Ճիմ Գարիճիանիսի Այցելութիւնը Արցախի Խորհրդարանի Նախագահին եւ Սփիւռքի Նախարարին


Վերջերս Թորոնթոյի քաղաքային խորհուրդի անդամ եւ գանատայի խորհրդարանի նախկին անդամ Ճիմ Գարիճիանիս այցելեց Արցախ եւ Հայաստան։ Ան Որպէս դիտորդ հետեւեցաւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին։

Փետրուար 21ին, խումբ մը միջազգային դիտորդներու հետ միասին, Գարիճիանիս հանդիպում ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ԱՄՆի եւ Գանատայի մօտ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը: Խորհրդարանի նախագահը, ողջունելով հիւրերը, կարեւորեց Արցախի մէջ կատարած անոնց աշխատանքը: Շնորհաւորելով Արցախի ժողովուրդին հանրաքուէի իրագործման հարցով՝ Գանատայի խորհրադարանի նախկին անդամ Ճիմ Գարիճիանիս նշեց, որ տպաւորուած է հանրաքուէով. «Արցախի հանրաքուէն իտէալական էր: Նախանձով ականատես եմ, որ այսքան շատ մարդ մասնակից է: Ես բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ դիտորդական առաքելութիւն կատարած եմ սակայն նման բան չեմ տեսած: Հանրաքուէին 75%էն աւելի մասնակցութիւնը ենթադրել կու տայ, որ ան լսելի կը դարձնէ ժողովուրդին ձայնը», յայտնեց Ճիմ Գարիճիանիս:

Փետրուար 23ին Ճ․ Գարիճիանիս հիւընկալուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ:

Ողջունելով հիւրը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց գանատացի քաղաքական գործիչին աշխոյժ դիրքորոշումը ազգային փոքրամասնութիւններու շահերու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի հիմնախնդրի լուծման ուղղութեամբ, կարեւոր նկատեց  վերջին տարիներուն իրականացուցած գնահատելի աշխատանքը: Նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Ես ուրախ եմ ձեզ ողջունել, տեղեակ եմ ձեր հայանպաստ գործունէութեան: Յոյները եւ հայերը մօտ են ազգային հոգեկերտուածքով, պատմութեամբ ու աւանդոյթներով»:

Ճիմ Գարիճիանիս շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, շեշտեց, որ սիրով եւ ոգեւորութեամբ կ´այցելէ Հայաստան: Ան նշեց. «Ասիկա իմ երկրորդ այցելութիւնս է Հայաստան, եղած եմ Արցախ եւ շատ տպաւորուած եմ այդ փոքրիկ երկրով ու անոր հերոսական ժողովուրդով: Ես իսկապէս կը հասկնամ եւ կը գնահատեմ  ձեզ, ծանօթ եմ ձեր ժողովուրդի պատմութեան: Եղած եմ Վան, Սասուն, Տիարպեքիր, շատ հանդիպումներ  ունեցած եմ հայերու հետ»:

Գարիճիանիս Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ ունեցած իր աւանդին համար 2014ին Հայաստանի մէջ պարգեւատրուած է «Մխիթար Գոշ» մետալով եւ Արցախի մէջ` «Ոսկի» մետալով: