Մայիսեան տօները «Յաղթանակ» Զբօսայգիին Մէջ Նշուեցան Զինուորական Քայլերթով


Նախագահ Արմէն Սարգսեան զինուորական քայլերթով ծաղիկներ կը զետեղէ “Հաղթանակ” Զբօսայգիի մէջ գտնուող Անյայտ զինուորի յուշահամալիրի անմար կրակին մօտ։

«Արմենփրես»,- Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակը եւ Շուշիի ազատագրութեան տարեդարձը Երեւանի «Յաղթանակ» զբօսայգիին մէջ նշուեցան զինուորական քայլերթով: Մայիս 9-ի առաւօտեան Յաղթանակի զբօսայգի եկան ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ն, Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան, կառավարութեան, խորհրդարանի անդամներ, հասարակական գործիչներ, վեթերաններ: Անոնք ծաղիկներ խոնարհեցին Անյայտ զինուորի յուշահամալիրի անմար կրակին մօտ` յարգանքի տուրք մատուցելով զոհուածներու յիշատակին:

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին շնորհաւորեց մայիսեան յաղթանակները` նշելով, որ անոնց մէջ իրենց դերակատարութիւնը ունեցած են ինչպէս բանակը, այնպէս ալ ժողովուրդները:

«Մեր յաղթանակներն առանձնայատուկ են, որովհետեւ անոնք մեր ազգային յաղթանակներն են: Եթէ 100 տարի ետ երթանք եւ անդրադառնանք Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Առաջին հանրապետութեան նախորդող յաղթանակներուն, ապա կը տեսնենք, որ անոնք ազգային յաղթանակներ են, որովհետեւ կը մարտնչէր ոչ միայն հայոց բանակը այլեւ ողջ ժողովուրդը: Ճիշդ նոյնն էր Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ: Հայաստանէն 300 հազար մարդ գնաց ռազմաճակատ, 600 հազար Խորհրդային միութենէն հայեր մեկնեցան, սակայն այդ յաղթանակին կը մասնակցէր ողջ հայ ժողովուրդը․․․», -ըսաւ նախագահ Սարգսեան:

Ան նկատել տուաւ, որ նոյնը եղաւ Արցախեան ազատամարտի, ապրիլեան պատերազմի ժամանակ: Վտանգի պահուն ամբողջ հայ ժողովուրդը համախմբուեցաւ` թիրախը դարձնելով յաղթանակը:  

Զինուորական քայլերթէն ետք աւանդոյթի համաձայն վեթերաններու համար կազմակերպուեցաւ նաեւ զինուորական վրանային ճաշ, որուն մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաները: