Մահացած է Արցախեան Պատերազմի Բուժքոյր-Ազատամարտիկ Մարգարիտ Թարանեանը


Մարգարիտ Թարանեան զինուորական հագուստով

«Արցախփրես»,- Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արշաւիր Ղարամեան կը տեղեկացնէ, որ մահացած է Արցախեան պատերազմի բուժքոյր-ազատամարտիկ Մարգարիտ Թարանեանը:

Մարգարիտ Թարանեան 1992-ին ընդգրկուած է «Արցախի Կանանց Ջոկատ»ին մէջ, մինչ այդ աշխատած է որպէս հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի, եղած է նաեւ Արցախի ՀՕՄ-ի ատենապետուհի։

Արցախեան պատերազմէն ետք պարգեւատրուած է «Մարտական Խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանով: Ան զինադադարէն ետք ալ շարունակած է ծառայել արցախեան բանակին, Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութեան կից «Կանանց Խորհուրդ»ի ղեկավար կազմին մէջ:

Ազատամարտիկ, զինուորական եւ ուսուցչուհի Մարգարիտ Թարանեան