Մահ եւ Յուղարկաւորութիւն` Վաստակաշատ Կրթական Մշակ Ողբ. Անդրանիկ Չիլինկիրեանի


Հանգուցեալ Անդրանիկ Չիլինկիրեան

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Գործն է անմահ, լա’ւ իմացէք,

Որ խօսւում է դարեդար,

Երնէ’կ նրան որ իր գործով

Կ’ապրի անվերջ, անդադար:

Յովհաննէս Թումանեան

Սրտի խոր կսկիծով տեղեկացանք Թորոնթոյի հայ համայնքային կեանքէն ներս տասնամեակներ շարունակ նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք․ Եկեղեցւոյ Նուիրեալ եւ հաւատաւոր զաւակ, Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգ. Շաբաթօրեայ վարժարանի երկարամեայ վաստակաշատ պատուոյ ուսուցիչ, ՀԲԸՄի Թորոնթոյի մասնաճիւղի գործօն անդամ, ազգային գործիչ Ողբ. Անդրանիկ Չիլինկիրեանի անժամանակ մահուան լուրը, որ պատահեցաւ 27 Յունուար 2022-ին, եւ ցաւ պատճառեց ընտանիքին, հարազատներուն եւ բարեկամներու լայն շրջանակին:

Ազնիւ ու համեստ բնաւորութեան տէր, սերունդներու դաստիարակ, ազգասէր ու հայրենասէր անձ մըն էր հանգուցեալ Անդրանիկ Չիլինկիրեան:

Ան ծնած էր 25 Օգոստոս 1945-ին, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը։ Զաքր եւ Մարի Չիլինկիրեաններու վեց զաւակներէն հինգերորդն էր, ունէր 2 քոյր եւ 3 եղբայրներ։ Իր աշխատասիրութիւնը ժառանգած էր իր հօրմէն, իսկ հաւատքը՝ մօրմէն։ Նախնական կրթութիւնը ստացած էր ՀԲԸՄ Լազար Նաճարեան վարժարանէն, ընտանեօք տեղափոխուելով Լիբանան երկրորդական ուսումը կը ստանայ ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն ներս, ապա կը յաճախէ Լիբանանի պետական համալսարանը մասնագիտանալով պատմութեան ճիւղին մէջ, սակայն ուսուցչութիւնը միշտ գրաւած է զինք, աւելի քան 50 տարիներ զայն ասպարէզ դարձուցած է՝ դասաւանդելով մայրենի լեզուն, գիրն ու գրականութիւնը։

1978-ին հաստատուած է Թորոնթօ, փոքր տարիքէն անդամակցած է ՀԲԸՄին եւ երկար տարիներ ծառայած եւ արժանացած «Պատուոյ Անդամ»ի վկայագրին: Թորոնթօ հաստատուիլը նախախնամութիւն եղաւ, այդ շրջանին կը սաղմնաւորուէր «Ալեք Մանուկեան Մշակութային Կեդրոնի ծրագիրը, որուն իրականացման աշխատանքներուն մաս ու բաժին դարձաւ եւ եղաւ Միութեան վարիչ քարտուղարը, իր տեսլականին հաւատացողներու խումբով հիմը դրուեցաւ ՀԲԸ Միութեան Ամէնօրեայ վարժարանին, եղաւ հիմնադիր տնօրէնը եւ ուսուցիչը:

2 Յունիս 1996-ին, այդ օրերու թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ձեռամբ ստացաւ Գարեգին Ա. հոգելոյս Կաթողիկոսի Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակն ու «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանը, արժանացած է նաեւ բազմաթիւ յուշատախտակներու: 1999-ի ամրան իրականացաւ իր երազը․ առաջին անգամ ըլլալով Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգ. Շաբաթօրեայ վարժարանի շրջանաւարտ աշակերտները առաջնորդեց մայր հայրենիք եւ այդ աւանդութիւնը կը շարունակուի մինչեւ օրս:

Ողբացեալի յաւերժաերթը ամբողջացած պիտի չըլլար, եթէ վերջին անգամ ըլլալով կանգ չառնէր իր սիրած ու պաշտած «Ալեք Մանուկեան» Կեդրոնին առջեւ:

Հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 1 Փետրուար 2022-ին, առաւօտեան ժամը 11.00-ին, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ՝ ձեռամբ Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի եւ մասնակցութեամբ հովիւի օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանի, Միսիսոկայի Ս. Վարդան Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեանի, Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեանի:

Տ. Հայարի Քահանան ընթերցեց թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի ցաւակցական գիրը, Տ. Միւռոն քահանան ընթերցեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ցաւակցական գիրը, ուղարկուած էր նաեւ Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի, ողբ․ Անդրանիկի դասընկերներու կողմէ ցաւակցական գիր մը։ Յանուն ողբացեալի աշակերտներուն շնորհակալական կուռ խօսքերով ելոյթ ունեցաւ Տարօն Սրկ. Հալլաճեան: Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգ. Շաբաթօրեայ վարժարանի փոխտնօրէն Արա Տէր Յարութիւնեան ելոյթ ունեցաւ մխիթարական խօսքերով, ինչպէս նաեւ Տ. Զարեհ Ա. Քահանան ելոյթ ունեցաւ ցաւակցական խօսքերով:

Ընտանիքի անունով ելոյթ ունեցան Տիկ. Թալին Չիլինկիրեան եւ Տիկ. Շողիկ Տարագճեան-Չիլինկիրեան (ողբացեալի եղբօր հարսն ու դուստրը), որոնք յիշեցին անոր ապրած առաքինի եւ օգտաշատ կեանքի օրերը:

Ի յարգանս վաստակաշատ ուսուցիչին յիշատակին Անի Պապայեան մեներգեց «Սիրելի Ուսուցիչ» երգը եւ Արա Տէր Յարութիւնեան ու Բարշ. Տարօն Սրկ. Հալլաճեան արտասանեցին վարժարանի «Սահակ Մեսրոպեան» քայլերգը եւ կարգախօսներ:

Ապա հանգուցեալի մարմինը ամփոփուեցաւ «Եօրք» գերեզմանատան մէջ:

Անոր յիշատակը անթառամ պիտի մնայ բոլոր անոնց մօտ, որոնք զինք ճանչցան կամ հետը գործակցեցան:

Թող բարին Աստուած իր երկնային լոյսերու մէջ ընդունէ Անդրանիկ Չիլինկիրեանի հոգին եւ Ս. Հոգիով մխիթարէ Չիլինկիրեան ընտանիքը:

Սգակիր բարեկամդ

Մատաթ

Փետրուար 4, 2022 

————————————————

Անդրանիկ Չիլինկիրեանի Յիշատակին

Արա Տ.Յ.


Գործն է անմահ, լա՛ւ իմացէք,
Որ խօսւում է դարեդար,
Երնէ՜կ նըրան, որ իր գործով
Կ’ապրի անվերջ, անդադար։

Յիրաւի Պրն. Անդրանիկ Չիլինկիրեանը այդ երանելիներէն է։

Ս. Սահակ Ս. Մեսրոպ Ազգ. Շբթ․ Վարժարանի մեծ ընտանիքը այսօր յաւերժութեանը կը ճանապարհէ իր դպրոցի հաւատարիմ նուիրեալներէն սիրելի Պրն․ Անդրանիկը։

Բազմաթիւ են իր ներդրումները Թորոնթոհայ համայքի կրթական եւ մշակութային կեանքի տարբեր ասպարեզներու մէջ, սակայն ան, մեր բոլորի յուշերուն մէջ միշտ կը պատկերուի որպէս սիրուած ուսուցիչ «Պրն. Անդրանիկ»ը։

Լաւատեղեակ ըլլալով սփիւռքի մէջ հայերէնի իմացութեան եւ գործածութեան յոյժ կարեւորութիւնը ան Թորոնթօ հաստատուելուն առաջին իսկ օրերէն իր ամբողջ գիտելիքը եւ կարողութիւնը ներդրեց հայ աշակերտներ կրթելու մեծ գործին։

1978-էն սկսեալ, 38 տարիներ շարունակ ու անընդմէջ հազարաւոր աշակերտներու հոգիներուն մէջ սերմանեց հայրենասիրութեան ոգին։ Բազմաթիւ հայորդիներու ուղեկիցը դարձաւ շաբաթօրեայ դպրոցի շրջանաւարտներու ամէնամեայ Հայաստան այցելութիւններուն։

2016-ին, Պրն Անդրանիկը, իր բազմամեայ նուիրումի համար արժանացաւ Պատուակալ Ուսուցիչ վեհ կոչումին։

Հանգստի կոչուելէ վերջ եւս, Շաբաթօրեայ դպրոցը մնաց Պրն․ Անդրանիկի կեանքի անբաժանելի մասը։ Ան միշտ ուշադրութեամբ կը տեղեկանար դպրոցի անցուդարձին,  կ՚ուրախանար դպրոցի ձեռբերումներով ու յաջողութիւններով,  մասնակից կ՛ըլլար իր առաջարկներով ու խորհուրդներով, ու իր մշտական խրախուսական ու ոգեւորիչ արտայայտութիւններով ուժ ու եռանդ կը փոխանցէր դպրոցի անձնակազմին, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն։

Վերջին ժամանակաշրջանին Պրն․ Անդրանիկը մեծ ուրախութեամբ կը հետեւէր, նախկին իր այն աշակերտներուն, որոնք Հայաստանի մէջ լծուած են աշխատանքի եւ իրենց գիտելիքներով, իրենց մասնագիտական ներդրումը կը բերեն հայրենաշինութեան մեծ գործին։ Այդ երիտասարդներու գործունէութիւնը արդար վկան է այն ճշմարտութեան, որ Պրն․ Անդրանիկի եւ իր պէս նուիրեալ ուսուցիչներու ցանած սերմերը, այսօր կը ծլարձակեն Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի բարգաւաճմանն ու յառաջդիմութեանը ուղղուած աշխատանքներու ընդմէջէն։

Յարգանք իր վաստակին։

Պրն Անդրանիկը մեր բոլորի յուշերուն մէջ կը մնայ իր սիրալիր բնաւորութեամբ ու իր մշտաժպիտ դէմքով։

«…… ի՛նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՛կ, ա՛յն մնաց.
Ինչ որ գնաց ուրիշին` վերադարձաւ անուշցած
Ու զօրացած` հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան.
Ինչ որ տարաւ Սէրն ինծմէ` չկորսնցուց զայն Աստուած,
Տուաւ ինձ ետ ու ըրաւ կեանքս անով միշտ բուրեան…»:

Վահան Թէքէեան