Մահացած է Քրիս Քորնելը` «Խոստումը» Ֆիլմի Soundtrackի Հեղինակը


Մահացած է ամերիկացի յայտնի ձայներգիչ, այլընտրանքային եւ hardrockի աստղ, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «Խոստումը» ֆիլմի soundtrackի հեղինակ Քրիս Քորնել:

Երաժիշտին ներկայացուցիչ Պրայըն Պամպըրին յայտարարած է, որ անոր մահը անսպասելի էր: Ըստ անոր, Քորնել վախճանած է Տիթրոյիթի մէջ, ուր Soundgarden խումբը Մայիս 17ին համերգ տուած է:  52ամեայ երաժիշտին մահուան պատճառները յայտնի չեն:

Կը նշուի, որ հարազատները ցնցուած են եւ կը խնդրեն լրատուամիջոցներէն ձեռնպահ մնալ իրենց անձնական կեանքին միջամտելէն:

Ապրիլին Քորնել ներկայ եղած է «Խոստում»ի անդրանիկ ցուցադրութեան Վատիկանի մէջ: