Ղնեմիէի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Գմբէթին Խաչը Վերստին Տեղադրուեցաւ


“Գանձասար”․- Ազատագրուած Ղնէմիէ հայկական գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խաչը, որ օծուած էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեանի ձեռամբ, Յունիս 28ին տեղադրուեցաւ գմբէթին վրայ ձեռամբ Արտակ Վրդ. Արապեանի եւ Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի, ներկայութեամբ Ղնէմիէ Գիւղի հայ բնակչութեան:

Ղնեմիէն եղած է հայաբնակ գիւղ։ Ղնեմիէի հայ առաքելական Ս․Գէորգ եկեղեցին կառուցուած է 1875ին Ղնեմիէի ժողովուրդին կողմէ։ Սակայն տեղացի ծերունիներու վկայութեան համաձայն, 1875ը նորոգութեան թուական կը համարուի, մինչ եկեղեցին մօտաւորապէս 300 տարուան հնութիւն եղած է։

1959ին, օրուան առաջնորդ Ղեւոնդ Արք․Չէպէեանի նախաձեռնութեամբ ծրագրուած է կիսաքանդ եկեղեցւոյ հիմնական կառուցումը։ Պաշտօնական հիմնարկէքը կատարուած է 9 Օգոստոս 1959ին, իսկ նորաշէն եկեղեցւոյ օծումը՝ 31 Յուլիս 1960ին, ձեռամբ Ղեւոնդ Արք․ Չէպէեանի։ 1997ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ․Առաջնորդութեան կողմէ վերանորոգուած է եկեղեցւոյ գմբէթը։

1985ին շրջափակին մէջ կառուցուած է Ս․Գէորգ եկեղեցւոյ սրահը։

Տեղին է յիշել, որ նախքան սուրիական պատերազմը Ղնեմիէ գեղատեսիլ գիւղին մէջ սուրիահայ միութիւններ իրենց տարեկան ճամբարներն ու արշաւները կը կազմակերպէին։ Իսկ ամէն տարի Ս․ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին հանդիպակաց Կիրակին ուխտագնացութիւն կը կազմակերպուէր դէպի Ղնեմիէի Ս․ Գէորգ եկեղեցի։

Սուրիական տագնապին առաջին տարիներուն, գիւղը գրաւուեցաւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ, որուն հետեւանքով բնակչութիւնը տեղահանուեցաւ, իսկ եկեղեցին սրբապղծուեցաւ։

Գիւղի սուրիական բանակին կողմէ ազատագրումէն ետք, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը Լաթաքիոյ մէջ օծեց եկեղեցւոյ Ս. խաչը։

Այժմ եկեղեցին գտած է իր նախկին տեսքը, իսկ բնակչութիւնը վերադառնալով լծուած է գիւղի վերականգնումի աշխատանքներուն։