Մայրերու Օրուայ Խոհեր


Արմենուհի Գոլոլեան

Օրը Կիրակի է: Առաւօտ կանուխէն հեռաձայնը անդադար կը հնչէ: Ազգականներ ու բարեկամներ, հեռուէն եւ մօտէն, իրենց մաղթանքները կ’ընեն, ինչպէս նաեւ ես:

Բայց մթնոլորտը նոյնը չէ ինչպէս անցեալին: Թոռնիկներէս մէկը, բաւական չափաւոր բոյսը ձեռքին, դուռը կը բախէ. «Նէնէ, բա՛ց, ես եմ»: Հազիւ կը բանամ, բոյսը դրան առջեւ, ինքն ալ բաւական հեռու կայնած, օդին մէջէն համբոյր մը կը ղրկէ: «Նէնէ, կ’ուզեմ քեզի համբուրել», նոյնը ես կ’ըսեմ: Հազիւ քանի մը վայրկեան իրարմէ կարօտնիս կ’առնենք ու ապա կը մեկնի: Բոյսը ձեռքս տունս կը մտնեմ. շուարած եմ, խառն զգացում մը կը տանջէ զիս: Կը յուզուիմ, կ’ուրախանամ, մէջի բացիկը կը կարդամ, «Նէնէ, քեզի շատ կը սիրեմ», ու արդէն ինքզինքս նետած եմ բազկաթոռին վրայ: Յաջորդաբար, թոռնիկներէս յաջորդը կնոջը հետ կը հեռաձայնէ. «Նէնէ, երկու վայրկեան քեզի պիտի հանդիպինք»: «Եկէ՛ք, եկէ՛ք, անպայման կը սպասեմ»: Ձեռքերնին անուշիկ փունջ մը ծաղիկով ներս կը մտնեն: Երկու վայրկեանը բարեբախտաբար եղաւ 10 վայրկեան, իրարմէ մեր կարօտը առինք, օդին մէջ համբոյրներ ղրկեցինք ու այսքան: Նախապէս կարգադրուած յոյս մը կար մտքիս մէջ: Կէսօրէ ետք, կէս ժամուայ համար, պիտի այցելէինք թոռանս ու փեսայիս պարտէզը, ու չորս սերունդ լաւ ժամանակ անցնէինք: Ծոռիկներս իրենց գրութիւններով ու գծագրութիւններով դիմաւորեցին մեզ. թէեւ օդը ցուրտ էր, բայց մեր հոգիները տաք ու երջանիկ էին: Իրարմէ չկշտացանք, բայց պէտք էր որ հրաժեշտ տայինք:

Երկու ամիսէ աւելի, համաճարակի պատճառաւ առանձնացած, կաշկանդուած կեանք մը կ’ապրինք: Առանձնութեան մէջ մարդ արարածը աւելի կը խորանայ ու կը վերյիշէ անցեալի ընտանեկան ուրախ առիթները եւ երեխաներուն երջանկութիւնը: Աչքիս առջեւ կու գայ մեծ մայրս, միշտ սեւ հագուած, երիտասարդ տարիքին այրիացած եւ իր կեանքը քաջաբար շարունակած, իր միակ զաւկին ու ընտանիքին մնացած անդամներուն հոգածութեան նուիրուած: Երեք տարեկանէս ի վեր, կը յիշեմ մեծ մօրս անսահման քաջութեան տիպարը անթացուպ մը եղած կեանքիս ընթացքին, որուն վրայ կրցած եմ հենիլ եւ կարելիութեան չափով փոխանցնել ընտանիքիս յաջորդ սերունդներուն:

Յառաջացած տարիքիս բերմամբ, կ’ուզեմ գրութիւնս ուղղել նոր սերունդի մայրերուն եւ ինչո՞ւ չէ, հայրերուն, որ անոնք հետեւին մեր աննկուն մեծ մայրերուն եւ մայրերուն օրինակին, նշանաբան ունենալով ու գործադրելով կեանքի ընթացքին՝ քաջութիւն, լաւատեսութիւն, ընտանեկան սրբութիւն եւ նամանաւանդ՝ հաւատք ու ամենօրեայ աղօթք:

Մայիս 2020