Մահացաւ Հայ Ժողովուրդի Բարեկամ Ռապըրթ Մորկընթաու


Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը կը տեղեկացնէ, որ Յուլիս 21-ին մահացած է Ամերիկացի յայտնի իրաւաբան, հայ ժողովուրդի բարեկամ, Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի (1913-1916) թոռնիկը՝ 99 տարեկան Ռապըրթ Մորկընթաու:

Ռապըրթ Մորկընթաու միշտ պայքարած էր Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար եւ կոչ ըրած իր երկրի կառավարութեան, որ անյապաղ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

«Իրենց ամբողջ պատմութեան ընթացքին հայերը մեծ խիզախութիւն ցուցաբերած են բռնագրաւողներու տիրապետութեան դէմ դնելով, ինչպէս՝ Զէյթունի, Վանի եւ անշուշտ Մուսա Լերան մէջ: Նշեալներէն իւրաքանչիւրը կ՛արտայայէ հպարտ ժողովուրդի մը վճռականութիւնը, որ հոգիով աննուաճելի էր, եւ պատրաստ չէր հրաժարելու իր հաւատքէն կամ ինքնութենէն: Սակայն ամէն անգամ օսմանցի ղեկավարները պատասխանած են ճնշող ուժով, ուժ, որ վերածուեցաւ համատարած ցեղասպանութեան», իր ելոյթներէն մէկուն ընթացքին ըսած էր Մորկընթաու կրտսերը: