Մայիս 18-22՝ Արցախի Զօրակցական Շաբաթ


Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Մայիս 18-22-ն յայտարարած է «Արցախի Զօրակցական Շաբաթ»։ Նախաձեռնութիւնը պիտի ընթանայ առցանց, ընկերային ցանցերով:

Մայիս 18-էն 22, ամէն օր, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Արցախի նուիրուած յատուկ նիւթի շուրջ տեսերիզ մը պիտի հրատարակուի Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Facebook-ի էջին վրայ, հետեւեալ հերթականութեամբ՝

– Մայիս 18 – Արցախի Պատմութիւն, Սովետական Միութենէն Առաջ

– Մայիս 19 – Արցախի Ազատագրական Շարժում եւ Պատերազմ

– Մայիս 20 – Արցախի Խաղաղութեան գործընթաց եւ Բանակցութիւններ

– Մայիս 21 – Գանատա եւ Արցախ

– Մայիս 22 – Արցախի Պետականաշինութիւն

Տեսերիզներու կողքին նաեւ տեղի պիտի ունենան հարցազրոյցներ։ Հայ Դատի Յանձնախումբը պիտի փոխանցէ իր պաշտօնական պատգամը:

Կը քաջալերենք ընկերները, որ մօտէն հետեւին այս ծրագիրին, իւրաքանչիւր օրուան տեղադրումը տարածեն իրենց ընկերային ցանցերու միջոցով եւ իրենց դիմատետրի կիսադէմի նկարին վրայ աւելցնեն կցուած շրջանակը: