Հ.Մ.Ը.Մ. Թորոնթօ – 2017 Ձմեռնային Բանակում


Պատրաստեց՝ Քոյր Նարօտ Գըլըպոզեան

Մարտ 3-5ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Թորոնթօի տարեկան ձմեռնային բանակումը: Շատ հաճելի ու ճոխ մտնոլորտով անցաւ բանակումի շաբաթավերջը: Ամբողջ  շաբաթը  անհամբեր  կը սպասէինք Ուրբաթ օրուան,  որ  բանակումի  երթանք Քոյր Եղբայրներուս հետ: Բանակումը տեղի ունեցաւ «Camp Samac»ի մէջ : Ճամբորդութեան ընթացքին սկաուտական երգերը եւ կանչերը անպակաս էին, բարձր ձայնով բոլորս կ՛երգէինք: Դժբախտաբար ձմեռնային բանակումի տեւողութեան, ձիւն չունէինք, բայց բաւական ցուրտ էր: Պայուսակները տեղաւորեցինք եւ ուղղուեցանք դէպի կեդրոն, ուր բացումը կատարեցինք 2017ի ձմեռնային բանակումին։

Մասնակցողներու ընդհանուր թիւն էր մօտաւորապէս 200 սկաուտ: Խմբապետներու պատրաստած յայտագիրը կը բաղկանար դաստիարակչական խաղերէ եւ սկաուտական գիտելիքներէ, որոնք շատ հետաքրքրական եւ հաճելի էին բոլոր մասնակցողներուն համար։

Բանակումի ընթացքին Արծուիկ Երամը եւ Գայլիկ Վոհմակը Խոստման արարողութիւն կատարեցին և 35 անդամներ ստացան իրենք սկաուտական առաջին փողկապը: Արենուշ եւ Արի խումբերը «Scavenger Hunt» խաղի միջոցաւ սորվեցան հանգոյցներ կապել եւ փաթթուածքներ ընել, Իսկ Պարմանուհի եւ Երէց Փաղանգները, իրիկուան, «Պաշարում» խաղացին. նպատակն էր սորվեցնել բանակավայրի եւ անոր մասնակիցներոււ պաշտպանութեան ձևեր:

Խարոյկի վայրի և փայտերու դասաւորումը կատարեց Երէցներու փաղանգը իսկ Պարմանուհիները ամենայն կազմակերպուածութեամբ ծրագիրը վարեցին: Խումբերն ալ պատրաստած  էին  զաւեշտներ, երգեր եւ սկաուտական կանչեր: Խարոյկին  շուրջ բարձր տրամադրութեամբ նաեւ երգեցինք ազգային եւ հայրենասիրական երգեր։

Բանակումի մասնակցող բոլոր սկաուտները վերադարձան անմոռանալի յիշատակներով և անհամբեր սպասելով գալիք ամառնային բանակումին, որ շուտով կը մօտենայ: