Արայիկ Խանդոյեան Յուղարկաւորուեցաւ “Եռաբլուր”ի Մէջ


«Խոր կսկիծով կը յայտնեմ, որ մօտ մէկ ժամ առաջ մահացած է Արայիկ Խանդոյեանը՝ Միայնակ գայլը», դիմատետրի իր էջին վրայ, Հոկտեմբեր 9ի կէս գիշերէն ետք, գրեց «Սասնայ Ծռեր» կուսակցութեան համակարգող Վարուժան Աւետիսեան։ Մահուան պատճառը չի նշուիր։

Հոկտեմբեր 14ին Արայիկ Խանդոյեան զինուորական կարգով յուղարկաւորուեցաւ Երեւանի «Եռաբլուր» պանթէոնին մէջ:

Նոյն օրը Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ կայացած Եկեղեցական թաղման արարողութենէն ետք յուղարկաւորութեան թափօրը ոտքով շարժուեցաւ «Եռաբլուր»: Յուղարկաւորութեան ներկայ էին Արայիկ Խանդոյանի հարազատները, մարտական ընկերները, «Սասնայ ծռեր» կուսկացութեան անդամներ եւ հարիւրաւոր քաղաքացիներ: 

Արայիկ Խանդոյեան ծնած է 1971 թուականի Ապրիլ 19ին, Արագածոտնի մարզի Վերին Սասունիկ գիւղին մէջ: Արցախեան պատերազմի մասնակից է, ազատամարտիկ:

Խանդոյեանի կերպարը արցախեան ազատամարտի յայտնի խորհրդանիշներէն է։ 17 տարեկանին՝ արցախեան շարժման սկզբնական շրջանին՝ Ծաղկահովիտ գիւղի մօտակայքը տեղակայուած Խորհրդային բանակի ռազմակայանէն զէնք եւ զինամթերք կը հայթայթէր հայկական կամաւորական ջոկատներուն տրամադրելու նպատակով։ 1989ին կը զօրակոչուի Խորհրդային բանակ, սակայն 1990ին արձակուրդ կ՝առնէ եւ այլեւս չի վերադառնար։ Կը մեկնի Արցախ եւ կը միանայ հայկական կամաւորական ջոկատներուն։ 1994ի հրադադարէն ետք՝ իր երկու եղբայրներուն հետ միասին՝ ծառայութիւնը կը շարունակէ Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ։

«Արցախն իմ ամէն ինչն է, Արցախն իմ էութիւնն է, Արցախով ապրում և շնչում եմ», հարցազրույցի մը ժամանակ ըսած է ան:

Միայնակ Գայլը հանրութեան աւելի յայտնի դարձաւ «Սասնայ ծռեր» խմբաւորման գործողութենէն ետք: 2016 թուականի Յուլիս 17ին զինեալ խումբի անդամները գրաւեցին ՊՊԾ գունդը: Անոնք պահանջեցին Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը, քաղբանտարկեալներու ազատ արձակումը:

Քանի մը շաբաթ ետք «Սասնայ ծռեր»ը վար դրաւ զէնքերը եւ յանձուեցաւ:

Խանդոյեան բանտին մէջ կը պահուէր անմարդկային պայմաններու մէջ: Անոր պաշտպանը յայտարարեց, որ Խանդոյեան դաժան ծեծի ու խոշտանգումներու ենթարկուած է անենաանմարդկային ձեւով։ Բանտին մէջ եղած ատեն Խանդոյեան հացադուլ յայտարարեց:

Պաշտպանը յայտարարեց, որ  Խանդոյան  առնուազն ուղեղի ցնցում ունի,  գլխու, երիկամներու շատ ցաւեր ունի, ոտքերուն վնասուածքներ կան:

ՊՊԾ գունդի գրաւման գործով ամբաստանեալ Արայիկ Խանդոյեան կալանքէն ազատ արձակուեցաւ 2018ի Օգոստոս 17-ին` պատգամաւորներու միջնորդութեամբ:

Արայիկ Խանդոյեան 47 տարեկան էր` հինգ զաւակներու հայր: