Մայրիներու Նախերգանք


Թամար Տօնապետեան


Մայրիներու շուքին տակ,

Բարակ աղջիկ մը խանդոտ, կը վազվռտէ հերարձակ.

Նորափթիթ հոգւոյն մէջ՝

Կոկոններ վառ, դողդողուն

Ու երազնե՜ր փողփողուն։

 

Ծովուն կապոյտէն գինով՝

Կ՚օրօրուի սիրտը անյագ արծաթին մէջ ալիքի։

Երիցուկներ ափին մէջ՝

Թերթ առ թերթ շաղ կու տայ անվրդով,

Անուրջները հիւսելով։

 

Ապրի՜մ-չապրիմ, ապրի՜մ…

Կը սիրէ՜-չի սիրեր, կը սիրէ՜…

Կը խպնի ինքնիրեն. մինչ փոքրիկ քոյրը

Կակուղ թաթիկներով՝ իր չորս դին՝

Երիցուկներ կը ժողվէ հեշտագին։

 

Ժամանակի թաւալումին հետ՝

Կը սահին երկինք ու երկիր.

Գոգնոց, աւազ, խաղ ու երգ, պար ու գիր՝

Մերթ աչխփուկ, մերթ պահուըտուք մինչեւ լոյս

Մինչ երկնասլաց ղօղանջներ, արեւ ու յո՜յս։

 

Այժմ, յոգնած աչքերը փակ, ովկիաններ անդին՝

Խաժամուժի խօլութեան մէջ անմեկին

Իր մանկութեան հոգեհատոր յուշերը կը գգուէ.

Մինչ մայրիներու սօսափիւնը հոգւոյն մէջ կը յածի,

Կը բարձրանան կոկորդն ի վեր արծաթները ալիքի…։

 

Մայրիներու շուքին տակ, կոկոններ կան շողշողուն

Ու երազնե՜ր փողփողուն։