Ճորճ Քլունի Կ՛աջակցի Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին «Խոստումը» Ֆիլմին


Ապրիլ 21ին տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «Խոստումը» ֆիլմի համաշխարհային առաջին ցուցադրութիւնը: Համաշխարհային աստղերը կը շարունակեն իրենց աջակցութիւնը յայտնել ֆիլմի գովազդային արշաւին: Այս անգամ երդուած է Ճորճ Քլունի: Դերասանը ձայնագրած է տեսաուղերձ, ուր կ՛ըսէ.

«Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է երդուի՝ պահել խոստումը` Ցեղասպանութեան դէմ պայքարելու, ուր որ ալ ըլլայ»։

Յիշեցնենք, որ ֆիլմին իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Ճէյ Լոն եւ Հայտի Քլումը, ինչպէս նաեւ` Էլթըն Ճոնը, Լէոնարտօ տի Քափրիոն, Սիլվեսթըր Սթալոնէն, Պարպարա Սթրէյզանտ, Անտրէ Աղասին, Ռայան Կոսլինկը, Թայրա Պենքսը, Քիմ Քարտաշեանը, Շերը: