Մահացած է Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան Հիմնադիր Նախագահ Կարօ Քեպապճեան


“Արեւելք”,-  Հայ Սեւ Գօտիներու միութեան հիմնադիր նախագահ, Լիբանանի, Հայաստանի  եւ Արցախի մէջ քաջածանօթ անուն հանդիսացող, Քոնկ-Ֆույի մեծ վարպետ, լիբանանահայ համայնքի ազգային կեանքի մասնակից, Արցախի Հանրապետութեան Քոնկ ֆու-ի հիմնադիր, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան ոչ եւս է։

Նշենք, որ Մասթըր Կարոյի առողջական վիճակը վերջին օրերուն կտրուկ կերպով վատթարացած էր «Քորոնա» ժահրին հետեւանքով։

Երկար տարիներ նուիրումի եւ ազգային առաքելութեան հաւատացող Կարօ Քէպապճեան եղած է դաստիարակ հարիւրաւոր երիտասարդներու։

«Առողջ մարմին, ազնիւ հոգի, արթուն միտք» նշանաբանի կրող հանդիսացող Մասթըր Կարոն պիտի յիշուի սերունդներու կողմէ, իսկ Շուշիի բերդաքաղաքի մէջ անոր թողած աւանդը անպայմանօրէն ոսկեայ տառերով պիտի գրուի այն հոգիներուն մէջ, որոնք պայծառ օր մը դարձեալ պիտի ազատագրեն հերոսներու բոյն Շուշին։