ՀՅԴ Մայիս 1ին Պիտի Աջակցի Ժողովուրդին Վստահութիւնը Վայելող Միասնական Թեկնածուին


Այսօր`  Ապրիլ 27ին  ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը յայտարարութիւն տարածած է՝ կապուած Հայաստանի ներքաղքական իրավիճակէն դուրս գալու իր նախաձեռնութեան մասին․

 «Վերահաստատելով ժողովրդային շարժման արդիւնքով ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծման մեր մօտեցումները` սահմանադրականութեան եւ օրէնքներու շրջանակներու մէջ կարգաւորում գտնելու նպատակով, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կ՛առաջարկէ.

«Մայիս 1ին կայանալիք ԱԺ նիստին ընդառաջ խորհրդարանական բոլոր խմբակցութիւններու մասնակցութեամբ, համախոհաբար ձեւաւորել միասնական քաղաքական օրակարգ, համաձայնիլ ժողովուրդի վստահութիւնը վայելող միասնական թեկնածուի շուրջ, որ պէտք է համախոհութեան հիման վրայ ներկայացնէ կառավարութեան համապատասխան կազմ եւ գործունէութեան ծրագիր:

«Սոյն նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչելու համար պատրաստակամ ենք առարկայական քննարկումներ սկսելու բոլոր շահագրգիռ կողմերուն հետ»: