Մայիսեան Եռատօն. Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ Մայիս 9-ը Յաղթանակի Տօն է


“Արմենփրես”,- Մայիս 9-ին Հայ ժողովուրդը կը տօնէ եռատօնը` Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակը, Շուշիի ազատագրութեան եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստեղծման տարեդարձը: Հայաստանի ու Արցախի մէջ Մայիս 9-ին տեղի կ՛ունենան շարք մը միջոցառումներ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու ինչպէս յաղթանակները կերտած ու անմահացած հայորդիներու յիշատակին, այնպէս ալ այն մարդոց, որոնք կ՛ապրին մեր կողքին ու աճող սերունդին քաջութեան ու սխրանքի դասեր կու տան:

Ուղիղ 27 տարի առաջ Մայիս 9-ի առաւօտեան հայկական ջոկատները յաջողութեամբ աւարտեցին «Հարսանիք լեռներում» գործողութիւնը եւ ազատագրեցին հրաշագեղ Շուշին: Շուշիի ազատագրումն բեկումնային դարձաւ ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին եւ նախանշեց յետագայ յաղթանակներու ուղին։

Ազատագրական գործողութիւնները իրականացուեցան 4 ուղղութեամբ միաժամանակեայ յարձակումներով: Մայիս  8-ի գիշերը` ժամը 2.30-ին` Քիրսի ռազմական դիրքերը գրաւելէ եւ Լաչին-Շուշի ճանապարհը հսկողութեան տակ վերցնելէ ետք, հայկական զօրքը մտնաւ Շուշի, եւ մայիսեան հերթական լուսաբացին բերդաքաղաքի Ս․ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ աւերուած գմբէթին արդէն կը ծածանէր հայոց յաղթական եռագոյնը: Անիկա նորանկախ Հայաստանի պատմութեան ամենափառաւոր էջերէն մէկն է:

Շուշիի ազատագրութեան գործողութիւն կոչուեցաւ «Հարսանիք լեռներում», որովհետեւ այդ ժամանակ պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեան անիրագործելի կը համարէր Քոմանտոսի (Արկադի Տէր Թադեւոսեան) եւ Սամուէլ Բաբայեանի ներկայացուցած Շուշիի ազատագրման մարտական ծրագիրը, կը կարծէր, որ նման բան իրականացնելը դեռ շուտ է ու պէտք է ատոր լաւ պատրաստուիլ: Անոնք որոշած էին` Շուշին ազատագրելէ ետք լեռներու մէջ Վազգէն Սարգսեանի հարսանիքը կազմակերպել. այդպէս ալ ռազմական գործողութիւնը ստացաւ «Հարսանիք լեռներում» պայմանական անունը:

Մայիս 9-ին կը նշուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի ստեղծման տարեդարձը: ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակը պաշտօնապէս ստեղծուած է 1992-ի Մայիս 5-ին, որով միաւորուեցան դեռ 1990-ին գործող անջատ ինքնապաշտպանական ռազմական միաւորումները:

Նոյն օրը կը նշուի նաեւ Բ․ Համաշխարհային պատերազմի յաղթանակի օրը։ Ան յայտնի է որպէս հայրենական մեծ պատերազմ անունով։ Հայրենական պատերազմի տարբեր ռազմաճակատներու վրայ կռուած ու յաղթանակին մէջ իրենց աւանդը ունեցած են 600 հազար հայեր՝ Հայաստանէն եւ Խուրհրդային Միութեան տարածքէն: