Մահացած է Իգոր Մուրադեանը


Յունիս 17ին, Երեւանի մէջ, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք մահացած է Ղարաբաղեան շարժման հիմնադիրներէն, քաղաքագէտ Իգոր Մուրադեանը:

Ան կը բուժուէր Միացեալ Նահանգներու հիւնդանոցներէն մէկուն մէջ, վերադարձած էր օրերս:

Իգոր Մուրադեան Ծնած է 1957ի Ապրիլ 29ին, Օտեսա (Ուքրանիա)։ Մեծցած է Պաքուի մէջ։

Նախաձեռնած է «Ղարաբաղ» կոմիտէի ստեղծումը: 1988 թուականի Մայիսին ձգած է Կոմիտէի կառավարման գործը:

1990-1995 թուականներուն` Գերագոյն Խորհուրդի պատգամաւոր, ԳԽ Պաշտպանութեան եւ ներքին գործերու մշտական յանձնաժողովի անդամ:

Աշխարհաքաղաքականութեան եւ աշխարհատնտեսութեան վերաբերեալ յօդուածներու հեղինակ է։ Գրած է 1200 յօդուած և 16 գիրք։