղած է, որ հիմնած է՝ տպարան (1833), աղջկանց վարժարան (Սրբոց Գայեանեանց Օրիորդաց վարժարան, 1862), լուսանկարչութիւն (Ե­սա­յի Դ. Պատրիարքի կողմէ, 1865–1885) եւ Երուսաղէմի յախճապակիի գեղարուեստը, որ բերուած է Քիւթահիայէն:

Խաչակրաց շրջանին Կիլիկիայէն Ս․ Երկիր հաստատուած հայեր հայկական գաղութներ ստեղծած են նաեւ Բեթղեհէմի, Յոպպէի (Եաֆֆա) եւ Հայֆայի մէջ, ուր կառուցած են վանքեր եւ եկեղեցիներ:

Իսկ Յորդանանի մասին կարելի է ըսել, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ Յորդանան հասնող գաղթականներ զանազան քաղաքներու մէջ ստեղծած են հայկական գաղութներ, կառուցած են եկեղեցիներ եւ դպրոցներ: Հայերը, շնորհիւ իրենց պարկեշտութեան եւ  աշխատասիրութեան, վայելած են Հաշիմեան թագաւորութեան բացառիկ բարեացակամ վերաբերմունքը, վստահութիւնն ու յարգանքը: Արտաքին Գործոց, Առողջապահութեան եւ Հաղորդագրութեան նախարարութիւններու մէջ բարձրաստիճան պաշտօններ ստանձնած են հայեր, Յորդանանի բանակի բժիշկները, ճարտարապետները, ընդհանուր ոստիկանապետը նաեւ թագաւորներուն անձնական բժիշկները, մեքենագէտները, մեքենավարները, լուսանկարիչները, դերձակը, խոհարարը եղած են հայեր:

Հ․- Ի՞նչ ձեւով կը նախատեսէք տօնել Տօհմիկ օրը։:

Պ․- Շաբաթ՝  Նոյեմբեր 27-ին, աւանդական ճաշկերոյթին կարելի պիտի ըլլայ վայելել գեղարուեստական ճոխ յայտագիր, եկեղեցական ու աշխարհիկ հայկական երգ ու նուագ, Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի հայկական գաղութներու մասին տեսերիզի ցուցադրութիւն: Կիրակի՝ Նոյեմբեր 28-ին, տեղի պիտի ունենայ դասախօսական ցերեկոյթ: Իբրեւ բանախօս Երուսաղէմէն յատկապէս հրաւիրուած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Հայր Կորիւն Վարդապետ Բաղդասարեան, որ պիտի խօսի Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի հայ գաղութներու մասին: Լաւալէն Տէր Յակոբ Քահանայ Գեաթայեան եւ Հրայր Բազէ նաեւ հրաւիրուած են ներկայացնելու Սուրբ Երկրի մասին իրենց անձնական փորձառութիւնը: Նաեւ պիտի ներկայացուի գեղարուեստական յայտագիր եւ տեսերիզ: Աւելցնեմ, որ կը ծրագրենք ճոխ ցուցադրութիւն մը երկու օրերու ընթացքին, երբ պիտի ցուցադրուին նշանաւոր հայ լուսանկարիչներու գործերը եւ զանազան արժէքաւոր հին ու նոր իրեր բերուած Սուրբ Երկրէն եւ Յորդանանէն: Ցուցադրութեան դրուած որոշ արժէքաւոր իրեր պիտի վաճառուին  եւ տեղի պիտի ունենայ վիճակահանութիւն:

Զոյգ օրերուն Օնթարիօ նահանգի սահմանած Covid 19-ի համաճարակի բոլոր պայմանները խստիւ կը յարգուին եւ երկու պատուաստները ստացած ըլլալու  փաստաթուղթով ներկաները մուտք կը գործեն Հայ Կեդրոն:

Հ․- Ամէն տարի յատուկ աշխատանք կը տարուէր գիրքի մը հրատարակութեան, կարելի է անդրադառնալ մանրամասնութեան:

Պ․- Համաճարակի պարտադրած մեկուսացումը պատճառ դարձաւ, որ գիրքի պատրաստութեան եւ համադրումի բոլոր աշխատանքները ըլլան առցանց եւ հաղորդակցութիւնները ե-նամակներով: Գիրքը ամբողջացած է բաւական ճոխ բովանդակութեամբ՝ պաշտօնական պատգամներ, պատմական տեղեկութիւններ, գաղութներու եւ հայկական կառոյցներու մասին անցեալի եւ ներկայ իրավիճակի տեղեկութիւն, ականաւոր անձերու կենսագրականներ, գունաւոր նկարներ եւ այլն:

Գիրքին համար որդեգրուած է հովանաւորներու դրութիւնը: Ընտանիքներ եւ անհատներ հովանաւորած են վանքեր, եկեղեցիներ, քաղաքներ, ինչպէս նաեւ գունաւոր էջեր: Բոլոր հովանաւորներու ցանկերը կը զետեղուին գիրքին մէջ:

Գիրքէն օրինակ մը պիտի նուիրուի իւրաքանչիւր հովանաւորի, նաեւ ձեռնարկին օրը պիտի բաժնուի բոլոր ներկաներուն: Հոս խորին շնորհակալութիւն կ’ուզենք յայտնել բոլոր նուիրատուներուն, յօդուածագիրներուն եւ լուսանկարները տրամադրող բոլոր անձնաւորութիւններուն:

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան եւ Տոհմիկ Օրուան յանձնախումբին կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Թորոնթոհայ» թերթի անձնակազմին այս հարցազրոյցին առիթը ընծայելուն եւ ՀՕՄ-ի աշխատանքները միշտ քաջալերելուն համար:

Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք նաեւ հայ գաղութին, որ միշտ գնահատած է ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը եւ ամէն տարի խուռներամ ներկայ գտնուած է Տոհմիկ Օրերու այս եզակի ձեռնարկներուն: Կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդին, որ այս բացառիկ առիթէն օգտուին եւ մեզի հետ ըմբոշխնեն Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը՝ գեղարուեստական յայտագրի, երգ ու նուագի եւ դասախօսութիւններու ընդմէջ