Ձերբակալուած են ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ Նիկոլ Փաշինեանը, Արարատ Միզոյեանը և Սասուն Միքայէլեանը


Այսօր առաւօտեան նորընտիր վարչապետ Սերժ Սարգսեանի եւ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած շատ կարճ հանդիպումէն մէկ ժամ ետք ձերբակալուած են ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ Նիկոլ Փաշինեանը, Արարատ Միզոեանը և Սասուն Միքայէլեանը:

ՀՀ դատախազութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, պատգամաւորները ձերբակալուած «Հաւաքներու ազատութեան մասին» ՀՀ օրէնքով սահմանուած կարգի խախտման պառճառով: Ապրիլ 13էն կազմակերպած և իրականացուցած են հաւաքներ՝ անտեսելով լիազօր մարմնի՝ Երևանի քաղաքապետարանի կողմէ սահմանուած սահմանափակումները: Իսկ 2018ի Ապրիլի 19էն 22ը Երևան քաղաքի տարբեր վարչական շրջաններու մէջ կազմակերպած և իրրանանացուցած են հաւաքներ, որոնց մասին օրենքով սահմանոած կարգով չեն իրազեկած լիազօր մարմինին»:

Դատախազութիւնը կը նշէ նաեւ.  «Անօրինական հաւաքներու, որոնց շարքին՝ երթերու ընթացին Նիկոլ Փաշինեանի, Արարատ Միզոեանի և Սասուն Միքայէլեանի կողմէ հրահանգուող անձինք պարբերաբար և կոպտօրէն խախտած են «Հավաքներու ազատութեան մասին» ՀՀ օրէնքի շարք մը դրոյթներ: Մասնաւորապէս, խոչընդոտած են հաւաքի իրականացման վայրին մէջ գտնուող կամ ատոր յարող շէնքերու, շինութիւններու կամ այլ տարածքներու ազատ մուտքն ու ելքը, հաւաքի ընթացքին անհրաժեշտ միջոցներ չեն ձեռնարկած հաւաքի բնականոն ընթացքը ապահովելու համար, հաւաքը դադրեցնելու մասին ոստիկանութեան պահանջի մասին չեն տեղեկացուցած հաւաքի մասնակիցներուն»:

Ինչպէս նաեւ, ըստ հաղորդագրութեան, անոնք պարբերաբար յորդորած են հաւաքի մասնակիցները և այլ անձիք շրջափակելու քաղաքի փողոցները, արգելափակելու պետական մարմիններու շէնքերու մուտքերը, ներխուժելու նաեւ յատուկ պահպանութեան ենթակայ շէնքերու տարածքներ, կազմալուծելու անոնց աշխատանքը:

Ապրիլ 22-ի առաւօտեան՝ Երեւանի ժամանակով 10:00-ին, «Արմենիա Մարիոթ» հիւրանոցի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ վարչապետ Սերժ Սարգսեանի եւ ԱԺ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի «հանդիպումը», որ տեւեց քանի մը վայրկեան։

Ըստ համաձայնութեան՝ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենային Սերժ Սարգսեանի հրաժարականի մասին, բայց ՀՀ վարչապետ Սերժ Սարգսեան եկած էր խորհուրդ տալու. « Դուք չէք գիտակցիր պատասխանատւութեան աստիճանը: Եթէ այդ թոնով պիտի խօսիք, կը մնայ ձեզի մէկ անգամ եւս խորհուրդ տալ, որպէսզի գաք օրինական դաշտ եւ ընդհանրապէս տրամաբանական գործողութիւններու սահման, հակառակ պարագային ամբողջ պատասխանատւութիւնը ձեր վրայ է, դուք դաս չէք քաղած Մարտի մէկէն», ըսած է Սերժ Սարգսեան:

Նիկոլ Փաշինեան ի պատասխան ըսաւ. «Ոչ ոք չի կրնար սպառնալ մեզի, ես կը ներկայացնեմ ժողովուրդի կարծիքը», ի պատասխան Սերժ Սարգսեան նշեց, որ ինքը ցանկութիւն չունի այդ թոնով շարունակելու բանակցութիւնները: «7-8 տոկոս ձայն ունեցող խմբակցութիւնը իրաւունք չունի խօսելու ժողովուրդի անունով, եւ ես ձեզի հետ այլեւս ցանկութիւն չունիմ շարունակելու խօսակցութիւնները», ըսաւ Սերժ Սարգսեանն ու հեռացաւ։

«Հանդիպում»էն ետք Փաշինեան լրագրողներուն յայտնեց, որ իր ոգեւորութիւնը աւելի բարձր է հիմա եւ կոչ ըրաւ ցոյցերը շարունակելու