ՀՕՄ Կ՛իրականացնէ «Թիկունք Կանգնինք Արցախահայ Ընտանիքին» Ծրագիրը


Օգնութիւն ստացող արցախցի ընտանիքներ

ԵՐԵՒԱՆ.- Դեկտեմբեր 17 -ին սկիզբ առաւ Հայ Օգնութեան Միութեան «Թիկունք Կանգնինք Արցախահայ Ընտանիքին» ծրագիրը:

ՀՕՄի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Համեստ Պէօճէքեան, Հայաստանի ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան անդամները, ընկերակցութեամբ ծրագիրի յանձնախումբին եւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամներուն՝ առաջին հանգրուանով այցելեցին Արարատի մարզի Նիզամի, Սիս, Սայաթ Նովա եւ Ղուկասաւան գիւղերը: Անոնք ընդհանուր 84 ընտանիքներու նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեցին, իւրաքանչիւր ընտանիքի յանձնելով 250 ամերիկեան տոլար:

Սոյն ծրագիրը  նպատակ ունի 4 ամսուան տեւողութեամբ, ամսական դրութեամբ 250 ամերիկեան տոլար նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել տեղահան եղած Արցախահայ նուազագոյնը 1000 ընտանիքներու՝ մասամբ հոգալու համար անոնց սննդեղէնի, հագուստեղէնի եւ կենցաղային ծախսերը:

Առաւելաբար, հիմնուելով ՀՕՄի աւանդական «Ամանոր» ծրագիրի գաղափարին, այս տարի դրամահաւաքի յատուկ արշաւին արդիւնքով, ՀՕՄի մասնաճիւղերուն եւ համակիրներուն նուիրատուութեամբ կ՛իրագործուի «Ամանոր» յատուկ ծրագիրը՝ զուարճացնելու համար Արցախահայ երեխաները Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին: Առ այդ, վերոնշեալ ծրագիրին զուգահեռ, նոյն շրջաններուն մէջ, 210 երեխաներ ստացան Ամանորի առթիւ նուէրներ:

Նուիրեալ ՀՕՄուհիներն եւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամները յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն ընթացքին պիտի այցելեն այլ շրջաններ եւս, յաւելեալ ընտանիքներու թիկունք կանգնելու եւ մեծ թիւով երեխաներու նուէրներ բաժնելու նպատակով:

ՀՕՄը շնորհակալութիւն բոլոր նուիրատուներուն, որոնց ճիգերով ան ձեռնարկեց եւ իրականացուց այս ծրագիրին առաջին հանգրուանը:

Նուիրատուութեան համար կրնաք այցելել https://ars1910.org/withartsakh/ կայքէջը: