ՀՕՄի 93րդ եւ Գանատայի Շրջանի 23րդ Պատգամաւորական ժողով


ՀՕՄի 93րդ եւ Գանատայի Շրջանի 23րդ պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի Աւետիս Ահարոնեան սրահին մէջ, 30 Յունիս, 1 եւ 2 Յուլիս 2017ին, մասնակցութեամբ 58 պատգամաւորներու:

Ժողովին ներկայ էին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատնապետ ընկհ Գարոլին Շմաւոնեան, Կեդրոնական վարչութեան Գանատայի շրջանի ներկայացուցիչ ընկհ. Վարսենիկ Սարգիսեան եւ ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սոնիա Պզտիկեան, ինչպէս նաեւ ուղեկից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

  Յունիս 30ին Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկհ. Արմինէ Կարապետեան ժողովը բացաւ ՀՕՄի քայլերգով, որմէ ետք ժողովականները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգանքի տուրքը մատուցեցին Արցախի զոհուած ազատամարտիկներուն եւ ՀՕՄի մահացած անդամներուն ի յիշատակ:

Ժողովը ընտրեց առժամեայ դիւան, ատենապետ՝ Աննա Պուլկարեան եւ ատենադպիր Մարալ Յովսէփեան, ապա մնայուն դիւան ընտրուեցան երկու ատենապետներ ընկհ. Աննա Պուլկարեան եւ ընկհ Անի Հոթոյեան- Ժոլիմ իսկ որպէս ատենադպիր Ֆլորա Կիրակոսեան եւ Անի Պապիկեան:

Ժողովավարական կանոններու մեկնաբան նշանակուեցաւ ընկհ Մարօ Ֆրունճեան:

Իրաւասութիւններ ճշդող եռանդամ յանձնախումբը բաղկացած ընկերուհիներ Սօսի Թաշճեան, Մարալ Դերձակեան եւ Տիգրանուհի Գէւորգեանէ, զեկուցեց թէ՝ ժողովին կը մասնակցին ՀՕՄի Գանատայի 10 մասնաճիւղերէն 9ը, կը բացակայի Սէնթ Քաթրինզի Արազ մասնաճիւղը:

Ժողովի օրակարգի եւ ժանանակացոյցի վաւերացումէն առաջ իւրաքանչիւր պատգամաւոր ինքզինք ներկայացուց, ուր բոլոր պատգամաւորները առիթ ունեցան զիրար ծանօթանալու։

Շրջ. վարչութեան ատենապետ ընկհ. Արմինէ Կարապետեան ներկայացուց Շրջանային վարչութեան հիւրերը՝ ընկերուհիներ Հուրի Նաճարեան, Անի Օհանեան եւ Շաքէ Կէօնճեան:

Իսկ ժողովը խորհրդակցական ձայնով որպէս հիւր ընտրեց հետեւեալ ընկերուհիները՝ Լորա Մավլեան, Անժէլ Բանիկեան, Երան Պանքեան, Արմիկ Վահրատեան եւ Քրիսթին Աֆարեան:

Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկհ. Շմաւոնեան, կեդրոնականի անդամ ընկհ. Սարգիսեան եւ ԱՄՆ Արեւելեան Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Պզտիկեան յաջորդաբար խօսք առին, իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին ներկայ գտնուելու այս ժողովին եւ յաջողութիւն մաղթեցին: Ընկհ. Շմաւոնեան շնորհալաւութիւն յայտնեց ՀՕՄի Գանատայի Շրջանին իրենց բերած նիւթական աջակցութեան համար, ի մասնաւորի Ստեփանակերտի Մանկապարտէզի շինութեան հանգանակութեան, Սուրիահայութեան օժանդակութեան, Արցախի եւ Ջաւախքի ծրագիրներուն:

Խօսք առին նաեւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի հերթապահ ընկ. Խորէն Տիմիթեան, Համազգային Շրջ. Վարչութեան ատենապետ ընկհ. Ծովիկ Գահվէճեան, Հորիզոն շաբաթաթերթի խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, ՀՄԸՄի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ եղբայր Պերճ Աթոլիկեան եւ Գանատայի Ազգ. Վարչութեան անդամ ընկհ. Սեդա Մալխասեան: Անոնք բարձր գնահատեցին ՀՕՄի տարած ազգանուէր աշխատանքը եւ իրենց գործակցութիւնը յայտնեցին ապագայ ծրագիրներուն համար:

Ընտրողական յանձնախումբը բաղկացած ընկերուհիներ Արտա Շահինեան, Քրիստին Աւետիսեան , Լիւսի Շահինեան, Անի Գույումճեան եւ Արաքսի Խոզոզեան ներկայացուց յայնձնախումբերու թեկնածուներու ցանկը.

Բանաձեւի յանձնախումբ. ընկերուհիներ Տիրուկ Մանճիկեան, Զեփիւռ Տորնա, եւ Ալին Հատիտեան:

Յարաբերական թուղթեր քննող յանձնախումբ. Նանոր Մալոյեան, Նոյեմի Եաղճեան եւ Զարուկ Չատրճեան:

Հաշուեքննիչ յանձնախումբ, ընկերուհիներ Սեդա Մալխասեան, Նազելի Սեֆերեան- Քլաուսըն եւ Սեդա Գուշեան: Ժողովը միաձայնութեամբ վաւերացուց ցանկը:

Այս ընտրութիւններուն յաջորդեց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկհ. Գարոլին Շմաւոնեանի զեկոյցը։ Ընկերուհին power pointով ներկայացուց ՀՕՄի Կերոնական վարչութեան գործունէութիւնը, Շրջաններու եւ մէկուսիներու թիւը, ծրագիրներու իրագործումը, ՄԱԿի ծիրէն ներս ՀՕՄ-ի մասնակցութիւնը, ՀՕՄի Հիմնադրամի աշխատանքները եւ ապագայի մարտահրաւէրները:

Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկհ Արմինէ կարապետեան խօսք առնելով ըսաւ, 2016ը ծառայութեան տարի ըլլալով Շրջանային վարչութիւնը գնահատագիր պիտի յանձնէ իր յանձնախումբերուն մէջ 10 տարի եւ աւելի աշխատող անդամներուն: Գնահատագիր ստացան հետեւեալ ընկերուհիները՝ Թորոնթոյէն՝ Լորա Մավլեան, Անժէլ Բանիկեան եւ Սիւզի Գալթակեան, Մոնթրէալէն՝ Արուս Էհրամճեան, Նոյեմի Եաղճեան, Տիրուկ Մանճիկեան, Լաւալէն Ազգանուշ Հատիտեան:

Ժողովի աւարտին պատգամաւորները ուղղուեցան Rouby ճաշարանը ուր ընկերային ճաճելի ժամանակ մը անցուցին:

 Յուլիս 1ին Դիւանի ատենապետ ընկհ. Անի Հոթոյեան-Ժոլի բացուած յայտարարեց ժռղովը եւ թելադրեց Գանատայի քայլերգով սկսիլ, նկատի ունենալով Գանատայի տօնը եւ մասնաւորաբար համադաշնակցութեան 150ամեակը: Գանատայի քայլերգէն ետք, Ընկհ Աննա Պուլկարեան գուժեց վաստակաշատ ընկհ. փրոֆէսոր Շաքէ Տէր Մելքոնեան- Մինասեանի մահը: Ժողովը յոտնկայս յարգեց յիշատակը ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետին եւ պատգամաւորական ժողովներու մակարդակը բարձր պահող յանձնառու անդամին: Պատգամաւորներ որոնք մօտէն ճանչցած էին ընկհ. Շաքէն, յուզումով խոնարհեցան իր յիշատակին առջեւ:

Ժողովը շարունակուեցաւ նախորդ օրուան ատենագրութեան ընթերցումով, ապա ընկհ Անի Թաշճեան ներկայացուց Շրջանային վարչութեան երկամեայ, լայնածաւալ տեղեկագիրը, իրագործուած բանաձեւեր, ապագայի ծրագիրներ, գրասենեակային աշխատանքի արդիականացում, յատկացումներ եւ նուիրատութիններ: Նիւթական տեղեկագիրը ներկայացուց ընկհ Անի Գրալեան: Եղան հարցումներ որոնց պատասխանեցին վարչական անդամները: Ընկհ. Թաշճեանի եւ ընկհ. Գրալեանի աշխատանքը մեծապէս գնահատուեցան յարաբերական թուղթեր քննող յանձնախումբին, հաշուեքննիչ յանձնախումբին եւ ժողովականներուն կողմէ:

Ընկհ Մարալ Դերձակեան առաջարկեց պատգամաւորական ժողովի անունով շնորհաւորական նամակ մը ղրկել վարչապետին եւ կամ հայաշատ շրջաներու երեսփոխաններուն, Գանատայի տօնին եւ համդաշնակցութեան 150 ամեակի առիթով: Ժողովը վաւերացուց առաջարկը:

Շրջանային վարչութեան գործունէութեան ըստ էութեան քննարկումին յաջորդեց 2017-2019 տարեշրջանի առաջարկներն ու թելադրանքները:

Բանաձեւի յանձնախուբի զեկոյցէն ետք, Մոնթրէալի Սօսէ մասնաճիւղը հիւրասիրեց պատգամաւորները ընթրիքով: Կէսօրուան ճաշի հիւարսիրութիւնը նուիրուած էր Լաւալի Շուշի մասնաճիւղին կողմէ:

Յուլիս 2ին Ընկհ. Աննա Պուլկարեան աղօթքով բացաւ ժողովը: Ատենագրութեան ընթերցումէն եւ վաւերացումէն ետք բանաձեւի յանձնախումբը ներկայացուց բանաձեւերը, որոնք կարգ մը փոփոխութիւններով վաւերացուեցան: Հաշուեքննիչ յանձնախումբը ներկայացուց 2017-2019 տարեշրջանի նախահաշիւը, որ փոքր ճշդումներէ ետք վաւերացուեցաւ:

Ընտրողական յանձնախումբը ներկայացուց շրջանաւարտ վարչականներու, վերընտրելիներու եւ նոր թեկնածուներու անունները: Ժողովը միաձայնութեամբ ընտրեց 2017-2019 Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամները. ընկերուհիներ՝ Անի Օհանեան, Անժէլ Պետրոսեան, Մարալ Յովսէփեան, Անի Գրալեան, Վարդուկ Պէզճեան, Նաթալի Մանուկեան եւ Սիլվի Օհանեան: Փոխ անդամներ ընտրուեցան- ընկերուհիներ՝ Անի Պապիկեան, Ֆլորա Կիրակոսեան, Լիւսի Շահինեան, Գեղուհի Պասթաճեան եւ Զեփիւռ Տորնա:

Ժողովականները խօսք առնելով գնահատեցին շրջանաւարտ վարչութեան գործունէութիւնը, պատգամաւորական ժողովի դիւանը, ժողովի յանձնախումբերը, հիւրասիրութեան յանձնախումբը, Մոնթրէալի Սօսէ եւ լաւալի Շուշի մասնաճիւղերու վարչութիւնները, ճաշերու սպասարկութեան համար: Բայց մեծագոյն շնորհաւորական խօսքը գնաց յանձնառու հայ կնոջ որ այսքան լայնածաւալ գործունէութիւն կը տանի, կրթական օճախներու օգնութիւն, Հայրենիքի (Հայաստան, Արցախ եւ Ջաւախք) օժանդակութիւն, կարօտեալներու խնամք եւ այս բոլորը սիրայօժար եւ կամաւոր ձեւով:

Եռօրեայ ժողովը իր աւարտին հասաւ Յուլիս Կիրակի, 2ին, կ.ե. ժամը 3:00ին